Երկուշաբթի, 28 Մայիս 2007 - Զմմառու մէջ Գինեձօն Ալիքթաա ուալ Ատիար Գիրքին

 

Զմմառ, Լիբանան

 
Ուրբաթ 25 Մայիս 2007 երեկոյեան ժամը  7:30ին  , Զմմառու Վանքին բակին մէջ տեղի ունեցաւ գինեձօնը (Ալ իքթաա ուալ Ատիար) գիրքին, որուն հեղինակն է Ժըրժի Պասիլ, Քէսէրուանի
 
Ղոստա գիւղէն:

Բացման խօսքն ու երեկոյին ներկայացումը կատարեց դոկտ. Շարլ Րըզքալլա, քաղաքական պատմութեան մասնագէտ, ու ներկայացուց նախ Վանքիս Մեծաւոր Հայրը՝ գերապայծառ հայր Գէորգ ԹԾՎ Եղիայեան, որ բարի գալուստի խօսքը ուղղեց ներկաներուն, շեշտելով Վանքիս յարաբերութիւններուն վրայ անոր շրջանակին հետ: Ան նկատեց թէ Զմմառու Վանքը յատուկ տեղ գրաւած է Ժըրժի Պասիլի գիրքին մէջ:

Ապա իբրեւ գրախօսական, խօսք առին դոկտ. Ժան Շարաֆ, եւ դոկտ. Իսամ Խալիֆէ, երկուքն ալ դասախօսներ Լիբանաեան համալսարանին մէջ, որոնք գիտական քննարկումով թղթատեցին գիրքը հանրութեան առջեւ:

Անոնց յաջորդեց գիրքին հեղինակին բացատրական եւ շնորհակալական խօսքը:
 
Ապա Հայր Գէորգ Նորատունկեան բեմ հրաւիրեց մեծ ընծայարանի ժառանգաւորները, որոնք երգեցին թարգմանչաց շարականը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւնը:
 

Այս երեկոյին ներկայ էր դոկտ. Ֆարիտ Ալխազեն, Լիբանանի պետական երեսփոխան եւ ուսուցիչ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ:

Ներկայ էին նաեւ շրջանի քաղաքապետներ եւ զանազան միաբանութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Զմմառու միաբանութեան վարչութեան անդամներն ու վանական հայրերը:
Հանդէսը նկարեց հեռատեսիլի տեղական քրիստոնեայ Թէլէլիւմիէր կայանը:

 

 

 

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ