Հաղորդագրութիւն
Զմմառու Պատրիարքական Կղերին Միաբանական Ժողովի
4-9 օգոստոս 2014 Զմմառ, Լիբանան
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը իր արտակարգ ընդհանուր ժողովը պիտի գումարէ 4-9 օգոստոս 2014, Զմմառու դարաւոր վանքի նորակառոյց «Արծիւեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, հրաւէրով եւ կազմակերպութեամբ Միաբանութեան պատրիարքական Փոխանորդ՝ գերապայծառ Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանին եւ վարչութեան:
Զմմառու դարաւոր վանքը իր խնկաբոյր կամարներուն ներքեւ պիտի ընդունի աշխարհի չորս կողմերէն հաւաքուած միաբան հայրեր, եպիսկոպոսներ եւ վարդապետներ:
Միաբանական այս ժողովը խորհրդակցական բացառիկ նիստ մը պիտի ըլլայ, որովհետեւ պիտի գումարուի Միջին Արեւելքի այս տագնապալի օրերուն, երբ քրիստոնեայ հատուածները բռնութեան ու հալածանքի կ'ենթարկուին:
Ժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան եւ հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած բազմատեսակ մարտահրաւէրները, որոնք կը վերաբերին հոգեւոր, եկեղեցական, հասարակական եւ ընկերային հարցերուն:
Միաբանական ժողովի օրակարգի հիմնական նիւթերն են.
• Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան եւ Թեմական Առաջնորդութիւններու միջեւ յարաբերութեան մշակում:
• Միաբանական կեանքի եւ միաբանական հարցերու քննարկում եւ արժեւորում: Միաբանին յարաբերութիւնը վարչութեան եւ մայրավանքին հետ, ինչպէս նաեւ միաբաններուն կեանքը թեմերու մէջ:
• Քահանայական եւ միաբանական կոչումի տագնապը ներկայ դարուն:
• Միաբանութեան հովուական առաքելութիւնը Հայաստանի առաջնորդութեան մէջ:
Կը յայտարարենք նաեւ, թէ 12-13-14 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ երրօրեայ հոգեւոր ամփոփումի օրեր, որուն պիտի մասնակցին միաբան հայրեր, եպիսկոպոսներ եւ վարդապետներ ի պատրաստութիւն Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին եւ Զմմառու վանքին անուանակոչութեան:
Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս մեծ հանդիսաւորութեամբ պիտի նշուի Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը շաբաթ, 16 օգոստոս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, եւ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ՝ որպէս նախատօնակ: Իսկ կիրակի, 17 Օգոստոս 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հայրապետական սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ խաղողօրհնէք կատարէ: Սուրբ Պատարագի սրբազան երգեցողութիւնը պիտի կատարէ պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի:
Տօնակատարութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ուխտակիր հաւատացեալներ ու հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնները:
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան առջեւ բաց է լուսաշող առաքելութեան դաշտը: Կարեւոր է միացնել ճիգերը, համադրել ուժերը եւ միասիրտ ու միախորհուրդ՝ բերել լիաբուռն օժանդակութիւնը Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց պատրիարքական Աթոռին եւ Պատրիարքական Կղերին Միաբանութեան վերելքին:
29 յուլիս 2014
Դիւան
Զմմառու Պատրիարաքական Կղերին Միաբանութեան