Չորեքշաբթի, 20 Ապրիլ 2011 - Նարեկացի երգչախումբի համերգը Հալէպի մէջ

 

Հալէպ

 

Բարձր հովանաւորութեամբ Հալէպի hայ երեք համայնքապետերու եւ ի յիշատակ խմբավար եւ սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ դպրապետ եւ երգահան պրն. Պօղոս Ապաճեանի մահուան երկրորդ տարելիցին, «Նարեկացի» երգչախումբը ներկայացուց, եւրոպական եւ հայկական երգեր։ Պրն. Պօղոս Ապաճեանի հիմնած երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ ղեկավարութեամբ`գերպ. հայր Եղիշէ վրդ. Ճէնճիի: Համերգին ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Լոյս» երգչախումբը ղեկավարութեամբ՝ հանգուցեալ պրն. Պօղոս Ապաճեանի կրտսեր որդին` Լեւոն Ապաճեանի

 

Համերգին ներկայ գտնուեցան արհի. տէր Պետրոս արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ քահանայապետական նուիրակ գերապայծառ Մարիօ Ծեննարին, հոգեշնորհ վարդապետներ եւ հոծ բազմութիւն մը Նոր Գիւղի հայ հաթողիկէ սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Օրիօրդ Մարալ Աբրիքեանի բացման խօսքէն ետք համերգի առաջին բաժինը ընդգրկեց Մոզարդի «Requiem KV 626»ը եւ Kholio Caccini «Ave Maria»ն: Ապա համերգի երկրորդ բաժինով պրն. Ապաճեանի որդին` Լեւոն Ապաճեանի կազմածԼոյս երգչախումբը իր ղեկավարութեամբ երգեցին ծոմապահութեան եւ կարգ չարչարանաց քրիստոնեայ այլազան համայնքներու ծիսակարգէն կտորներ: Կրկին անգամ եւ երրորդ բաժինով երգեցին «Ամէն Հայր Սուրբ», «Հոգի Աստուծոյ» եւ Ռահպանի եղբայրներէն «Ուըմէն»։ Համերգի ընթացքին իւրաքանչիւր երգի մատուցամն ծափողջոյններով քաջալերեցին խումբը:

Ելոյթներուն մեներգներով իրենց մասնակցութիւնը բերին Լուտմիրա Արապաթլեան, Շուշիկ Գազանճեան, Մհեր Մինասեան, Ռիատ Ճարմաք, Լեւոն Ապաճեան դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ տիկ. Նորա Սարգիսեան-Մարտինիի:

Շնորհաւորագրերու ընթերցումէ ետք հայր Եղիշէ վարդապետը իր սրտի խօսքը ըսաւ. «Այս մեծ համերգին աւարտին, պզտիկ խոստովանութիւն ունիմ, որ կուզեմ կատարել ձեր դիմացը. վարդապետներս ալ երբեմն կը խոստովանինք, որովհետեւ որոշ արժէքներ ունինք մեր կեանքին մէջ որոնց  համար կը վկայենք:

Առաջին արժէքը, որ իմ սիրտս կը մխիթարէ եւ կը լեցնէ երաժշտութիւնն է:

Շնորհակալութիւն կուզեմ յայտնել նախ եւ առաջ Աստուծոյ, որ այս բոլոր բարիքները պարգեւած է մեզմէ իւրաքանչիւրիս, ինծի եւ այս երգչախումբին:

Շնորհակալութիւն ալ կուզեմ յայտնել արհի. գերապայծառ տիրոջ, որ այս գեղեցիկ առիթն ալ ընծայեց մեզի, որ կարենանք երգել այս եկեղեցւոյ մէջ:

Շնորհակալութիւն ալ կը յայտնեմ տիկ. Լենա Ապաճեանին, որ ուզեց իր ամուսինին յիշատակին այսպիսի երեկոյ մը կազմակերպել, որպէսզի «Նարեկացի երգչախումբը» շարունակուի եւ գեղեցիկ ու բարձրորակ նոր համերգներ կազմակերպենք:

Շնորհակալութիւն նաեւ կուզեմ յայտնել տիկ. Նորա-ին, որ իր գեղեցիկ նուագակցութեամբ կրցաւ լաւագոյն ներդաշնակութիւնը գտնել երգչախումբին եւ երաժշտութեան միջեւ. Ինչպէս նաեւ տիար Յարութ Գազանճեանին, որ օգտակար դարձաւ մեր ելոյթին: Բայց ամէնէն կարեւոր շնորհակալութիւնը կուղղեմ այս գեղեցիկ երգչախումբի անդամներուն. եթէ կը շարունակենք որպէս նարեկացի երգչախումբ` այդ իրենց կը պարտինք: Մեծ շնորհակալութիւն ձեզի` որովհետեւ ամէն դժուարութիւն դիմագրաւելով այս աննախընթաց ելոյթը ի յիշատակ պր. Պօղոս Ապաճեանին կատարեցիք: Շնորհակալութիւն բոլորին»:

Իսկ համերգի աւարտին գերապայծառ տէրը փոխանցեց իր պատգամը.

«Մեր եկեղեցական բառամեթրքին մէջ` կըսենք. «արժան եւ իրաւ»:

Այսօր նոյն խօսքերը կը կրկնեմ այս հոյակերտ տաճարին սրբատաշ կամարներուն ներքեւ:

«Արժան եւ իրաւ», որ կը յիշուի մայեսթրօ Պօղոս Ապաճեան իր մահուան երկրորդ տարելիցին առիթով: Հալէպի գաղութը երախտագիտութեամբ կը յիշէ անոր վաստակը:

«Արժան եւ իրաւ», որ «Նարեկացի» երգչախումբը կը վերակենդանանայ եւ կը շարունակէ իր երթը նոր խանդավառութեամբ եւ նոր շունչով:

«Արժան եւ իրաւ», որ «Նարեկացի» երգչախումբը ղեկավարելու հրաւիրուեցաւ հայր Եղիշէ վրդ. Ճէնճին, որ իր երաժշտական ձիրքերով եւ շնորհալի ներկայութեամբ պիտի բանայ նոր հորիզոններ եւ պիտի առաջնորդէ բոլոր անդամները դէպի յառաջ:

«Արժան եւ իրաւ», որ Լեւոն Ապաճեան ընթանայ իր հօր շաւիղէն եւ ղեկավարէԼոյս երգչախումբը եկեղեցական միջ միութենական հոգիով:

Բարի վերադարձ եւ բարի երթ դէպի լուսաշող ապագան»:

Իր կարգին քահանայապետական նուիրակ գերապայծառ Մարիօ Ծեննարի փոխանցեց հետեւեալ խօսքը. «Թէեւ չեմ հասկնար ոչ հայերէն եւ ոչ արաբերէն, սակայն այսօր ամէն ինչ իմացայ որովհետեւ երաժշտութիւնը միջազգային լեզու է եւ հոգին կը ներթափանցէ ու Աստուծոյ կը մօտեցնէ:

Ձեզի կը փոխանցեմ սրբազան քահանայապետին առաքելական օրհնութիւնը եւ ձեզի կը մաղթեմ նորանոր յաջողութիւններ»:

Վերջաւորութեան արհի. տէր. Պետրոս արք. Միրիաթեան առի գնահատանք մայեսթրօ հայր Եղիշէ վրդ. Ճէնճիի յուշանուէր մը յանձնեց Կոմիտաս վարդապետի տախտակէ կիսանդրին: Ապա «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ «Նարեկացի» եւ «Լոյս» երգչախումբերու ելոյթները:

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ