Երեքշաբթի, 18 Մայիս 2010 - «սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» սկաուտախումբի ուխտագնացութիւնը դէպի Ժէզզին

Պէյրութ, Լիբանան

Կիրակի, 16 Մայիս 2010, Աշրաֆիէի «սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» սկաուտախումբը կազմակերպեց իր 5րդ շրջապտոյտ-ուխտագնացութիւնը դէպի Ժէզզին:

Սկիզբը այցելեցին Մաղտուշէ, ապա Ժէզզինի սուրբ Անտոն եկեղեցւոյ մէջ, սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատոյց Արժ. Տէր Կարապետ Քհն. Թադէոսեան, որմէ ետք մասնակցողները ուղղուեցան Ժէզզինի ճաշարանը, ուր հայկական տոհմիկ մթնոլորտի մէջ ճաշելէ ետք անցուցին ուրախ ժամեր: Ուխտագնացութեան վերջին հանգրուանը Մաշմուշէի սուրբ Աստուածածին վանքին ու թանգարանի այցելութիւնն էր:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ