Երկուշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2007 - "Երիտասարդական Համաշխարհային Օրուան" Նախապարաստական Հաւաք

 

 
Պէյրութ, Լիբանան

Ընդառաջելու համար Սրբազան Քահանայապետին՝ Պենետիկտոս 16-րդի փափաքին, որ կոչ ուղղած էր աշխարհի բոլոր երիտասարդներուն, ջերմօրէն մասնակցելու 2008-ի "Երիտասարդական Համաշխարհային Օրուան" (JMJ), հայ կաթողիկէ եկեղեցին իր առաջին հաւաքը կազմակերպեց 9 Նոյեմբեր 2008-ին, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն ներս:

Այս հաւաքը, որուն մասնակցեցան 22 ներկայացուցիչներ հայ կաթողիկէ երիտասարդական խումբերէ, ընթացաւ հետեւեալ ձեւով.

Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան՝ հոգեւոր վարիչ Լիբանանի թեմի երիտասարդական յանձնախումբին, աղօթքով մը սկսաւ հաւաքը ու ողջոյնի խօսք մը ուղղեց ներկաներուն, որմէ ետք, օր. Ժիւլիէթ Զուլիքեան ներկայացուց Երիտասարդական Համաշխարհային Օրը ու մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ մասնակցութեան պայմաններուն մասին:

Ապա, օր. Մարալ Աթեշեան ընթերցեց Սրբազան Քահանայապետին նամակը՝ ուղղուած երիտասարդներուն ու բացատրեց ներկաներուն Երիտասարդական Համաշխարհային Օրուան բնաբանը:

Հանդիպումին աւարտին, օր. Դալար Էլմաճեան բացատրեց ներկաներուն Երիտասարդական Համաշխարհային Օրուան  "լօկօ"-ին տարրերուն խորհրդանիշն ու նշանակութիւնը, ապա երիտասարդները ունկնդրեցին Երիտասարդական Համաշխարհային Օրուան երգը:

Հաւաքը փակուեցաւ հիւրասիրութեամբ մը:

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ