Անթիլիաս, Լիբանան
Երէկ՝ 24 նոյեմբեր 2011, երեկոյեան ժամը 6-ին, տեղի ունեցաւ քրիստոնէական լրատուութեան եւ մշակոյթի ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացումը Անթիլիասի մէջ, Լիբանան։ Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան լիբանանեան հոգեւոր եւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը ներկայացուց գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան։ Հանդիսութեան պաշտօնական խօսքերէն ետք յայտարարուեցաւ «GROACT» երիտասարդական միութեան ստեղծումը։
Ցուցահանդէսը կ'երկարի մինչեւ 4 դեկտեմբեր 2011, եւ կ'ընդգրկէ հոգեւոր, մշակութային եւ երիատասարդական զանազան ձեռնարկներ, անդրադառնալով յատկապէս երիտասարդներուն դիմագրաւած խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն (արտագաղթը, անգործութիւնը, բռնութիւնը...)։