Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Կիրակի 27 Մայիս 2007-ին, Զմմառու վանքէն ներս նախագահեց Սուրբ Պատարագը որուն ընթացքին Զմմառու Արծիւեան Միաբանութենէն Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի 6 նորընծաներ ստացան կիսասարկաւագութեան կարգը ինչպէս նաեի անոնցմէ մին ձեռնադրուեցաւ սարկաւագ ձեռամբ Հոգեւոր Տիրոջ : Այւ առիթով Ամենապատիւբ Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.
Յոյժ սիրելի եղբայրներ, քոյրեր եւ ուխտաւորներ
Սիրեցեալ ապա•այ քահանաներ,
Տասը օր առաջ կատարեցինք Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը: Յիսուս երկինք բարձրացաւ, ուրտեղէն օր մը պիտի վերադառնայ դատելու համար աշխարհը եւ ամէն մարդ: Մինչ այն, այսինքն մինչեւ աշխարհի կատարածը, Քրիստոս անտեսանելի պիտի մնայ մեր աչքերուն: Քանի այդպէս է, ինչ՞պէս այսօրուայ մարդիկը պիտի ճանչնան զինք: Այս հարցումին պատասխանը նոյնինքն Յիսուս տուաւ, երբ երկինք չ’ելած Իր առաքեալներուն ըսաւ. «Դուք պիտի ըլլաք Իմ վկաներս» (Առ.Գործ. 1,8): Հետեւաբար, Յիսուս կ’ուզէ տեսանելի դառնալ իւրաքանչիւր մարդուն իր աշակերտներուն, իր վկաներուն միջոցաւ: «Դուք» բառը ոչ միայն տասներկու առաքեալներուն ուղղուած է, այլ նաեւ անոնց յաջորդներուն՝ եպիսկոպոսներուն, ինչպէս նաեւ քահանաներուն, սարկաւագներուն, կիսասարկաւագներուն եւ ամէն քրիստոնեային: Վատիկանի «Լոյս Հեթանոսաց» վճիռը կը գրէ. «ամէն հաւատացեալ պարտի ըլլալ աշխարհին մէջ վկայ Քրիստոսի կեանքին եւ յարութեան» (թիւ 38): Ուստի, ամէն քրիստոնեայ լուրջ պարտականութիւն ունի Յիսուսը ցուցնելու մարդոց իր բարի գործերովը եւ վկայ ըլլալու Յիսուսի իրեն պարգեւած բարիքներուն, որպէսզի մարդոց դիւրին ըլլայ Անոր հաւատալ:
Կը յիշեմ հետեւեալ խօսուն օրինակը. Մայր Թերեզայի մայրապետները տուն մը բացին Աղեքսանդրիա թերաճներուն համար: Բացումի հանդէսին ներկայ էր Մայր Թերեզա, ներկայ էին նաեւ տեղւոյն քաղաքապետը եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ: Քաղաքապետը, որ անձամբ հրաւիրած էր մայրապետները այս բարեսիրական ծրագիրը ստանձնելու, կը գովէր քոյրերը եւ ակնարկելով Մայր Թերեզային ըսաւ հիացումով. «լսած էի Յիսուսի մասին, բայց այսօր ես տեսայ Յիսուսը այս կնկան մէջ»: Ահաւասիկ ոչ-քրիստոնեայի մը վկայութիւնը՝ տպաւորուած մայրապետներուն նուիրումէն: Սիրելիներ, կարելի է կատարել նման գործեր, որոնք կը ցուցնեն Յիսուսը մարդոց:
Երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. Սրբազան Քահանայապետին հետեւեալ խօսքը նշանաւոր դարձաւ՝ «Աշխարհը կարիք ունի վկաներու աւելի քան ուսուցիչներու»: Յարաբերաբար դիւրին է ուսուցիչ ըլլալ, բայց վկայ ըլլալը աւելի դժուար եւ պահանջկոտ բան մըն է: Մէկը միայն կը խօսի, իսկ միւսը իր խօսածը կ’ապրի: Այս է մեծ տարբերութիւնը երկուքին միջեւ: Աշխարհին մէջ հազարաւոր ուսուցիչներ կան, բայց վկաները՝ հազուագիւտ են:
Քրիստոսի վկան՝ այն անձն է որ կը խօսի իր կեանքով եւ վարւելակերպով: Ընտանիքին մէջ, հայրն ու մայրը պարտին ըլլալ իրենց զաւակներուն համար առաջին հաւատքի վկաները: Երա՜նի թէ ուսուցիչները դառնային մէյ մէկ վկաներ ի նպաստ նորահաս սերունդին: Երա՜նի թէ ամէն քրիստոնեայ դառնար Քրիստոսի վկայ՝ տան մէջ, գործին մէջ, իր շրջանակէն ներս եւ ամէն տեղ: Եկեղեցին այսպիսի համոզուած քրիստոնեաներու պէտք ունի:
Ինչ որ կ’ըսեմ աշխարհականներուն մասին, աւելիով կը զօրէ քահանայական կարգ ստացողներուն համար: Ժողովուրդին քարոզելէն առաջ, քահանան պարտի քննել ինքզինք, տեսնելու թէ որքանով զինք լսողներուն համար ինք Քրիստոսի իսկական վկայ է իր վարուելակերպով եւ ապրելակերպով: Ասոր համար, աղօթքը եւ սուրբ խորհուրդներուն մերձեցումը առաջնակարգ տեղ պէտք է գրաւեն քահանայի կեանքին մէջ: Ասոնք կ’օգնեն քահանային, որպէսզի կարենայ Քրիստոսի հետեւիլ սրբութեան ճամբու վրայ եւ հաւատարմութեամբ կատարել իր առաքելութիւնը՝ Քրիստոսի վկայ դառնալով եւ առաջնորդ ըլլալով իրեն յանձնուած հոգիներուն: Ով որ կ’աղօթէ, իր ժամանակը չի կորսնցներ, նոյնիսկ երբ ներկայ ստիպողական պայմանները կը մղեն քահանան տրամադրելու իր ժամանակը •ործին՝ զոհելով աղօթքի պահերը: Կան կրօնաւորներ եւ բարեպաշտ անձեր, որոնք օրական երկար ժամեր կ’աղօթեն: Ինծի ըսէք, սիրելիներս, թէ ո՞ր սուրբը կամ հարազատ հաւատացեալը չի սիրեր աղօթել, չի սիրեր խօսակցիլ Յիսուսին հետ: Կարծեմ թէ բոլորն ալ կը սիրեն աղօթել:
Սարկաւագութեան կարգը, որ քիչ առաջ փոխանցեցի եղբայր Սեպուհին, հաստատուած է Առաքեալներու կողմէն, իսկ փոքր կարգերը՝ Եկեղեցւոյ կարգադրութիւն է: Կը կարդանք Առաքեալներու Գործերու գիրքին մէջ թէ՝ երբ հաւատացեալներուն թիւը եւ անոնց կարիքները շատցան, առաքեալները ըսին. «Մեզի չի վայելեր Աստուծոյ խօսքը ձգել եւ սեղաններու ծառայութիւն ընել» (6,2): Ասոր վրայ, եօթ սարկաւագներ ձեռնադրեցին, որոնց առաջինը՝ Ստեփանոսն էր, որ հետեւեցաւ իր Տիրոջ զոհաբերութեան ուղիին եւ դարձաւ առաջին վկայ Քրիստոսի եւ Սուրբ Աւետարանին:
Սարկաւագը պարտի ամէն օր կատարել ժամասացութեան աղօթքները եւ փնտռել Յիսուսի մտերմութիւնը, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքը լիացնէ իր սիրտն ու հոգին, եւ անձնական ու մարդկային հաշիւներէ հեռու մնայ, այլ կատարէ ամէն բան Աստուծոյ կամքին համեմատ: Ան պարտի նաեւ անընդհատ կերպով զարգանալ, որպէսզի կարողանայ ուղիղ վարդապետութիւնը ուսուցանել ու քրիստոնեայ ճշմարտութիւնները պաշտպանել սխալ գաղափարականներու եւ տարածուած կեղծ հոսանքներու դէմ: Ըստ մեծ աստուածաբանի՝ Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացիին. «Սարկաւագը վարդապետ է, այսիքն՝ ուսուցիչ եւ դաստիարակ ժողովուրդին» (Մեկն. Պատ.): Ասոր համար ան՝ Սարկաւագութեան պատիւի արժանի է, քանի իր «կարգը, կ’ըսէ մեծ հայրապետը, Սուրբ Ներսէս Շնորհալին՝ մարդոցմէ չէ եւ ոչ ալ մարդու միջոցաւ» այլ՝ Աստուծմէ է: Արդարեւ, ձեռնադրութեան արարողութեան ընթացքին, քահանաները իրենց աջը դնելով թեկնածուի ուսին վրայ, եւ անկէ ետք ձեռնադրիչ հայրապետը՝ անոր գլխուն վրայ, կը հնչեն նշանակալից այս աղօթքը «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ», մատնանշելով որ տրուած կարգը երկնաւոր շնորհք մըն է:
Իցի՛ւ թէ, քահանայական աստիճանի թեկնածուներուն առընթեր, ունենայինք ամէն ժողովրդապետութեան մէջ մնայուն Սարկաւագներ, որոնց ներկայութիւնը պիտի ճոխացնէ հովուական աշխատանքը, որ է՝ զբաղիլ խորանի սպասարկութեամբ, դաստիարակել պատանիները, այցելել այրիներուն եւ հիւանդներուն, հոգալ աղքատները եւ այլ հովուական գործեր կատարել:
Այս մարեմեան ամսուան ընթացքին, աղօթեցինք որդիական զգացումներով մեր երկնային մօր, որովհետեւ անոր մայրական հովանին միշտ նեցուկ եղած է մեզի ու մեր ընտանիքներուն համար: Ամէն կողմէ հաւատացեալներ անխախտ յոյսով կը դիմեն Աստուածամօր պաշտպանութեան: Աստուածամայրն ալ չի դադրիր իր մայրական գուրգուրանքով շրջապատել բոլոր անոնց, որոնք իրեն կ’ապաւինին: Որպէս մայր, Ան չի կրնար ոեւէ մէկուն աղաչանքին ոչ ըսել, եւ իր զաւակները կ’ուղղէ դէպի Յիսուս, անոնց տալով հետեւեալ հրահան•ը, ինչպէս ժամանակին Կանայի հարսանիքի սպասաւորներուն՝ «ըրէ՛ք ինչ որ (Յիսուս) ըսէ ձեզի» (Յովհ. 2,5): Սպասաւորները ըրին եւ վկայ եղան Յիսուսի կատարած առաջին հրաշքին:
Կ’ողջունեմ բոլոր ուխտաւորները, որոնք հաւատքով ու նոր տրամադրութիւններով եկան Զմմառու սրբավայրը, մասնակցելու համար այս տարեկան Ուխտագնացութեան Օրուան: Սրտի ողջոյն մը կ’ուզեմ ուղղել եղբարք Սեպուհ, Սարգիս, Գրիգոր, Եղիշէ, Գեղարդ եւ Մատթէոս ժառանգաւորներու հարազատներուն եւ բարեկամներուն, որոնցմէ ոմանք հեռուէն ժամանած են, մասնակցելու համար իրենց սիրելիներու երջանկութեան, ինչպէս նաեւ Զմմառու դպրեվանքի պատասխանատուներու ուրախութեան, եւ Ամենակալ Աստուծոյ գոհաբանական աղօթք բարձրացնելու քահանայակոչութեան վսեմ շնորհքին համար:
Այսօր, Հոգեգալստեան տօնը ըլլալով, թո՛ղ «Սուրբ Հոգին, ինչպէս կ’ըսէ Սուրբ Գիրքը, նորոգէ երկրին երեսը»: Թո՛ղ նորոգէ մեր սիրտերը, Լիբանանը՝ իր բոլոր հատուածներով, մանաւանդ հայ համայնքը եւ այս վերջին օրերու ահաբեկչութեան զոհերը: Թո՛ղ նոր յոյս մը ներշնչէ Միջին Արեւելքի՝ յատկապէս Իրաքի եւ Սուրբ Երկրի տառապեալ ժողովուրդները, ինչպէս նաեւ Հայաստանը ու Ղարաբաղը, որպէսզի Աստուծոյ սէրը օրէ օր աւելի տարածուի իր վկաներու միջոցաւ եւ խաղաղութիւնը տիրէ աշխարհին վրայ: Թո՛ղ Սուրբ Հոգին՝ Աստուածամօր բարեխօսութեամբ, պարգեւէ ձեզմէ ամէն մէկուն շնորհքը ըլլալու ձեր միջավայրին մէջ յարուցեալ Քրիստոսի յարատեւ վկաները. Ամէն: