Հինգշաբթի, 3 Յունիս 2010 - Հոգեւոր Տէրը կը մեկնի Կիպրոս
Պէյրութ, Լիբանան
Ուրբաթ, 4 Յունիս 2010-ին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը կարճ այցելութեան մը համար կը մեկնի Կիպրոս: Անոր պիտի ընկերանայ Զմմառու կաթողիկոսական միաբանութեան վանքին ընդհանուր քարտուղար՝ Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանը: Հոգեւոր Տէրը պիտի մասնակցի Կաթողիկէ Պատրիարքներու հանդիպման Սրբազան Քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ.ին հետ, որ հիւր պիտի գտնուի Կիպրոս Յոյն ուղղափառ Արքեպս. Քրիզոստոմոս Բ.ի եւ Կիպրոսի յոյն նախագահ Տիմիդրիս Քրիսդոֆիասի կողմէ: Արեւելքի Կաթողիկէ Պատրիարքներուն պիտի յանձնուի Արեւելեան Եկեղեցիներու համար կազմակերպուած յատուկ Սիւնհոդոսի «աշխատանքի գործիք»ը (Instrumentum Laboris), որ պիտի գումարուի Վատիկանի մէջ, Հոկտեմբեր 10էն 24, 2010:
Ուրբաթ երեկոյեան, Հոգեւոր Տէրը պիտի մասնակցի Հ.Օ.Մ.-ի 100 ամեակի հանդիսութեան: Իսկ շաբաթ առաւօտուն, ան պիտի ընդունի երեք հայ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, ապա երեկոյեան ան հրաւիրուած է Կիպրոսի խորհրդարանի hայ պատգամաւոր Տիար Վարդքէս Մահտեսեանին քով:
Հոգեւոր Տէրը հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Կիպրոսի հայ կաթողիկէ համայնքին հետ Իւդիւճեան Սրահին մէջ, կիրակի երեկոյեան:
Յիշենք, որ Երուսաղէմի եւ Ամմանի Առաջնորդ՝ Գերպծ. Ռափայէլ Թ.Ծ.Վ. Մինասեան պիտի մասնակցի Հոգեւոր Տիրոջ հանդիպումներուն:
Հոգեւոր Տէրը կը վերադառնայ իր նստավայրը կիրակի իրիկուն:
|