Ուրբաթ, 19 Հոկտեմբեր 2012 - Լիբանանի մէջ Լատին Եկեղեցւոյ առաջնորդին եւ բարերար՝ Լուի Էբիկեանին այցելութիւնը Զմմառու վանք


Զմմառ

Հինգշաբթի 18 հոկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 5-ին, Զմմառու վանք այցելեցին Լատին Եկեղեցւոյ առաջնորդը Լիբանանի մէջ՝ գերպծ. Փօլ Տահտահ եւ Զմմառու վանքի բարերար՝ Տիար Լուի Էբիկեանը: Միաբանութեան ընդհանուր փոխանորդը եւ վարչական հայրերը ընդունեցին պատուոյ հիւրերը վանքի դահլիճին մէջ, եւ Զմմառու անուշ գինին համտեսելէ ետք հիւրերը հերթաբար այցելեցին Զմմառու եկեղեցին, թանգարանը, մատենադարանը եւ գինեմառանը:
 
Տիարք Ուիլիամ եւ Լուի Էբիկեան եղբայրները Զմմառու Վանքի մուտքի հրապարակին անկիւնը կանգնած «Յակոբ Մեղապարտ»ի յուշարձանին  մեկենասներն եղան ստանձնելով անոր ամբողջ ծախսերը: Բենեդիկդոս ԺԶ. Հռոմի Սրբազան Պապը սոյն յուշարձանին բացումը կատարեց անցեալ սեպտեմբեր 15-ին, Լիբանան իր այցելութեան ընթացքին:
 
Հրաժեշտի պահուն Զմմառու հրաշագործ Տիրամօր մատրան մէջ, մեծաւոր հայրը Զմմառու Տիրամօր սրբանկարը նուիրեց Պրն. Էբիկեանին, որպէս երախտագիտութիւն իր առատաձեռն նուիրատուութեան:



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ