Շաբաթ, 4 Յունիս 2011 - Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած Պետական Յանձնախումբի անդրանիկ նիստը


Երեւան

Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող Պետական Յանձնախումբի անդրանիկ նիստը` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի: Այս ժողովին ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ ներկայացուց արհի. տէր Պետրոս արք. Միրիաթեանը՝ առաջնորդ հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքին:

Հանրապետութեան նախագահը նիստի մասնակիցներուն տեղեկացուց, որ յանձնախումբը ընդլայնած է իր կազմը` ընդգրկելով նաեւ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հաստատութեան տնօրէններու խորհուրդի տեսուչ, Մեծն Բրիտանիոյ, Իրլանտայի եւ հայկական համայնքներու բաժանմունքի ղեկավար Մարտին Եսայեանը եւ Հայ Օգնութեան Միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեանը:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան նախ ողջունեց ներկաներուն մասնակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող Պետական Յանձնախումբի անդրանիկ նիստին: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որոնք ընդունեցին յանձնախումբին մաս կազմելու իր առաջարկը, եւ յատկապէս անոնց, որոնք յատուկ այս անդրանիկ նիստին մասնակցելու համար ժամանեցին Հայաստան: Նախագահը մասնաւորապէս ըսաւ. «Այլ բան չէի ակնկալեր, քանի որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը մարդկութեան դէմ գործուած այդ յանցագործութենէն 96 տարի անց տակաւին բաց է բոլորիս` իւրաքանչիւր հայու համար: Բաց է, քանի որ կարելի չէ ընկալել եւ հասկնալ պետութեան մը կողմէ իր քաղաքացիներուն նկատմամբ ծրագրուած եւ իրականացուած բնաջնջման քաղաքականութիւնը: Բաց է, քանի որ հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրագործուած ոճիրին հետեւանքները մինչեւ այսօր չեն վերացուած` հակառակ իննուկէս տասնամեակներուն: Բաց է, քանի որ այսօր կան Մեծ Եղեռնը իրականացնողներու ուրացող հետեւորդներ, որոնք ջանք եւ եռանդ չեն խնայեր հայոց պատմութեան այս սեւ էջը խեղաթիւրելու համար: Բաց է, քանի որ Մեծ Եղեռնը ուրացողները մեր ողբերգութիւնը կը դիտեն իբրեւ զուտ միջազգային քաղաքականութեան մէջ իրենց համար անյարմարութիւններ ստեղծող երեւոյթ եւ չեն ընկալեր իրենց ապաշխարանքով հատուցելու անհրաժեշտութիւնը»: Ըստ նախագահ Սարգսեանի, հայերը խաղաղ ժողովուրդ են, անոնք պատրաստ են իբրեւ հաւասարը հաւասարի հետ, արժանապատուութեամբ խօսելու, քննարկելու եւ համագործակցելու բոլորին, ներառեալ`  իրենց դրացիներուն հետ:

Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ անկախ ամէն բանէ, «մենք երբեք պիտի չհանդուրժենք  Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը եւ Անարգանքը Անմեղ Նահատակներու Յիշատակին Նկատմամբ»:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ