Հինգշաբթի, 10 Օգոստոս 2006 - Հոգեւոր Պետերու Հանդիպում Կարդ. Էտուըրտ ՄքՔարրիքի Հետ
Ուաշինկթընի նախկին Արքեպիսկոպոս եւ Ամերիկեան Քարիթասի նախագահ Կարդինալ Էտուըրտ ՄքՔարրիք, որ Լիբանան ժամանած էր Չորեքշաբթի, 9 Օգոստոս 2006-ին եւ հանդիպումներ ունեցած Հանրապետութեան նախագահ Էմիլ Լահուտին, Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին եւ վարչապետ ֆուատ Սինիուրային հետ, Հինգշաբթի, 10 Օգոստոս 2006ին, կէսօրէն ետք, Պապական Նուիրակութեան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքապետերու եւ անոնց ներկայացուցինչներուն հետ: Հանդիպումին ներկայ եղան մասնաւորաբար Ամեն. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, Ամեն. Ապտըլ Ահատ Ասորի Կաթողիկէներու Պատրիարքը, Աւետարանական Եկեղեցւոյ Պետը, ինչպէս նաեւ Մարոնիթ, Յոյն Կաթողիկէ, Լատին, Ասորի Ուղղափառ համայնքապետերու ներկայացուցիչ Եպիսկոպոսներ:

Կարդինալ Մք Քարրի ըսաւ թէ Լիբանան եկած է յայտնելու համար Մ.Նահանգներու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կարեկցութիւնը եւ զօրակցութիւնը Լիբանանին եւ լիբանանցի ժողովուրդին: Ան հրաւիրեց հանդիպումին մասնակիցները պարզելու կացութիւնը բոլոր մարզերէն ներս եւ յայտնելու իրենց կարծիքը, որպէսզի իր կարգին զանոնք փոխանցէ առ որ անկ է:

Քահանայապետական նուիրակը՝ Լուիճի Կաթթի Արքեպիսկոպոսը տեղեկացուց որ Երեքշաբթի, Օգոստոսի 15-ին, լատինաց Վերափոխման Տօնին առիթով, հանդիսաւոր Սբ. Պատարագ պիտի մատուցուի Հարիսայի Պազիլիքային մէջ, Լիբանանի խաղաղութեան համար, ի ներկայութեան Սրբազան Քահանայապետի յատուկ ներկայացուցչին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ