Հինգշաբթի, 11 Մարտ 2010 - Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մնայուն եւ Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսները


Հռոմ, Իտալիա

 

Մնայուն սիւնհոդոսը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի օրը՝ 22 Փետրուարին, ուսումնասիրելու համար Պատրիարքութեան առընչուած հարցեր։ Ան բաղկացած է 4 եպիսկոպոսներէ, գլխաւորութեամբ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ։

 

Երեքշաբթի 23-էն մինչեւ շաբաթ 27 Փետրուար, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նախագահեց Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը, որուն մասնակցեցան 12 սիւնհոդոսական Հայրեր, որոնք կը ներկայացնեն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բոլոր թեմերը, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի եւ Ամմանի եքսարկութեան Առաջնորդը, Մխիթարեան միաբանութեան Աբբահայրը, Զմմառու վանքին մեծաւորը եւ Անարատ Յղութեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհին։ Այս ժողովները ընթացան դռնբաց ու դռնփակ նիստերով։

 

Սիւնհոդոսի բացումը տեղի ունեցաւ սուրբ Պատարագի արարողութեամբ, որուն մասնակցեցան սիւնհոդոսական Հայրերը, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ։

Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսի բացման նիստին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց հետեւեալ խօսքը։

 

«Սիրեցեալ Սիւնհոդոսական Հայրեր եւ պատուարժան հիւրեր։

Հայցելէ ետք սուրբ Հոգիին եօթնարփեայ տուրքերը, Ձեզ կողջունեմ եղբայրական սիրով եւ բաց կը հռչակեմ այս բացառիկ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը։

Ինչպէս ծանօթ է ձեզի, 19 Սեպտեմբեր 2009ին, Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան Քահանայապետը յայտարարեց յատուկ Սիւնհոդոս մը կազմել Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն համար, որ պիտի գումարուի Վատիկան, 10էն 24 Հոկտեմբեր 2010ին։

Առ այդ, Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսներու Ընդհանուր Քարտուղարութիւնը ժողովներ գումարեց մասնակցութեամբ Միջին Արեւելքի Պատրիարքներուն եւ Պարսկաստանի ու Թուրքիոյ համահաւաք Եպիսկոպոսաց դասի ատենապետներուն, ինչպէս նաեւ սուրբ Աթոռի քանի մը Ժողովներու նախագահներու եւ այլ պաշտօնեաներու, պատրաստելու համար սոյն Սիւնհոդոսի ուսումնասիրուելիք նիւթերը եւ որոշելու յարակից կազմակերպչական հարցերը։

Ասոր վրայ, երկու ժողով տեղի ունեցան Սեպտեմբեր եւ Նոյեմբեր ամիսներուն ընթացքին եւ հրատարակուեցաւ Լինէամենթա□ ուսումնասիրութիւնը, որ մանրամասնօրէն Սիւնհոդոսի հայող նիւթերը երեք գլուխներուն բաժնեց, առաւել նախաբան մը եւ վերջնաբան մը։ Ամէն բաժանմունքի վերջաւորութեան հարցարան մը դրուեցաւ։ Խնդրուեցաւ որ Արեւելեան Եկեղեցիներու Սիւնհոդոսներու եւ Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքութեան Եպիսկոպոսները ուսումնասիրեն ներկայացուած նիւթերը եւ հարցումներուն պատշաճ պատասխաններ տան, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ, պատասխաններու լոյսի տակ, պատրաստել Ինսթրումենթում լապորիս□ աշխատասիրութիւնը, որ ուղեցոյցը պիտի դառնայ սիւնհոդոսական նիստերու աշխատանքներուն։ Խնդրուեցաւ նաեւ հետաքրքրել թեմերուն բոլոր աշխատող ուժերը՝ կղերը, վանքերը, կրօնական հաստատութիւնները եւ հովուական բոլոր ուժերը, որպէսզի Կաթողիկէ եկեղեցիներուն բոլոր հատուածները իրենց մասնակցութիւնը բերեն։

Նախորդ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսներուն նման, այս անգամ եւս Սիւնհոդոսին պիտի մասնակցին սուրբ Աթոռի Ժողովներու նախագահները։ Պիտի հրաւիրուին ոչ Կաթողիկէ եղբայրներ եւ ոչ քրիստոնեայ ներկայացուցիչներ՝ մանաւանդ իսլամ եւ հրեայ կրօնքներէ, ինչպէս նաեւ մասնագէտներ եւ դէտեր։

Անցեալ Հոկտեմբերին, մեր Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին ժամանակ, որոշում առած էինք ներկայ Սիւնհոդոսը գումարել, ուսումնասիրելու համար Հռոմի Սիւնհոդոսի առաջարկուած նիւթերը եւ մեր մասնակցութիւնը բերել՝ պատասխանելով տրուած հարցումներուն եւ ի յայտ բերելով մեր Եկեղեցւոյ հրատապ հարցերն ու կարիքները։ Առ այդ, ձեզմէ ամէն մէկուն առաքեցի «Լինէամենթա»ի օրինակը։ Տեղեակ եմ որ կարմը թեմեր սկսած են կատարել նոյն աշխատանքը թեմական մակարդակով։

Հարցարանին պատասխանները պէտք է հասնին Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսի Ընդհանուր Քարտուղարութեան Զատկի տօնէն առաջ, որպէսզի ժամանակը ունենայ պատրաստելու «Ինսթրումենթում լապորիս»ի աշխատասիրութիւնը, որ սրբազան Քահանայապետը պիտի յանձնէ Պատրիարքներուն, Յունիսին սկիզբը, իր հովուական այցելութեան ընթացքին՝ Կիպրոս։     

Ինչպէս արդէն տեղեակ էք, սրբազան Հայրը ընդունեցաւ Արհիապատիւ Տէր Նշան Արքեպ. Գարաքէհէեանի հրաժարականը եւ միաժամանակ անուանեց Գերապատիւ Հայր Վահան Ծ. Վրդ. Օհանեան, Մխիթարեան Ուխտէ, որպէս Առաքելական Կառավարիչ «sede vacante et ad nutum Sanctae Sedis» հանգամանքով, Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու Առաջնորդութեան։ Առիթն է որ մեր շնորհաւորութիւնները յայտնենք նորանուանեալ Առաջնորդին, մաղթելով իրեն հովուական բեղուն առաքելութիւն։ Կուզեմ նաեւ ջերմ գնահատանքս արտայայտել Արհիապատիւ Հայր Նշան Արքեպ. Գարաքէհէեանին, որ երկար տարիներ անձնուրացութեամբ եւ անձնուիրումով հովուեց Արեւելեան Եւրոպայի Առաջնորդութիւնը, նախ իբր եպիսկոպոսական փոխանորդ եւ 2005էն սկսեալ՝ իբր Առաջնորդ։ Եթէ այսօր թեմական կառոյցներ կան Հայաստան, Վրաստան եւ Ռուսաստան, անոնք Գարաքէհէեան Գերապայծառին ջանքերուն կը պարտինք։ Յոյսս է որ ներկայ Առաջնորդը դեռ աւելի ճոխացնէ հովուական գործը անծայրածիր Արեւելեան Եւրոպայի Առաջնորդութեան տարածքին մէջ։

Ուրախութեամբ կաւետեմ ձեզի, որ անցեալ ամիսներուն Պատրիարքական Թեմը նորօծեալ երեք քահանաներով օժտուեցաւ՝ յանձին Տէր Ռաֆֆի քհնյ. Օհաննէսեանի՝ 19 Դեկտեմբեր 2009ին, որ անուանուեցաւ փոխ ժողովրդապետ Ս. Գրիոր Լուսաւորիչ Ս. Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցի, Հ. Սեպուհ Վրդ. Կարապետեանի՝ 10 Յունուար 2010ին, Զմմառեան միաբան, որ անուանուեցաւ փոխ ժողովրդապետ Ս. Փրկիչ Եկեղեցիին եւ Տէր Աւետիք Յովհաննէսեանի՝ 6 Փետրուար 2010ին,  որ իր մասնագիտական ուսումները պիտի շարունակէ Պէյրութ, կատարելով հանդերձ կարգ մը հովուական գործեր։ Օրացոյցի վրայ կան տակաւին ուրիշ երկու քահանայական ձեռնադրութիւններ՝ մին Գամիշլի, 19 Մարտին, յանձին Տէր Գէորգ Պահէի եւ միւսը Ամմանալ Յուլիսին, յանձին Տէր Ռաֆֆի Պէրպէրեանի, երկուքն ալ Զմմառեան միաբան։ Աստուծոյ հազար փա՜րք կու տամ, որ մեր աղօթքները լսեց եւ իր Եկեղեցին միշտ կը հոգայ յարուցանելով նորանոր առաքեալներ։ Սակայն, պէտք չէ դադրինք աղօթելէ հայցելով նոր կոչումներ, նկատի առած մեր բազմաթիւ հովուական կարիքները, մանաւանդ Հայաստան եւ Ռուսաստան։

8 Յունուար 2010 թուակիր եկակոչի նամակով Ձեզ հրաւիրեցի 23էն-26 Փետրուար՝ Հռոմ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին համար, որուն օրակարգին գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ Հռոմի Սիւնհոդոսին պատրաստութիւնը։ Եթէ ժամանակը ներէ, պիտի փափաքէի յատկացնել ատեն մը դռնփակ նիստերուն, կարմը հրատապ հարցեր ուսումնասիրելու համար, որոնց դուք ալ կրնաք ձեր առաջարկները ներկայացնել։

Սուրբ Կոյս Մարիամ, որուն պաշտպանութեան երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանը յանձնած է մեր Եկեղեցին, թո՛ղ մեզ առաջնորդէ մեր գործերուն մէջ եւ մեզ հովանաւորէ ներկայ կարեւոր հանգրուանին ընթացքին։ Բարի աշխատանք բոլորին»։  

 

Դռնբաց նիստերուն, ներկաները քննարկեցին Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու սիւնհոդոսին առաջարկուած նիւթերը եւ պատասխանեցին անոնց կցուած հարցարանին, նկատի ունենալով Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իրավիճակը եւ կարիքները։ Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու համար կազմակերպուած այս յատուկ սիւնհոդոսը տեղի պիտի ունենայ Վատիկան յառաջիկայ 10էն 24 Հոկտեմբեր 2010ին, Նորին Սրբութիւն Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ։

 

Իսկ դռնփակ նիստերուն, սիւնհոդոսական հայրերը անդրադարձան թեմերու կացութեան մասին՝ Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդութեան, Յունաստանի եւ Պարսկաստանի վիճակներուն։ Անոնք խորհրդածեցին նաեւ սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակելու նիւթին մասին։

Յիշենք, որ յաջորդ Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Հոկտեմբեր 2010-ին դարձեալ Հռոմի մէջ, Իտալիա։    

 

Սիւնհոդոսի նախօրեակին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այցելեց եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսներու քարտուղարութիւնը, ուր հանդիպում ունեցաւ Ընդհանուր Քարտուղար՝ Արքպս. Նիքոլա Էթէրովիչին հետ, որ Հոգեւոր Տիրոջ խնդրանքին ընդառաջելով ուղարկեց Հայր Պրոքար որպէս խորհրդական սիւնհոդոսական Հայրերուն։

Հոգեւոր Տէրը նախագահեց նաեւ Լեւոնեան վարժարանի եւ սուրբ Վլասի մատակարարական յանձնախումբերուն 27 Փետրուարին եւ 1 Մարտին։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ