Կիրակի, 28 Մարտ 2010 - Ծաղկազարդի Հայրապետական Պատգամ

Պէյրութ, Լիբանան 

Քառասնորդաց շրջանը վերջ գտաւ երէկ՝ Ղազարու յարութեան յիշատակով եւ վարագոյրը բանալով: Այսօր կը սկսինք Աւագ Շաբաթը,  որ տարուան ամենէն կարեւոր շաբաթն է, որովետեւ այս շաբթուան ընթացքին կատարուեցան մեր հաւատքի մեծագոյն խորհուրդները՝ մեր փրկագործութիւնը, Յիսուս Քրիստոսի մահուամբ եւ Յարութեամբ:

 

Այսօր կը յիշատակենք Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ, ուր բազմաթիւ ուխտաւորներ կային Զատիկը տօնելու համար։  Յիսուս իշու վրայ նստած, ոչ ձիու վրայ՝ նման զօրապետներու որ յաղթանակ կը մտնէին քաղաքը, այլ իշու վրայ որպէս նշան պարզութեան եւ խոնարհութեան։

Ժողովուրդը իր հագուստը փռած էր ճանապարհի վրայ Յիսուսին առջեւ, պոռալով՝ Ովսաննա, այսինքն փրկէ՛։ Անոնք կÿուզէին որ Յիսուս փրկէ զիրենք հռոմայեցիներու լուծէն։  

 

Մեզմէ ոմանք ալ պիտի փափաքէին որ Յիսուս իր թագաւորութիւնը հաստատէր երկրի վրայ, որպէսզի պաշտպանուած զգան։  Բայց Յիսուս չուզեց հերոս ըլլալ կամ թագաւոր, այլ ուզեց կատարել Աստուծոյ կամքը, այսինքն  հիմնել Աստուծոյ թագաւորութիւնը՝ սիրոյ վրայ ոչ ոյժի վրայ, հիմնել թագաւորութիւն մր բոլոր ժողովուրդներուն համար, որոցմէ առաջիններէն մին եղաւ Հայ ժողովուրդը, որ հաւատաց Ս. Աւետարանին եւ տուաւ Եկեղեցւոյ մեծ Հայրապետներ, բազմաթիւ նահատակներ եւ սուրբեր:

 

Ժողովուրդէն  ոմանք ըսին Փիլիպպոսին եւ Ադրէասին: «Կ՛ուզենք Յիսուսը տեսնել»։ Մեզմէ շատեր կը փափաքին օր մը Յիսուս տեսնել։ Բայց Յիսուսի պատասխանը աեւլի հեռու կÿերթայ. կÿըսէ. «եթէ ցորենի հատիկը հողին մէջ չիյնայ ու չմեռնի, առանձին կը մնայ, իսկ եթէ մեռնի շատ արդիւնք կու տայ»։ Այսինքն՝ Յիսուս ցորենի հատիկի նման պիտի մեռնի, բայց յարութիւն պիտի առնէ եւ փրկութեան պատճառ պիտի դառնայ բոլորին, ինչպէս եղաւ Հայ ժողովուրդին համար, երբ Աւետարանին խօսքը մտաւ մեր լեզուին մէջ, մեր պատմութեան մէջ եւ մեր մշակոյթին մէջ։ Այսպէս Յիսուսի Արքայութիւնը հասաւ մեզի։ Բայց Յիսուսի արքայութիւնը հասաւ խաչին միջոցաւ։

 

Խաչն ալ մեր բաժինը եղաւ դարերու ընթացքին՝ հալածանքներու,  նեղութիւներու եւ գաղթի միջոցաւ։ Մեր մեծ հայրերը եւ մեծ մայրերը  արքայութեան հասան Երկինքին։ Իբր փաստ՝ ունինք  Արքեպիստոպոս Իգնատիոս Մալոյեանին Երանելի հռչակումը 2001ին, Հայաստանի Քրիստոնէացման 1700-ամեակի առթիւ։ Երանելի կը նշանակէ որ երկինքն է, փառքին մէջ եւ բազմաթիւ նահատակներ իրեն  հետ, որոնք հիմա շարունակ կերպով Աստուած կը տեսնեն, դէմ առ դէմ։

 

Մենք Աստուծոյ Արքայութիւմը կրնանք վայելել հիմա։ Ինչպէ՞ս։ Ս. Հաղորդութեան միջոցաւ։ Երբ ճաշակենք Յիսուսի մարմինը եւ արիւնը։ Արդէօք Աստուծոյ Արքայութիւնը բոլորի՞ն կը տրուի։ Կը տրուի բոլոր անոնց որ կը հաւատան Յիսուսի յարութեան։ Բայց Յիսուսի թագաւորութիւնը հիմնուած չէ ոյժի վրայ, դրամի վրայ կամ կարեւոր դիրքի վրայ։ Եթէ այդպէս ըլլար, քիչեր զայն պիտի վայելէին: Աստուծոյ արքայութիւնը բոլորին կը տրուի, քանի սիրոյ վրայ հիմնուած է։ Ուստի,  սիրելով ընկերները, ներելով ուրիշներուն իրենց յանցանքները եւ բարիք ընելով, մենք Աստուծոյ Արքայութեան արդէն մաս կը կազմենք։ Չի բաւեր մկրտուած ըլլալ կամ հայ ըլլալ, այլ՝ պէտք է Յիսուսին նմանիլ, ինչպէս ըրին բոլոր անոնք որ հիմա Երկինք կը գտնուին ։ Պէտք է սորվիլ ներողամիտ ըլլալ, հեռանալ բամբասանքներէ, հեռանալ սուտ խօսելէ եւ խաբէութիւն ընելէ։ Հարկ է Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ պատուիրանները պահել, բոլորը պահել եւ ոչ մէկ հատ զանց առնել։ Եթէ մէկը սխալի, առիթ ունի խոստովանանքի միջոցաւ կրկին Աստուծոյ զաւակ դառնալու։

 

Այսպէս ապրողը ոյժ կÿունենայ ներելու, տալու առանց հաշիւի, օգնելու կարիքաւորներուն, աղօթել բոլորին համար, բայց մանաւանդ՝ տարածել Յիսուսի սէրը եւ բարեգթութիւնը, ինչպէս կընեն բոլոր համոզուած քրիստոնեաները։ Այս ձեւով, աւելի խաղաղութիւն պիտի տիրէ մեր ընտանիքներուն մէջ, մեր ժողովրդապետութեան  մէջ եւ մեր սրահին մէջ։

 

Իսկ ով որ կուզէ առանձին ապրիլ, իր անձին շահը միայն փնտռել, կը նմանի այն մարդուն որ ինքզինք միայն կը սիրէ։ Անոր մասին Ս. Աւետարանը կÿըսէ. «Ով որ կը սիրէ իր անձը պիտի կորսնցնէ զայն եւ ով որ կատէ ին անձը այս աշխարհին մէջ, պիտի պահէ զայն» (Յով 12 25)։ Այս խօսքը կը նշաշակէ թէ ով որ կÿուզէ ապրիլ ինքնիրեն համար միայն, հաւաքել իր անձին համար միայն, շահագործել բոլոր առիթները իրեն համար միայն, անիկա պիտի կորսնցնէ իր կեանքը։ Այսինքն՝ անոր կեանքը պիտի դառնայ չոր, պաղ եւ անիմաստ, եւ առաջին դժուարութեան առջեւ՝ պիտի յուսալքուի: Անձնուիրումով միայն մեր կեանքը իր  իմաստը կը ստանայ. ուրիշները ուրախացնելով դուն կ՛ուրախանաս, եւ կեանքդ աւելի կարեւորութիւն կը ստանայ, եթէ անշահախնդիր կերպով տրամադրես ուժերդ, ժամանակդ եւ դրամդ: Ինչո՞ւ համար: Որովհետեւ այսպէս՝ Յիսուսին աւելի պիտի նմանիս, որովհետեւ այս է իսկական սէրը:

 

Սէրը  լոկ  զգացում մը չէ: Սէրը կ՛արտայայտոուի տալով քու չափիդ համեմատ, ազատութեամբ տալով, նայելով յառաջ, նայելով Աստուծոյ եւ ընկերոջդ:

 

Սիրելիներս, դիւրին է ընդունիլ այս սկզբունքը:  Բայց չի բաւեր զայն ընդունիլ, պէտք է զայն ապրիլ ամենօրեայ կեանքին մէջ,  նոյնիսկ եթէ նեղութիւններ կամ խաչեր ներկայանան: Մենք գիտենք որ խաչէն ետք յարութիւն կայ, ուրախութիւն կայ: Հարազատ քրիստոնեաները այսպէս համոզուած են եւ այսպէս կապրին, ապառինելով ամէն օր Աստուծոյ հովանիին եւ շնորհքին:

 

Շատ անգամ մենք կը կառչինք մեր եսին եւ կը վախնանք զոհողութենէ: Բայց չկայ յաջողութիւն առանց զոհողութեան: Բոլոր հայրերը եւ մայրերը ուրախութեամբ կը զոհուին իրենց զաւակներուն համար, որովհետեւ կը սիրեն իրենց զաւակները: Այն ատենները որ զոհողութիւնները կ՛ընդունինք, անոնք կը դառնան կարեւոր ատեններ մեր կեանքին համար:

 

Կարեւորը՝ Աստուծոյ կամքը կատարելն է, որովհետեւ իր կամքը ճշմարտութիւն է եւ սէր: Առանց սիրոյ, կեանքը իմաստ չունի: Քու կեանքդ յաջող կ՛ըլլայ երբ Աստուծոյ կամքը կատարես: Միայն Աստուծոյ կարելի է վստահիլ: Յիսուս իր Հօրը վստահեցաւ, յարութիւն առաւ եւ մեր փրկութիւնը ապահովեց մեզի:

     

Սիրելիներ, մի մոռնաք այս կարեւոր խօսքը՝ «Ով որ կ՛ուզէ պահել իր կեանքը ինքնիրեն համար միայն, զայն պիտի կորսնցնէ, իսկ ով որ կը զոհէ իր կեանքը ամէն օր, նոյնիսկ փոքր ծառայութիւններ ընելով, այդ անձը իր կեանքը կ՛արժեւորէ եւ կը փրկէ»:

    

Այդպէս ըրաւ Աստուածամայրը եւ մեզի Փրկիչը տուաւ: Անոր բարեխօսութիւնը  եւ մայրական հովանաւորութիւնը խնդրե՛նք. Ամէն:

 

+ Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ