Պէյրութ
25 Սեպտեմբեր 2013, Չորեքշաբթի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հայկազեան Համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ին 33-րդ հատորին շնորհահանդէսը, որ միաժամանակ առիթ մը եղաւ Հայաստանի Ազգային Գրադարանի «Յակոբ Մեղապարտ» յուշամետալով պարգեւատրելու Հանդէսի երկարամեայ գլխաւոր խմբագիր Հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեանը։
Շնորհահանդէսի բացման խօսքը արտասանեց Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան։ Ան անդրադարձաւ Հայկազեան Համալսարանին եւ անոր հովանաւորութեամբ հրատարակուող Հայագիտական Հանդէսի դերակատարութեան կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ 33-րդ հատորի բովանդակութեան, նշելով որ աւելի քան 500 էջնոց հատորին իրենց ուսումնասիրութիւններով աշխատակցած են 24 մտաւորականներ։ Իւրնէշլեան յատուկ գնահատանքով խօսեցաւ Հ.Հ.Հ.ի գլխաւոր խմբագրի՝ Հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեանի ներդրումին Հանդէսի հրատարակութեան գործին մէջ։ Ապա ան հրաւիրեց Դոկտ. Արտա Էքմէքճին ներկայացնելու Հայր Կռանեանը՝ իբրեւ հոգեւորական, դասախօս, հրապարակագիր, խմբագիր։
Դոկտ. Էքմէքճի իր կարգին բեմ հրաւիրեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանը՝ որպէսզի Հայր Կռանեանին յանձնէ Հայաստանի Ազգային Գրադարանի «Յակոբ Մեղապարտ» յուշամետալը։
Հուսկ խօսք առնելով, Հայր Կռանեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած պատիւին համար եւ անդրադարձաւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի հրատարակութեան դժուարին պայմաններուն, որոնք յաղթահարուած են շնորհիւ Հայկազեան Համալսարանի տնօրէնութեան անվերապահ աջակցութեան։
Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Փօլ Հայտօսթեանի խօսքով։ Ան ուրախութեամբ տեղեկացուց որ չորս ուսանողներ այս տարի արձանագրուած են Համալսարանի հայագիտութեան ճիւղին մէջ, հայագիտութեան բարձրագոյն վկայական ստանալու համար։ Ան վստահեցուց որ ինչ ալ ըլլան դժուարութիւնները Համալսարանը պիտի շարունակէ իր հայագիտական առաքելութիւնը եւ այս շրջագիծէն ներս Հայագիտական Հանդէսին հրատարակութիւնը։