Sermons Sermons
Չորեքշաբթի, 13 Փետրուար 2008 - Քառասնորդացի Հայրապետական Պատգամ

 

Յիսուսի Քրիստոսի Ծառայ
ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
Ողորմութեամբ Աստուծոյ
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
ՔԱՌԱՍՆՈՐԴԱՑԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ
ՈՂՋՈՅՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՒԱՆԴ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Մեր Պատուական Եղբայրներուն՝ Արհի. Արհի. Արքեպիսկոպոսներուն, Եպիսկոպոսներուն, Յարգոյ Քահանաներուն, Սարկաւագներուն, Առաքինազարդ Կոյսերուն եւ Հաւատացեալ ժողովուրդին

ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ

Ամէն տարի, Քառասնորդաց շրջանը մեզի բարեպատեհ առիթ կÿընծայէ վերանորոգելու համար մեր հոգեւոր կեանքը: Երբ մեր անցեալ յանցանքներուն եւ մեղքերուն վրայ մեր ուշադրութիւնը դարձնենք եւ մեր մեղքերուն եւ տկարութիւններուն հանդէպ Աստուծոյ անհուն գթութեան մասին խորհրդածենք, զղջումի զգացումներով կը լեցուի մեր սիրտը: Իբր հակադարման այս կացութեան, կը մտադրենք թէ՛ մեր զգայարանքները մահացնել եւ թէ՛ ներողամիտ գտնուիլ անոնց հանդէպ,  որոնք մեզի դէմ յանցանք գործած են, յիշելով Յիսուսին խօսքը. «Եթէ դուք ներէք մարդոց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ պիտի ներէ ձեզի» (Մտթ. 6,14):
Եկեղեցին միշտ ապաշխարութիւն հրահանգած է բարեպաշտ հաւատացեալներուն, որոնք կը ձգտին փորձութիւնները զսպելու, անկարգ բնազդները յաղթահարելու ու հաւատարիմ մնալու իրենց քրիստոնեայ կոչումին:  Բոլոր մարդոց կողմէ, առանց բացառութեան, գործադրուելիք ապաշխարութեան գլխաւոր միջոցներն են՝ աղօթք, ծոմապահութիւն եւ ողորմութիւն: Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերը կÿըսեն. «Աղօթքը օգտակար է, ծոմապահութիւնը աղօթքէն աւելի շահաւէտ է, իսկ ողորմութիւնը երկուքն ալ կը գերազանցէ»: Անոնք կը խրատեն նաեւ որ այս երեք միջոցները միասնաբար գործադրենք, փորձութիւններուն յաղթելու եւ հոգեւոր կեանքին մէջ յառաջդիմելու համար:
Սուրբ Գիրքէն կÿիմանանք, որ մեղքը կը բաժնէ մարդիկը Աստուծմէ ու զանոնք իրարու թշնամի կը դարձնէ: Այսպէս, մեր նախահայրը՝ Ադամ, մեղքէն առաջ իր կնոջ՝ Եւային հանդէպ մօտիկութիւն եւ սէր ցոյց տուաւ, երբ ըսաւ. «Հիմա ասիկա ոսկոր է իմ ոսկորներէս ու մարմին իմ մարմինէս» (Ծնն.2,23): Բայց մեղք գործելէն ետք, Ադամ կնոջ վրայ նետեց յանցանքը, որպէսզի ինքզինք ազատէ եւ հոգը չէ որ Եւան մահուան պատիժին ենթարկուի: Ադամ Աստուծոյ պատասխանեց. «Այն կինը, զոր իմ քովս դրիր՝ ինքը տուաւ ինծի այդ ծառի պտուղէն, ու ես կերայ» (Ծնն. 3,12): Նախանձի մեղքը նաեւ մտաւ Կայէնի սրտին մէջ: Ան թշնամացաւ իր եղբօր՝ Աբէլի դէմ եւ զինք սպաննեց: Մեղքը բազմացաւ երկրի վրայ եւ մարդիկը խումբ խումբ իրարմէ բաժնեց, երբ անոնք հպարտութեան մեղքին մէջ ինկան: Անոնք ուզեցին իրենց սեփական ուժերովը բարձր աշտարակ մը շինել, երկինք հասնիլ ու Աստուծոյ կարիք չունենալ՝ իրենց փրկութիւնը ապահովելու համար: Բաբելոնի մէջ սկսան իրենց ամբարտաւան ծրագիրը ի գործ դնել, բայց լեզուներու խառնակութեան պատճառով՝ իրարմէ բաժնուեցան եւ ցրուեցան: Սուրբ Հոգին, Հոգեգալուստի օրը, Առաքեալներուն գլխուն վրայ բոցավառ լեզուներու կերպարանքով իջաւ եւ ասոնք սկսան զանազան լեզուներ խօսիլ: Հոն բոլոր ներկայ եղողները հասկցան զիրենք, որովհետւ անոնք իրենց իւրաքանչիւրին լեզուովը կը խօսէին (տես Գ. Առ. 2,5-7): Ուստի, մեղքով իրարմէ բաժնուած մարդիկը, միայն Սուրբ Հոգին կրնայ միացնել եւ խաղաղութիւն հաստատել անոնց միջեւ:

ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԵԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ

1. Աղօթքը

«Աղօթքը՝ նման է թագուհիի մը որ միշտ իրաւունք ունի աստուածային թագաւորին առջեւ ներկայանալու», կÿըսէ Սրբուհի Թերեզա Յիսուս Մանկան:
Աղօթքը գերագոյն բարիք մըն է, քանի ան խօսակցութիւն է Աստուծոյ հետ: Եւ ինչպէս մեր աչքերը լոյսով կը լուսաւորուին, նոյնպէս մեր հոգին, երբ Աստուծոյ հետ կը խօսի, կը լուսաւորուի Անոր անճառ լոյսովը: Այսպիսի աղօթք մը սակայն պէտք է սրտէն բխի եւ յարատեւէ գիշեր ցերեկ, նոյնիսկ երբ կը պարապինք մեր առօրեայ գործերով:
Աղօթքը հոգիին լոյսն է: Ան կը տանի դէպի Աստուծոյ իրական ճանաչումը: Ինչպէս անօթի մանուկը իր մայրը կը փնտռէ, նոյնպէս քաղցած հոգին՝ աղօթքով կը դիմէ աստուածային սնունդին:
Աղօթքը մեր յոյսը կÿաշխուժացնէ, որովհետեւ յայտնի կերպով կÿարտայայտէ Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ: Նեղութեան ատեն եւ նոյնիսկ առանձնութեան մէջ, ոչ ոք կրնայ մեզի արգիլել յուսադրիչ աղօթքով երկնային Հօրը դիմելու:
Իսկական աղօթքը՝ աշխարհի շարժիչ ուժն է, քանի որ կը հաստատէ հաղորդակցութիւնը Աստուծոյ հետ, աղբիւր ամէն բարիքի: Աղօթքով, մարդը կը բացուի ուրիշներուն, անոնց մտիկ կÿընէ, անոնց կը ներէ՝ միշտ եղբայրասիրութեան հոգիով: Առանց աղօթքի, մարդը ինքնակեդրոն կը դառնայ, յուսալքումի կը մատնուի, ուր միայն պատրանք եւ խաբկանք գոյութիւն ունի:
Իսկական աղօթքը կÿուրախացնէ մարդուն սիրտը, որովհետեւ կը յագեցնէ անոր բոլոր բարի բաղձանքները:
Աղօթքը մարդկային արարք մը չէ, այլ աստուածային շնորհքի պտուղն է: Այս իմաստով Առաքեալը կÿըսէ. «Չենք գիտեր աղօթել ինչպէս որ պէտք է, եւ ինք՝ Հոգին կը բարեխօսէ մեզի համար անբարբառ հառաչանքներով» (Հռոմ. 8,26): Երբ Տէրը այսպէս աղօթելու շնորհքը մէկու մը կը պարգեւէ, անոր հոգին կը լիացնէ:
Առաքեալները, որ օրինապահ հրեաներ էին եւ կանոնաւոր կերպով կÿաղօթէին, հասկցան որ աղօթելը դիւրին չէ: Անոնցմէ մէկը Յիսուսին ըսաւ. «Տէ՛ր, աղօթել սորվեցուր մեզի» (Ղկ. 11,1): Եւ Յիսուս իրենց սորվեցուց «Հայր Մեր»ը: Սիրելիներ, ո՜ր աղօթք աւելի հարազատ կրնայ ըլլալ քան թէ Յիսուսի բերնէն ելած աղօթքը:
Սուրբ Օգոստինոս կÿըսէ, թէ Հայր Մերի աղօթքը իր մէջ կը բովանդակէ մեր բոլոր խնդրանքները: Սաղմոսները եւս մէկական գեղեցիկ աղօթքներն են՝ Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած: Ժամերգութեան հասարակաց աղօթքը առաւելաբար Սաղմոսներէ կազմուած է: Եկեղեցին կը յորդորէ ոչ միայն կղերականները ու մայրապետները, այլ բոլոր հաւացեալները՝ զանոնք աղօթելու: Որքա՜ն հոգեշահ է Աստուծոյ աղօթել Աստուծոյ ուրոյն խօսքերովը:
Մեր Շնորհալի Հայրապետը՝ Սուրբ Ներսէս, պարզ եւ հոգեպարար աղօթքներ յօրինեց, որպէսզի զանոնք աղօթելը մատչելի դարձնէ բոլոր ժողովուրդի խաւերուն, ինչպէս՝ «Առաւօտ լուսոյ», «Աշխարհ ամենայն», «Այսօր անճառ» եւ ամէնէն աւելի ծանօթ եւ սիրուած աղօթքը՝ «Հաւատով խոստովանիմ»ը:
 Աղօթքը փորձութիւններէն կÿազատէ: Յիսուս Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ յորդորեց իր աշակերտները որ հսկեն եւ աղօթեն: Բայց երբ դարձաւ եւ զանոնք քունի մէջ գտաւ, ըսաւ Պետրոսին. «Այսպէս չկրցա՞ք ժամ մը իսկ ինծի հետ արթուն մնալ. արթո՛ւն կեցէք եւ աղօթեցէք, որպէսզի փորձութեան մէջ չիյնաք» (Մտթ. 26, 40-41):

2. Ծոմապահութիւնը

Ծոմ պահելը՝ մարմինին ցանկութիւնները սանձելու օ•տակար միջոց մըն է: Սկզբնական մեղքի պատճառով, մարմինը չի հպատակիր այլեւս մարդու կամքին, բան մը որմէ յառաջ կու •ան շատ մը անկար•ութիւններ: Մարդը տկար կը մնայ փորձութեան դիմաց եւ դիւրաւ անոր մէջ կÿիյնայ: Այս պատճառով, պէտք չէ միշտ կատարել մարմինին բոլոր փափաքները, նոյնիսկ անմեղ փափաքները: Օրինակի համար՝ եթէ մէկը ուզէ ջուր խմել, կրնայ անմիջապէս յա•ուրդ չտալ մարմնի պահանջին, չխմել կամ զայն յետաձ•ել: Այս եւ նման փոքր եւ ազդու հրահան•ներ կամքը կÿաշխուժացնեն եւ զայն կը մարզեն մարմինին վրայ իշխելու: Եւ երբ փորձութիւնը ներկայանայ, մարդը պիտի կարենայ պայքարիլ անոր դէմ եւ փորձութեան տեղի չտալ ու չմեղանչել:
Սնունդի ծոմապահութիւնը մեծապէս օ•տակար է՝ մարմինին •երի չդառնալու համար: Սկիզբը դժուար եւ անտանելի կը թուի, մանաւանդ սկսնակներուն համար: Բայց վարժուողին համար, ան կամքի կորով կու տայ եւ ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ: Կան մարդիկ որոնք կամովին լման քառասուն օրերը կը պահեն, ուրիշներ՝ մինչեւ կէսօր ամբողջովին ծոմ կը բռնեն: Կարեւոր է, կÿըսէ Սուրբ Աւետարանը, որ ըրածդ Աստուծոյ համար կատարես եւ •աղտնի պահես. «Երբ ծոմ պահէք, մի՛ մթաքնէք ձեր դէմքը կեղծաւորներու նման, որոնք կը կախեն իրենց երեսը որպէսզի մարդոց ցոյց տան թէ ծոմ կը պահեն: Ճշմարիտ կÿըսեմ ձեզի, արդէն իսկ ընդունած են իրենց վարձատրութիւնը» (Մտթ. 6,16):  
 Ծոմապահութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի միայն կերակուրէն հրաժարելով, այլ պէտք է նաեւ մեղքերէն խուսափիլ: Մեծա•ոյն մեղքերէն մին՝ լեզուի մեղքն է: Սուրբ Յակոբ կը զ•ուշացնէ նորադարձ քրիստոնեաները լեզուի անժուժկալութենէն եւ կը նմանցնէ լեզուն կրակին, երբ կÿըսէ. «Լեզուն կրակ մըն է: Անիրաւութեան զարդն է, դրուած մեր անդամներուն թիւին մէջ եւ ամբողջ մարմինը կÿապականէ ու կը բորբոքէ •եհենի կրակով: Ամէն տեսակ վայրի •ազանները եւ թռչունները, սողունները եւ ծովային անասունները զսպուած են ու կը հպատակին մարդոց: Իսկ մարդուն լեզուն, ո՛չ ոք կրնայ զայն հպատակեցնել: Լեզուն չար է, անկար• եւ լի մահաբեր թոյնով: Անով կը փառաբանենք Տէրը եւ Հայրը եւ անով կÿանիծենք մարդիկը՝ ստեղծուած Աստուծոյ պատկերին համաձայն: ... Պէտք չէ որ այս այսպէս ըլլայ, եղբայրնե՜ր» (Յակ. 3, 6-10): Առաքեալը կÿըսէ նաեւ. «Եթէ մէկը խօսքով չի մեղանչեր, կատարեալ մարդ է եւ կարող՝ իր ամբողջ մարմինը սանձելու» (Յակ. 3, 2): Ո՞վ չÿուզեր կատարեալ մարդ ըլլալ, ահա միջոցը յստակ է եւ մատչելի:
Քառասնորդաց շրջանը պարտի ըլլալ ծոմապահութեան առիթ նաեւ խօսքերուն եւ նկարներուն հանդէպ, ինչպէս հեռատեսիլը: Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը կÿըսէ. «Պէտք ունինք լռութեան պահերու եւ մեր աչքերը խճողուած չըլլան այլեւայլ պատկերներով: Նման դիրքը անհրաժեշտ է, որպէսզի մեր սիրտը եւ մեր միտքը ընդունակ ըլլան Աստուծոյ Խօսքին:

3. Ողորմութիւնը

Մարդը մեղանչելով, հեռացաւ Աստուծմէ, որ անոր կեանքին ապահովութիւնն էր: Եւ քանի որ մարդը չի կրնար ապրիլ առանց ապահովութեան, փնտռեց եւ գտաւ իր ապահովութիւնը ինչքերու սեփականութեան մէջ: Արդարեւ, դրամը մարդուն կու տայ դիրք, հանգամանք եւ կարեւորութիւն՝ թէ՛ ընտանիքին եւ թէ՛ ընկերութեան մէջ: Սակայն, դրամը վտանգաւոր է, որովհետեւ զօրաւոր քաշողական ոյժ ունի, եւ երբ մարդու սիրտը անոր կառչի, դրամը անոր վրայ կը տիրապետէ եւ մարդը անոր գերի կը դառնայ:
Դրամը այնքան կարեւոր տեղ կը գրաւէ դրամապաշտ մարդու կեանքին մէջ, որ ան կը սարսափի զայն կորսնցնելէ: Եղած են մարդիկ, որոնք երբ իմացած են թէ իրենց հարստութիւնը բռնագրաւուած է բռնատէր վարչաձեւի մը կողմէ, կամ կորսուած է ուրիշ որեւէ պատճառով, անձնասպան եղած են: Անոնց համար, դրամը հաւասար էր իրենց կեանքին, եւ երբ զայն կորսնցուցին, կեանքն ալ իր յարգը կորսնցուց եւ անոր վերջ դրին: Դրամասէրին համար, դրամը Աստուծմէ գերակշիռ է: Այս պատճառով, Յիսուս ըսաւ. «Չէք կրնար Աստուծոյ ծառայել եւ դրամին» (Ղկ. 16,13): Ոմանք կÿուզեն հաշտեցնել դրամասիրութիւնը աստուածասիրութեան հետ: Բայց չեն յաջողիր, որովհետեւ նժարը միշտ դրամի կողմը կը հակի եւ Աստուած երկրորդ կամ երրորդ կարգի կը դասուի: Այս կը պատահի ամէն անգամ որ մարդը, պարագայի մը բերումով, լուրջ երկընտրանքի մը առջեւ կը գտնուի: Եթէ մարդը զօրաւոր հաւատք չունի, նախապատուութիւնը կու տայ դրամին եւ ոչ Աստուծոյ: Մարդը դրամին ստրուկ դարձած է:
Այս ահաւոր գերութենէն դուրս գալու համար եւ մեր բուն եւ անփոխարինելի ապահովութիւնը՝ Աստուածը վերագտնելու համար, մեր Մայրը՝ Սուրբ Եկեղեցին մեզ կը յորդորէ ողորմութիւն ընել աղքատներուն, որոնք անպակաս են մեր շուրջ: Յիսուս ըսաւ. «Աղքատները ամէն ատեն ունիք ձեզի հետ» (Մտթ. 26,11): Անոնց ներկայութիւնը մեզի համար շնորհք պէտք է համարենք: Այսպէս, առիթը կÿունենանք դրամին չկառչելու եւ անոր չենթարկուելու: Մարդիկ, երբ կÿանդրադառնան թէ դրամը անկարող է իրենց երջանկութիւնը ապահովելու, սիրայօժար՝ կը սկսին մեծ գումարներ նուիրել բարեսիրական հաստատութիւններուն: Իրենք ուրախ կը մնան եւ ուրիշներն ալ կÿուրախացնեն: Այս նախաձեռնութիւնը իրենց համար հեշտ կը դառնայ, երբ կը սկսին, հաւատքի աչքով, աղքատներուն մէջ տեսնել Յիսուսին պատկերը:
Եկեղեցւոյ ուսուցման համեմատ, մենք մեր ինչքերուն եւ մեր դրամին սեփականատէրերը չենք: Զարմանալի կը թուի այս ասոյթը. ամէն մարդ կը կարծէ թէ իր դրամը ի՛րն է միայն, եւ կրնայ զայն ազատօրէն գործածել: Սակայն, ճշմարտութիւնը այս չէ: Մենք մեր դրամին եւ մեր ինչքերուն պարզ մատակարարներն ենք եւ օր մը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տանք անոնց մատակարարութեան մասին, ինչպէս Աւետարանի մեծահարուստը կը պահանջէր իր տնտեսէն. «Հաշիւ տու՛ր քու մատակարարութեանդ» (Ղկ. 16,2): Երանի՜ թէ մեր դրամին լաւ մատակարարներն ըլլայինք, Աստուծմէ վարձատրութիւն ստանալու համար: Մեր ինչքերը լոկ միջոցներ են՝ թէ՛ լաւ ապրելու եւ թէ՛ չքաւորներուն բարիք ընելու՝ անոնց հոգերը թեթեւցնելով: Ուրիշներուն օգնել՝ ողորմութիւն ըլլալէ աւելի՝ արդարութեան հարց է:
Անոնք որոնք դրամին կառչած են, անոնց սիրտը փակ կը մնայ Աստուծոյ Խօսքին առջեւ եւ չեն ըմբռներ աստուածային ներշնչումները: Անոնց վարուելակերպը կարծր կÿըլլայ ուրիշներուն հանդէպ եւ մանաւանդ աղքատներուն նկատմամբ: Անոնք միշտ պատճառաբանութիւններ կը գտնեն իրենց ընչաքաղցութիւնը արդարացնելու համար: Արդ, ողորմութիւնը մեծապէս մեզի կÿօգնէ դրամին մնայուն փորձութեան վտանգին դէմ: Անով մենք աւելի ազատ կը զգանք դրամին նկատմամբ եւ աւելի կը հետաքրքրուինք կարիքաւոր եղբայրակիցներով՝  անոնց օգտակար դառնալու համար:
Սուրբ Յովհաննէս ծանր ազդարարութիւն մը կÿընէ անոնց, որոնք եղբայրասէր չեն. «Մէկը որ աշխարհի բարիքները կը վայելէ եւ կը տեսնէ իր եղբայրը բանի մը կարօտ ու իր գութը կը փակէ անոր առջեւ, ի՞նչպէս Աստուծոյ սէրը պիտի բնակի անոր մէջ» (Ա. Յովհ. 3,17): Ուստի, դրամասիրութիւնը կը վանէ Աստուծոյ սէրը մարդու սրտէն:
Սուրբ Աւետարանը կը զգուշացնէ մեզ, որ չըլլա՛յ թէ մեր ողորմութիւնը կատարենք մարդոցմէ պատիւ ստանալու համար՝ հրապարակելով մեր նուիրատուութիւնները կամ մամուլին մէջ զանոնք յայտարարելով: Ընդ հակառակը, հարկ է տալ գաղտնաբար, որովհետեւ Աստուած որ գաղտնին կը տեսնէ՝ տուողը կը վարձատրէ: Կը վարձատրէ ո՛չ այնքան տուած գումարին համեմատ, որքան մարդուն սրտին մեծութեան: Այսպէս՝ Յիսուս այրի կինը գովեց, որ չնչին գումար մը՝ միայն երկու լուման դրաւ գանձանակին մէջ:
Յիսուս պէտք է մնայ միշտ մեր բարի օրինակը: Սուրբ Պօղոս կը գրէր Կորնթացիներուն. «Դուք գիտէք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը. ինք որ հարուստ էր, ձեզի համար աղքատացաւ, որպէսզի դուք հարստանաք անոր աղքատութեամբ» (Բ. Կորն. 8,9). Խորհրդածութեան արժանի խօսք:
Երանութիւններուն շարքին կը կարդանք. «Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն» (Մտթ. 5,7): Նոյնը կÿըսէ սաղմոսերգուն. «Երանի՜ անոր, որ աղքատին հոգ կը տանի: Նեղութեան օրը Տէրը պիտի փրկէ զանիկա»(Սղ. 40,2): Եւ ուրիշ տեղ մը. «Արդարը ամբողջ օրը կÿողորմի ու փոխ կու տայ, եւ անոր սերունդը օրհնուած է» (Սղ. 36,26): Եկէ՛ք եղբայրներ եւ քոյրեր, աստուածային օրհնութիւնը վաստկինք եւ ջանանք բարեացակամ եւ բարեսէր ըլլալ: Թո՛ղ գիշերն անգամ չկասեցնէ մեր գութը: Բնաւ չըսենք՝ «վա՛ղը պիտի օգնեմ»: Անհամար կարիքները յապաղում չե՛ն հանդուրժեր: Եւ այս ամէնը ընե՛նք ուրախութեամբ եւ ոչ ստիպողաբար կամ տխրութեամբ: Առաքեալը կÿըսէ. «Ով որ կու տայ անհաշիւ թող տայ՝ ով որ ողորմութիւն կÿընէ՝ ուրախութեամբ թող տայ» (Հռոմ. 12,8):  Տուողին վարձատրութիւնը մեծ պիտի ըլլայ: Սուրբ Գիրքը կը հաստատէ. «Այն ատեն՝ քու լոյսդ առաւօտի պէս պիտի ծագի, ու բժշկութիւնդ շուտով պիտի յայտնուի» (Ես. 58,8): Մեզմէ ո՞վ չի փափաքիր վայելել լոյսը եւ առողջութիւնը:
Քրիստոսի աշակերտը, որքան որ ժամանակ ունի՝ Քրիստոսը կÿայցելէ, աղքատներուն այցելելով, Քրիստոսին հոգ կը տանի՝ հիւանդներուն հոգ տանելով, Քրիստոսը կը կերակրէ՝ որբերը եւ այրիները կերակրելով, Քրիստոսը կը հագուեցնէ՝ կարօտեալները հագուեցնելով, Քրիստոսը կը հիւրասիրէ՝ կարիքաւորները հիւրասիրելով: Տէրը կÿըսէ. «Ճշմարիտ կÿըսեմ ձեզի, ամէն անգամ որ նման բարիք մը ըրիք այս փոքրիկներէն մէկուն՝ որոնք եղբայրներս են, զայն ինծի ըրիք» (Մտթ. 25,40):  Եղբայրներ, տա՛նք ուրեմն մեր չքաւոր եղբայրներուն մեր անցողակի բարիքներէն եւ անոնք մեզ օր մը պիտի «ընդունին յաւիտենական յարկերուն մէջ» (Ղկ. 16,9):

ԱՄՓՈՓՈՒՄ
 
 Ապաշխարութեան այս երեք զէնքերը՝ աղօթք, ծոմապահութիւն եւ ողորմութիւն, միեւնոյն նպատակին համար կը գործեն եւ իրարմէ ոյժ կը քաղեն: Ծոմապահութիւնը աղօթքին հոգին է, իսկ ողորմութիւնը ծոմապահութեան կեանքն է: Փորձառութիւնը կը փաստէ թէ ծոմապահութիւնը կը դադրի երբ ողորմութիւնը կը կասի: Ուստի, կարելի չէ զանոնք իրարմէ բաժնել, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը առանձին՝ տկար կը մնայ:
Ով որ կը կարծէ թէ այս երեք միջոցներէն միայն մէկ հատին կրնայ հետեւիլ, ոչինչի կը հետեւի: Ով որ կÿաղօթէ՝ ծոմ պէտք է պահէ: Ով որ ծոմ կը պահէ՝ ողորմութիւն պէտք է ընէ: Ով որ կը փափաքի որ իր խնդրանքը Աստուծմէ ընդունելի ըլլայ, պարտի ընդունիլ ուրիշին խնդրանքը: Ով որ կը սպասէ որ Երկնաւոր Հօր սիրտը բաց ըլլայ իրեն հանդէպ, պարտի չփակել իր սիրտը իրմէ խնդրողին դիմաց: Հետեւաբար, բարիքը որ ուրիշին կÿընես, անուղղակի կերպով դուն քեզի կÿընես, բայց ինչ որ քու մահուընէդ ետք ժառանգորդիդ կը ձգես, դուն անկէ օգուտ պիտի չքաղես:
 
ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆԸ

Եթէ սէրը առաքինութիւններուն գագաթնակէտն է, խոնարհութիւնը բոլոր առաքինութիւններուն հիմնաքարն է: Կարելի չէ շէնք բարձրացնել եթէ ան հաստատուն հիմ չունենայ: Նոյնպէս, կեղծ է ըսել մէկու մը մասին թէ առաքինի է՝ եթէ խոնարհ չէ: Խոնարհութեան լաւագոյն տիպարը՝ Յիսուսն է, որ մեզ կը հրաւիրէ Անոր հետեւելու. «Սորվեցէ՛ք ինծմէ՝ որ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ» (Մտթ. 11,29):
Հպարտութիւնը ամենամեծ մեղքն է: Հպարտութիւնը եղաւ Ադամին եւ Եւային առաջին մեղքը եւ պատճառ դարձաւ անոնց դրախտէն արտաքսուելուն: Այս մեղքը կոչուեցաւ սկզբնական մեղք, եւ Ադամի բոլոր զաւակները զայն կը ժառանգեն: Ան՝ գլխաւոր մեղքերուն առաջինն է եւ գերազանց Մեղքն է, գլխագիր: Ան թոյլ չի տար մարդուն որ իր ի՛նչ ըլլալը գիտակցի, մինչ խոնարհութիւնը՝ ճշմարտութիւնն է: Ասով մարդը ինքզինք կը ճանչնայ առանց պաճուճանքի եւ պարծանքի: Առանց խոնարհութեան, մարդը իր սխալները չÿընդունիր, այլ կը ջանայ միշտ ինքզինք արդարացնել: Իմաստուն մարդը այն է որ ամէն օր Աստուծմէ կը խնդրէ տեսնել իր յանցանքները՝ անոնցմէ խուսափելու համար: Սատանան ամէն առաւօտ մեր խիղճը կը ջանայ թմրեցնել, թելադրելով մեզի որ մենք լաւ կÿընենք ինչ որ կÿընենք, եւ եթէ ամէն բան մեր շուրջ լաւ չի դառնար, պատճառը միւսներուն վրայ կը նետէ: Իր խորամանկութեամբ, Սատանան, կարծէք, մեզի բարի վարուց վկայական կը շնորհէ, որպէսզի մեր մեղքերը չտեսնենք, զանոնք չսրբագրենք եւ իրեն միշտ հպատակ մնանք:
Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան մեզի հինգ հոգեշահ ուղիներ ցոյց կու տայ խոնարհ մնալու համար եւ Սատանայի թակարդին մէջ չիյնալու համար:
Առաջին՝ սուրբը կը յորդորէ որ անձը նախ ինք իր մեղքերը դատապարտէ: Եսայիի գիրքին մէջ կը կարդանք. «Խոստովանէ՛ (քու մեղքդ), որպէսզի արդարանաս» (Ես. 43,26): Նոյն գաղափարը կÿարտայայտէ սաղմոսեր•ուն. «Տիրոջ պիտի խոստովանիմ յանցանքներս ու ան պիտի ներէ իմ մեղքիս անօրէնութիւնը» (Սղ. 31,5): Եթէ մարդը, փոխանակ ինքզինք արդարացնելու, ընդունի յանցաւոր ըլլալը, Տէրը իրեն կը ներէ եւ ինք՝ զգոյշ կÿըլլայ նոյն մեղքին մէջ նորէն չիյնալու: Աւելի լաւ է քեզի համար, որ քու խիղճդ այսօր քեզ ամբաստանէ, քան թէ լսես դատապարտութիւնդ Աստուծոյ ահեղ դատաստանին օրը:
Երկրորդ ուղիին մէջ, Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան մեզ կը խրատէ, որ չյիշենք մեր թշնամիներուն կողմէ ստացած անիրաւութիւնները, այլ զսպենք մեր զայրոյթը անոնց դէմ եւ ներենք անոնց: Այլապէս, Աստուած մեր յանցանքները պիտի չներէ մեզի, ըստ նոյնինքն Յիսուսի խօսքին. «Եթէ դուք չներէք մարդոց, երկնաւոր Հայրն ալ պիտի չներէ ձեզի՝ ձեր յանցանքները» (Մտթ. 6,15):
Երրորդ ուղիին մէջ, մեծ Սուրբը մեզի խորհուրդ կու տայ՝ ջերմագին աղօթել, աղօթք մը որ մեր սրտէն բխի: Անոր մասին արդէն անդրադարձանք:
Չորրորդ ուղին՝ ողորմութիւնը: Ասիկա, կÿըսէ Սուրբը, շատ մեծ արժէք ունի: Անոր մասին երկարօրէն խօսեցանք վերեւ:
Վերջապէս, եթէ մարդը խոնարհութեամբ եւ համեստութեամբ ընթանայ, պիտի կարենայ կործանել իր մեղքերուն արմատները: Ասոր վկայ է Աւետարանին մաքսաւորը, որ, փոխանակ պարծենալու իր բարեգործութիւններովը, փարիսեցիին նման, խոնարհութեամբ յիշեց եւ իր մեղքերը խոստովանեցաւ, եւ այսպէս թեթեւցուց յանցանքներով ծանրաբեռնուած իր խիղճը:
Այս հինգ ուղիները մեզ Աստուծոյ կը մօտեցնեն եւ մեզի կÿօգնեն յառաջանալու խոնարհութեան ճանապարհին վրայ: Լաւագոյն ձեւը պիտի ըլլայ գործադրել այս հինգ միջոցները միանգամայն: Անոնք մատչելի են եւ անձը, ինչ վիճակին մէջ ալ գտնուի, կրնայ դիւրիւթեամբ զանոնք կատարել:

ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ

Տարուան մէջ, Քառասնորդաց շրջանը օրհնեալ շրջան մըն է բոլոր քրիստոնեաներուն համար:
Քառասնորդաց շրջանը դարձի շրջան մըն է դէպի գլխաւոր ճշմարտութիւնները: Ան մեզմէ կը պահանջէ որ դառնանք հաւատքի քաջ եւ հարազատ վկաներ, մեր նախնիքներուն նման:
Քառասնորդաց շրջանը աստուածահաճոյ շրջան մըն է, որ մեզ կը հրաւիրէ հոգեւոր հրահանգներ կատարելու՝ աղօթք, ծոմապահութիւն եւ ողորմութիւն, թափ տալով նաեւ խոնարհութեան հիմնական առաքինութեան:
Հարցում մը միշտ մտահոգած է հաւատացեալները, թէ արդեօք շատեր կամ միայն քիչեր պիտի փրկուին: Յիսուս այս հարցումին պատասխանեց ըսելով. «Ջանացէ՛ք մտնել նեղ դռնէն, որովհետեւ շատեր պիտի փորձեն մտնել անկէ եւ պիտի չկարենան» (Ղկ. 13,24): Բարեպաշտներուն ուղին՝ սկիզբը նեղ է, բայց հետզհետէ ան լայն ճանապարհի կը վերածուի, որովհետեւ անոր մէջ հաւատացեալը կը գտնէ յոյս, շնորհք եւ սրտի խաղաղութիւն: Քառասնորդաց շրջանը մեզ նեղ դուռէն մտցնելէն ետք՝ մեզ լաւապէս կը պատրաստէ մտնելու լայն ճանապարհէն ներս:
Կÿեզրափակեմ այս պատգամը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիէն հետեւեալ պատեհ եւ յուսադրիչ մէջբերումը կատարելով. «Որդի կենդանի Աստուծոյ, երբ ողորմութեանդ փառքի անստուեր ճաճանչները ծագին, մեղքերը կը հալին, դեւերը կը հալածուին, յանցանքերը կը ջնջուին: Կապանքները կը խզուին, շղթաները կը խորտակուին, մեռեալները կը կենդանանան, վիրաւորները  կը բուժուին, վէրքերը կÿառողջանան: Ապականութիւնը կը վերցուի, տխրութիւնը տեղի կու տայ, հեծութիւնը կը նահանջէ, խաւարը կը փախչի, մէգը կը մեկնի: Մարախուղը կը ցնդի, մռայլը կը փարատի, աղջամուղջը կը սպառի, մութը կը վերնայ, գիշերը կÿանցնի: Տագնապը կը տարագրուի, չարիքները կը չքանան, յուսահատութիւնը կը հալածուի եւ քու ամենակարող ձեռքդ, ո՜վ Քաւիչ բոլորին, կը թագաւորէ:
Դու չեկար մարդոց հոգիները կորուստի մատնելու, այլ ազատելու, որովհետեւ դուն ես միայն սկիզբը ամէն ինչի եւ ամէն բանի մէջ եւ ամբողջ լրումով, ո՜վ Դուն որ բարձունքներու մէջ օրհնեա՛լդ ես»:
Թո՛ղ Աստուածամայրը եւ մեր երկնային Մայրը, որ եղաւ հաւատարիմ աղախինը Տիրոջ, մեզի ընկերանայ Քառասնորդաց շրջանի հոգեւոր պայքարին մէջ Սատանայի եւ անոր փորձութիւններուն դէմ: Այս հոգեւոր պայքարը, եթէ յաջողութեամբ կատարենք եւ մեր սիրտերը Սուրբ Հոգիի շնորհքներովը վերանորոգենք, պիտի հասնինք հոգեպէս աշխուժացած՝ մասնակցելու համար Սուրբ Յարութեան յաղթանակին եւ վայելելու անոր ուրախութիւնները:
Թո՛ղ Աստուածամայրը, Առաւօտեան Աստղը, լուսաւորէ մեր քայլերը եւ մեր շրջանակէն ներս մեզ դարձնէ օրէ օր աւելի հարազատ աշակերտներ Քրիստոսի. Ամէն:

Հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ՝
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ  Կաթողիկէ Հայոց
       

Տուեալ ի Կաթողիկոսական Աթոռոյն ի Զմմառ
Յաւուր երրորդի ամսեանն Փետրուարի յամի Տեառն 2008 թուին
Յիններորդում ամի Հայրապետութեան Մերոյ
Ի տօնի Բուն Բարեկենդանի
 
 

   
 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ