Կենսագրութիւն
Միքայէլ Պետրոս Գ. Գասպարեան
(1753-1780)

Հալէպցի: Նախորդին պէս նաեւ անդամ Անտոնեան Միաբանութեան: Հալածանքները իր արտաքին գործունէութիւնները սահմանափակելով, ան նուիրուեցաւ իր Աթոռին ներքին պայծառութեան: Իր օրով, Զմմառի վանքը տակաւին եկեղեցի չունէր: Մեծագոյն հանդիսութիւնները (ձեռնադրութիւն, եպիսկոպոսական ժողով, թաղում) տեղի կ՛ունենային Քրէյմի Ամենափրկչեան եկեղեցիին մէջ:

Ան յաջողեցաւ կանգնել վանական եկեղեցին (1761-1771), որուն աւելցուց ուրիշ կառուցումներ, այնպէս որ Pierre di Moretta միսիոնարը, 1776-ին, սքանչացած կը վկայէր, թէ Զմմառի վանքը «իր շրջակայ լեռներուն վրայ անվիճելիօրէն մեծագոյն կառոյցն էր»:
Միքայէլ Գ.ի օրով արդէն իսկ զգացուեցաւ Պատրիարքութեան Աթոռին Միաբաններ ունենալու պահանջքը: Արդարեւ՝ հայկական սովորութեամբ՝ ամէն Պատրիարքութիւն պէտք էր իր Աթոռին Միաբանները ունենար, որոնք կը կազմէին անոր շարժուն բանակը: Արծիւեան Պատրիարքը, որ հիմնած էր Անտոնեան Միաբանութիւնը, յուսացած էր զայն իր Աթոռին կապել: Սակայն Անտոնեանները որոշած էին Պատրիարքական Աթոռէն անկախ ըլլալ, նախընտրելով Աթոռին Պատրիարքներ տալ քան թէ անոնց պատկանիլ:



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ