|
Երեքշաբթի, 5 Մարտ 2013 - Արցախեան ազատագրական պայքարի 25-ամեակին առթիւ տօնակատարութիւն Լիբանանի մէջ
Պուրճ Համմուտ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ քարոզչական մարմինին, երկուշաբթի, 4 մարտ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան ազատագրական պայքարի նախաձեռնութիւններուն եզրափակիչ հանդիսութիւնը` ժողովրդային տօնակատարութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Նորայր եպս. Աշըգեանի, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի ներկայացուցիչ գերյ. հայր Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեանի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանի, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի, պետական երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունիի եւ Արթիւր Նազարեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանի, նախկին երեսփոխաններու եւ նախարարներու, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, պատկան մարմիններու, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ ժողովրդային մեծաթիւ բազմութեան: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները ունկնդրելէ եւ մէկ վայրկեան յոտնկայս Արցախեան ազատագրական պայքարի նահատակներուն յիշատակը յարգելէ ետք, ՀՅԴ քարոզչական մարմինին անունով խօսք առաւ Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ Արցախի օրակարգը պէտք է դառնայ իւրաքանչիւր հայորդիի առօրեային մէկ մասնիկը: Ան ըսաւ.«Մեր նահատակները յարգած կ'ըլլանք, երբ կ'ունենանք միեւնոյն տեսլականը, միեւնոյն ոգին, միեւնոյն նուիրումը եւ աշխատանքը շարունակելու կամեցողութիւնը: Յարգանքը միայն գործով կ'արտայայտուի, մնացեալ միջոցները ձեւական են ու խաբուսիկ»: Տեմիրճեան յայտնեց, որ այս հանդիսութիւնը հայ ժողովուրդի յաղթանակի առաջին փուլի տօնակատարութիւնն է, մինչ պայքարը չէ աւարտած ու երթը երկար է: Ապա ներկաները դիտեցին քարոզչական մարմինին պատրաստած «Մենք ենք Արցախը» երաժշտախառն տեսերիզը, որմէ ետք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով խօսք առաւ Յակոբ Հաւաթեան: Ան ըսաւ, որ Հայ դատի հետապնդման պայքարը եւ արցախեան պահանջատիրութիւնը եկան միաւորելու քաղաքական ու գաղափարական ենթահողի վրայ խարսխուած համազգային գործը, պայքարը, եկան միաւորելու հայութիւնը եւ նոր լիցքաւորում տալու իր իրաւունքներու վերատիրացման ու երազներու իրականացման համար կատարուելիք սրբազան գործին: Հաւաթեան նշեց, որ երբ որեւէ առիթով հայութեան գոյութիւնը դրուած է նժարի վրայ, Դաշնակցութիւնը գտնուած է պատնէշի առաջին դիրքերուն վրայ եւ սակայն ոչ մէկ ատեն դրամագլուխի վերածած է այդ հանգամանքը: Արցախեան ազատագրական պայքարի պայմաններուն անդրադառնալով` Յակոբ Հաւաթեան աւելցուց, որ Դաշնակցութիւնը մնաց արթուն պահակը Արցախի յաղթանակին ու նուաճումին, ինչպէս նաեւ միասնակամութեան պահպանման, ի խնդիր Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորման: Ան յայտնեց, որ յառաջիկայ հանգրուանի մարտահրաւէրներն են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը, Արցախի անվտանգութիւնը եւ անոր տարածքներուն ամբողջականութեան պահպանումը, հարցին շուրջ հայութեան համախմբումը, բանակցային հոլովոյթին մէջ շուկայական սակարկութիւններու բացառումը, վերաբնակեցման հիմնախնդիրը եւ Արցախի տնտեսութեան հզօրացումը: Լիբանանահայ գաղութի Արցախի օրակարգով իրականացուցած գործունէութիւնը ներկայացնելէ ետք, Հաւաթեան ըսաւ. «Արցախը հայ ժողովուրդին վերադարձուց իր լինելութեան ու արժանապատուութեան հպարտանքը: Արցախը դարձաւ համաժողովրդային պայքարի մեկնակէտը: Արցախով սկսած հայութեան պահանջատիրական երթը այլեւս դադար չունի, այլեւս կանգ պիտի չառնէ, հայութենէն բռնագրաւուած հողատարածքները իրաւատիրոջ վերադարձնելու համար նոր հազարներ պատրաստ են գաղափարական ու քաղաքական ամուր համոզմունքով տէրը կանգնելու հայութեան իրաւունքներուն»: Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Այգ» երգչախումբն ու ժողովրդային գործիքներու նուագախումբը` խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի: Օրուան պատգամը փոխանցեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, որ նախ եւ առաջ կարդաց լիբանանահայութեան ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի ուղերձը, որուն մէջ նշուած է, թէ հայութեան համազգային միասնութեան խորհրդանիշ արցախեան շարժումը եղած է ամբողջ հայ ժողովուրդին համար շրջադարձային եւ նոր էջ բացած է ազգի պատմութեան մէջ: Աղաբեկեան յայտնեց, որ լիբանանահայութեան հետ այս հանդիպումը հպարտութիւն փոխանցելու առիթ է, այլ նոյնինքն լիբանանահայութեամբ հպարտանալու շարժառիթ: Արցախեան ազատագրական պայքարի իրագործումները ներկայացնելէ ետք, Աղաբեկեան ըսաւ. «Ոչ միայն ունինք ազատ Արցախ, յաղթական Արցախ, այլեւ` զարգացող Արցախ, որ ունի խնդիրներ, որոնց յաղթահարման միջոցը Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախ-սփիւռք միասնական գործակցութիւնն է»: Աղաբեկեան աւելցուց, որ այսօր Արցախի հիմնախնդիրը ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցումն ու վերակառուցումն է, եւ այս առնչութեամբ լիբանանահայութիւնը ունեցած է գործօն, ազդեցիկ եւ կազմակերպուած դերակատարութիւն: Աւարտին, Արթուր Աղաբեկեան կոչ ուղղեց շարունակելու Արցախի նկատմամբ զօրակցութիւնը եւ յաւելեալ թափով մասնակից դառնալու Արցախի վերականգնման աշխատանքներուն, որովհետեւ Արցախի բնակչութիւնը առանձին չի կրնար իրականացնել այդ դժուար աշխատանքը: Ապա ելոյթ ունեցաւ Արցախի ազատամարտիկ-երգիչ Մակիչ, որ ազգային-հայրենասիրական երգերով ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն: Ան երգեց «Մենք պէտք է կռուենք», «Պատերազմ էք գնում» եւ այլ երգեր: Մակիչին ընկերակցեցաւ Սեդօ Պաղտասարեան, մինչ գեղարուեստական յայտագիրին մէկական երգով իրենց մասնակցութիւնը բերին Լուսին Տեմիրճեանն ու Ալիս Իփրաճեանը: Արցախեան ազատագրական պայքարի 25-ամեակի ժողովրդային տօնակատարութիւնը փակուեցաւ Արցախի քայլերգով:
|