Չորեքշաբթի, 12 Մարտ 2014 - Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնը հրապարակեց հայոց լեզուի ուսուցման ծրագիրը՝ նախակրթարանի դասարաններուն

Պէյրութ

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակը 2014 թուականի Մարտ ամսուն հրապարակեց հայոց լեզուի ուսուցման ծրագիր մը՝ ուղղուած  Լիբանանի հայկական վարժարաններու նախակրթարանի հայոց լեզուի ուսուցիչներուն:

Սոյն աշխատութիւնը հրապարակուեցաւ Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի հրատարակած «Հայ մանկավարժ» հանդէսի 6-րդ  համարին մէջ:  Ծրագրին հեղինակն է Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի փրոֆեսոր, դոկտ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան, աշխատակցութեամբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախակրթարանի ուսուցչական աշխատանքային խմբակին, որ յառաջացուած էր յատուկ այս նպատակով:

Լիբանանի հայկական վարժարաններու նախակրթարանի Ա.էն Դ.  դասարաններուն մէջ կիրարկումի համար առաջարկուած՝ 124 էջ ծաւալով այս ծրագիր կը ներառնէ այն խնդիրները, որոնք նախատեսուած են նշուած դասարաններուն մէջ հայոց լեզուի դասերուն ժամանակ իրականացնելուն համար:
Ա.էն Դ. դասարաններու համար առանձնաբար ներկայացուած գլուխներով, իւրաքանչիւր դասարանի համապատասխան առաջադրանքներով,  ծրագիրը կը նպատակադրէ՝
1. Դպրոցականներուն մէջ հետաքրքրութիւն յառաջացնել հայոց լեզուի եւ հայ գրականութեան նկատմամբ, դաստիարակել մայրենի լեզուն անաղարտ պահելու, զայն իբրեւ ազգապահպանումի հիմնական գործօն ընդունելու ձգտում:
2. Ձեւաւորել հայեցի հոգեկերտուածք, լեզուամտածողութիւն:
3. Զարգացնել աշակերտներու բանաւոր եւ գրաւոր խօսքը, կատարելագործել կարդալու, կարդացածը հասկնալու կարողութիւնները:
4. Սորվեցնել հայոց լեզուի քերականութեան հիմնական դրոյթները` զանոնք ծառայեցնելով գրագէտ բանաւոր եւ գրաւոր խօսք կառուցելու կարողութիւններու ձեւաւորման:
5. Զարգացնել ազգային եւ համամարդ֊֊կային արժէքներ, նպաստել ազգային ինքնակազմաւորումին:
Ծրագիրը կազմուած է պարուրաձեւ սկզ֊բուն֊քով, որ կը նշանակէ անընդհատ անդրադարձ անցած դասերուն, այնպէս, որ դասարանէ դասարան լեզուական նիւթը կը կրկնուի` փոքր չափաբաժիններով զանոնք աստիճանաբար ընդլայնելով եւ հարստացնելով:
Հայոց լեզուի ուսուցման ինչպէս մանկապարտէզի, նոյնպէս եւ նախակրթարանի  ծրագրի իրականացումը վայելեց բարձր հովանաւորութիւնը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տ. Ներսէս Պետ֊րոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին: Ուղեցոյցներու կազմութեան հիմք հանդիսացած՝ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան քառամսեայ դասընթացքներուն, ինչպէս նաեւ ուղեցոյցներու պատրաստութեան հետ կապ֊֊֊ուած աշխատանքները համակարգեց  Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի վարիչ Վարդան Թաշճեան:  Վերահսկումը կատարեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի տնօրէն հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեան: Նշեալ բոլոր աշխատանքներուն իրականացումը կարելի դարձաւ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի գործակցութեան շնորհիւ: Ուղեցոյցներու արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէն փոխադրումը կատարեց Կարինէ Մինասեան Թաշճեան:

Ներկայացնելով այս ծրագիրը՝  կ’ակնկալենք, որ անիկա ծառայէ լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ հայոց լեզուի ուսուցման պայմաններու բարելաւման եւ հանդիսանայ օգտաշատ ուղեցոյց հայերէնի ուսուցիչներուն համար: Ծրագիրը օգտագործող ուսուցիչները, անոր գործածութեան լոյսին տակ յառաջ եկած դիտողութիւններով ու առաջարկներով, կրնան մեծապէս նպաստել անոր բարելաւման գործին, որ Սուրբ Նարեկացի կեդրոնին համար ունի շարունակական բնոյթ:  Կ’ակնկալենք, որ սոյն ծրագիրը ուղեցուցական արժէք ներկայացնէ  նաեւ հայկական սփիւռքի մէջ նախակրթական համակարգի հայերէնի ուսուցիչներուն համար, հաշուի առնելով այն լայն ընդհանրութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին սփիւռքահայ` մանաւանդ միջին արեւելեան երկիրներու մէջ գործող հայկական վարժարաններուն մէջ:

Ծրագիրը ձեռք բերելու ցանկութիւն ունեցողները կրնան դիմել Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի տնօրէնութեան ( Հեռաձայն` 961 1 570 555 ):

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ ԿԵԴՐՈՆ

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ