Պէյրութ
Լիբանանահայ յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերուն տրուած զեկուցական այցելութիւններու շրջագիծին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ տեսակցեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ 100 ամեակի պատրիարքական յանձնախումբի անդամներ «Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէն եւ տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ Սարգիս Նաճարեան:
Մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան զեկուցեց մարմինին կողմէ համակարգուող եւ նախաձեռնուող ձեռնարկներու եւ աշխատանքային ծրագիրին ընդհանուր նախագիծին մասին: Հոգեւոր Տէրը կատարելով որոշ մատնանշումներ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց յագեցած ծրագիրին եւ մաղթեց, որ գաղութը բաղկացնող բոլոր շրջանակները համախմբուին այս ծրագիրները իրականացնելու համար: