Երեքշաբթի, 5 Մայիս 2015 - Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու վերաբերեալ

 

 

Պէյրութ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու վերաբերեալ

 

Ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը ուրբաթ 1 մայիսին ուշ երեկոյեան վերադարձաւ  իր նստավայրը, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան,  Մեծ Եղեռնի նահատակներուն յիշատակի ոգեկոչման Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան կողմէ կատարուած ձեռնարկներու շրջագիծէն ներս՝ Մոսկուայի եւ Վինիովի մէջ նախագահելէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած հանդիսութիւններու։

Արդարեւ,  անկախ Հայոց  ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած համահայկական միջոցառումներէն, որոնք տեղի ունեցան Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ եւ որոնց մասնակցեցաւ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցին ու համայնքը իր բոլոր հաստատութիւններով՝ գլխաւորութեամբ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցան  Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ուրոյն ձեռնարկներ։ Ամբողջ տարուան վրայ երկարող այս ձեռնարկներուն գագաթնակէտը հանդիսացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած  քահանայապետական սուրբ Պատարագը, զոր ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ խնդրանքով  մատուցանեց  Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը անձամբ ապրիլի 12-ին, Վատիկանի «Սուրբ Պետրոս»ի տաճարին մէջ՝  վատիկանեան պատկան մարմիններուն եւ Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան ներկայացուցիչներուն համատեղ կազմակերպութեամբ եւ որուն ընթացքին հանդիսաւորապէս կատարուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումը ։ 

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ համապատարագումով, սուրբ Աւետարանին հայերէն ընթերցումով Մխիթարեան սարկաւագի մը կողմէն, հայ կաթողիկէ դպրեվանքերու նորընծաներու սպասաւորութեամբ,  հայ կաթողիկէ վարդապետի արարողապետութեամբ, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «Կռունկ» եւ Կիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբերու երգեցողութեամբ, Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետներուն մասնակցութեամբ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ներկայութեամբ մատուցուած այս աննախընթաց սուրբ Պատարագին ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ աշխարհին ուղղուած կոչը զգաստանալու,  այլեւս չլռելու, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ու դատապարտելու, ցնցեց մարդկութեան խիղճը։

Վատիկանի «Սուրբ Պետրոս»ի կամարներուն ներքեւ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նշումը, միաժամանակ հանդիսացաւ համայն հայութեան միասնական կամքը արտայայտելու պատմական առիթ մը՝ զոր հովանաւորեցին Ֆրանչիսկոս պապին պատարագը եւ սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին վարդապետ հռչակումը։

Այդ միասնականութիւնը իր արտայայտութիւնը գտաւ նաեւ սուրբ Պատարագէն ետք Հայ կաթողիկէ Alliance Armenienne կազմակերպութեան հրաւէրով տեղի ունեցած հանդիսաւոր ճաշով՝ որ  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, արտաքին գործոց եւ Սփիւռքի նախարարներուն, ինչպէս նաեւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողքին՝ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն շուրջ համախմբեց աշխարհասփիւռ Հայ կաթողիկէ թեմերէն Վատիկան ժամանած պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչները։

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան յանձնախումբին կողմէ մշակուած ծրագիրը, վերոնշեալ պատմական ձեռնարկներէն ետք, կը նախատեսէ նաեւ  վատիկանեան եւ լիբանանեան դրոշմաթուղթերու հրապարակումը, մեծակառոյց յուշակոթողի մը տեղադրումը եւ Ապրիլեան նահատակներուն անզուգական հռետոր երջանկայիշատակ գերապայծառ Սահակ եպիսկոպոս Կոգեանին  բոցաշունչ  ճառերը ամփոփող հատորը։

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնը՝ իբրեւ պատմական իրադարձութիւններ վերոնշեալ բոլոր ձեռնարկներուն մանրամասն նկարագրականները պիտի շարունակէ հրապարակել իր armeniancatholic.org կայքին վրայ։

 

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Կեդրոն

Հաղորդամիջոցներու գրասենեակ

 

ապրիլ 2015

 

  

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ