Ուրբաթ, 30 Մայիս 2014 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այցելեց Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանատուն

Երեւան

Ամենապատիւ  Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Հոգեւոր Տէրը, որ Հայաստան կը գտնուի մասնակցելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստին, հինգշաբթի 29 մայիսին այցելեց Լիբանանի դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ դեսպան Ժան Մաաքարունին հետ, ներկայութեամբ գերյարգելի հայր Մեսրոպ ծ.վ. Սիւլահեանի եւ գերապատիւ հայր Վարդան վ. Գազանճեանի։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւններուն,ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի հայութեան ներկայ իրավիճակին։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ