Վատիկան
Երկուշաբթի 10 հոկտեմբեր 2010 յետ միջօրէին, Միջին Արեւելքի համար գումարուած սիւնհոդոսական երկրորդ նիստին ընթացքին, արհիապատիւ Պետրոս արքեպիկոպոս Միրիաթեան՝ Հալէպի եւ բարձր Ճէզիրէի կաթողիկէ հայոց առաջնորդը անդրադարցաւ աշխատանքային թղթածրարի թիւ 76 - 84 համարներուն, որոնք կը հային միջեկեղեցական համամիութենական "էգումենիգ" շարժումին։
Իսկ Սիւնհոդոսի երրորդ նիստին ընթացքին (երեքշաբթի 11 հոկտեմբեր 2010), ելոյթ ունեցաւ գերապայծառ Ռաֆայէլ թծվ Մինասեան` սուրբ Երկրի վիճակաւորը, որ խօսեցաւ Միջին Արեւելքի հաղորդամիջոցներու իրողութեան մասին, անդրադառնալով անոնց կարեւոր դերին եկեղեցիներու առաքելական ասպարեզէն ներս: ինչպէս նաեւ Լատին Ամերիկայի առաջնորդը՝ գերապայծառ Վարդան եպիսկոպոս Պօղոսեան աշխատանքային թղթածրարի թիւ 54 -55 համարներուն անդրադառնալով խօսքը կեդրոնացուց Եկեղեցւոյ հաղորդութեան նիւթին մասին եւ յատկապէս երեք կէտերու մասին: Սփիւռքի իրողութիւնը եւ անոր կապուած պատրիարքներու իրաւասութիւնը Միջին Արեւելքի հողամասէն դուրս գտնուող հաւատացեալներուն վրայ, ասոր կից պատրիարքքներու սահմանային իշխանութեան հարցը եւ ի վերջոյ քահանայապետի ընտրութեան արեւելեան Եկեղեցիներու պատրիարքներու անմիջական մասնակցութիւնը:
Կարճ դադարէ ետք, նիստի աշխատանքները շարունակուեցան ընտրելով սիւնհոդոսական հայրերուն «Վերջին Պատգամին» շարադրող յանձախումբը թիւով 12 որոնցմէ 10-ն քուէարկութեամբ ընտրուեցան սիւնոդոսական նիստի ընթացքին, ամէն եկեղեցիէ կամ համահաւաք դասէ մէկ անդամ, իսկ միւս երկուքը պիտի նշանակուին ուղղակի սրբազան քահանայապետին կողմէ։