«Հաղորդակցութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, որպէս միջոց աւետարանացումի, երկխօսութեան եւ խաղաղութեան» տիտղոսով սեմինարի բացում Լիբանանի մէջ
Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Քահանայապետական Խորհուրդի կազմակերպութեամբ «Հաղորդակցութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, որպէս միջոց աւետարանացումի, երկխօսութեան եւ խաղաղութեան» տիտղոսով սեմինարին բացումը տեղի ունեցաւ այսօր Հարիսայի Պէյթ Աննայայի մէջ, Լիբանան: Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն համար գումարուելիք այս առաջին սեմինարը պիտի շարունակուի մինչեւ 20 ապրիլ։ Անոր նպատակն է օգնել խորհրդակցութեան եւ կազմաւորման նոր հեռանկարներու բացումին այս աշխարհագրական շրջանի Եկեղեցիներուն առջեւ, թուային դարաշրջանին եւ հաղորդամիջոցներու մարտահրաւէրներուն դիմաց:
Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին կողքին՝ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ այս սեմինարին պաշտօնապէս կը մասնակցին արհիապատիւ տէր Պետրոս արք. Միրիաթեան, հայր Ռաֆայէլ արք. Մինասեան, հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, տէր Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան եւ Երուսաղէմի ու Ամմանի առաջնորդ՝ գերապայծառ հայր Յովսէփ թ.ծ.վ. Քէլէկեան, ինչպէս նաեւ Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ տիար Րոպէր Աթթարեան:
Սեմինարի բացման արարողութեան, Լիբանանի ընկերային հաղորդամիջոցներու եպիսկոպոսական յանձնախումբի նախագահ՝ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը նշեց, թէ Միջին Արեւելքի ներկայ տուեալները՝ «արաբական գարուն»-ի նկատմամբ կը բաժնուին երկու հակասական (լաւատես ու յոռետես) տեսակէտներու, սակայն ան միաժամանակ շեշտեց որ Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար միակ ընտրանքն է կառչած մնալ հայրենեաց հողին եւ միանալ միւս քաղաքացիներուն, անոնց հետ գործելով ի սպաս ընդհանուր բարիքին։