|
Շաբաթ, 26 Հոկտեմբեր 2013 - «Արեւելքի քրիստոնեաներու առաջին համագումարը» Պէյրութի մէջ
Պէյրութ
Միջին Արեւելքի ծանր պայմաններուն լոյսին տակ, 2010-ին ծնունդ առաւ «Արեւելքի քրիստոնեաներու համախմբումը», որուն մաս կը կազմէ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիէն պարոն Անթուան Գալայճեան: Համախմբումին աշխատանքները կը կեդրոնանան Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան պահպանման գործընթացքին վրայ, որ կ'ընդգրկէ՝ առաւելագոյն չափով քրիստոնեայ մարդուժ հաւաքել Եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ, ամրապնդել քրիստոնեայ գործօն ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի տարածքին, ապահովելով նիւթական օժանդակութիւնը եւ այդ նպատակին համար ստեղծել համաշխարհային ֆոնտ մը, որուն մօտ գտնուող գումարը օգտագործուի երկարաժամկէտ ծրագիրներու եւ բաւարարման անմիջական կարիքներու, ինչպէս` դպրոցական եւ համալսարանական ծախսերու ապահովումը եւ քրիստոնեաներու բազմածնութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ, համախմբումը ձեռնարկեց կազմակերպել «Արեւելքի քրիստոնեաներու առաջին համագումարը», հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ Լիբանանի նախագահ զօրավար Միշէլ Սլէյմանի, եւ մասնակցութեամբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու ու քրիստոնեայ համայնքներու: Այս համագումարին ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կը ներկայացնէ Պատրիարքական թեմի փոխանորդ՝ գերպ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանը, մեծաւոր Զմմառու վանքին: Համագումարը տեղի կ'ունենայ 26-27 հոկտեմբերին յոյն կաթողիկէներու «Կրեկորիոս Գ. պատրիարք» համալիրին մէջ, Ռապուէ (Լիբանան), արծարծելու համար հիմնախնդիրները որոնք կը յուզեն քրիստոնեայ հասարակութիւնները եւ դիմագրաւելու նպատակով հսկայական մարտահրաւէրները, որոնք կը սպառնան անոնց գոյատեւման:
Համագումարին նպատակները կը հանդիսանան հետեւեալ հիմնական կէտերը. - Հանդիպման եւ գործակցութեան միջոցներ ստեղծել Արեւելքի քրիստոնեաներուն միջեւ, նկատի առնելով անոնց քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, մտաւորական եւ մշակութային բազմազան ուղղութիւնները: - Քննարկել հիմնական հարցերը, որոնք կը յուզեն քրիստոնեայ հասարակութիւնները եւ յայտնաբերել այն դրական հիմնակէտերը որոնք կը համախմբեն եւ կը միացնեն Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները եւ կ'ամրապնդեն անոնց ներկայութիւնն ու վկայութիւնը իրենց ընկերութիւններէն ներս եւ արտասահմանին մէջ: - Ուսումնասիրել մարտահրաւէրները, որ կը դիմագրաւեն քրիստոնեաները իրենց ընկերութիւններէն ներս եւ միջին արեւելեան տարածաշրջանին ու արտասահմանին մէջ, լուծումներ առաջարկելով քաղաքական մակարդակի վրայ, պաշտպանելու համար կրօնական ազատութիւնները, մարդկային ու փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, քաջալերելով նաեւ երկխօսութեան մշակոյթը շրջապատին հետ: Այս առընչութեամբ պայքարիլ նաեւ արտագաղթի երեւոյթին դէմ, կոչ ուղղելով քրիստոնեաներուն ամրապնդելու իրենց ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, հակառակ ընկերային եւ տնտեսական ներկայ ծանր պայմաններուն: Վերջապէս անդրադառնալ արաբ-իսրայէլեան գոյապայքարի ազդեցութեան Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն վրայ, ինչպէս նաեւ համաշխարհայնացման եւ աշխարհականութեան երեւոյթներու հետեւանքներուն: - Հրապարակել գործնական առաջադրանքներ, ապահովելու համար անոնց հետապնդումը ի սպաս Արեւելքի քրիստոնեաներու համախմբման, բարձրացնելու համար անոնց հաւաքական ձայնը եւ ամրապնդելու անոնց ներկայութիւնը շրջանին մէջ: Այս ուղղութեամբ առաջարկել հետազօտական կեդրոն մը ստեղծել Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու խնդիրներուն համար շրջանին մէջ եւ այլուր, ստեղծել ճնշումի գործօն խմբակներ հետապնդելու համար անոնց հարցերը Միջին Արեւելքի մէջ եւ այլուր, ինչպէս նաեւ օժանդակութեան միջոցներ յառաջացնել Արեւելքի քրիստոնեաներու գոյատեւման համար եւ քաջալերել անոնց վերադարձը դէպի հայրենիք, նիւթական անհրաժեշտ աղբիւրները գտնելով:
Յիշենք, որ Անթուան Գալայճեան երկու անգամ այցելած է Վատիկան եւ ներկայացուցած է ծրագիրներ, որոնք տեղւոյն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ արժանացած են դրական ընկալման: Ան ներկայիս կը ծրագրէ ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ եւս կապ հաստատել եւ այդ նպատակով` մօտ օրէն հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսիոյ ուղղափառ Եկեղեցւոյ Քիրիլ պատրիարքին հետ: Գալայճեան նաեւ հանդիպում ունեցած է եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ եւ աշխատանք կը տանի Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու հարցերով զբաղող միջինարեւելեան այլ կազմակերպութիւններ միացնելու` մեկնելով այն սկզբունքէն, որ միութիւնը զօրութիւն է:
|