Ուրբաթ, 11 Մայիս 2007 - Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Մեկնեցաւ Սթուտկարդ
Չորեքշաբթի, 8 Մայի 2007ին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց մեկնեցաւ Պէրութէն դէպի Սթուտկարդ, մասնակցելու համար Քրիստոնեայ հասարակութիւններու կազմակերպութիւններու եւ շարժումներու համաժողովին:Ան պիտի մասնակցի նաեւ «Միասին... Եւրոպանի Համար» հսկայ հաւաքին որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 12 Մայիսին: Այս հանդիպումներուն Հոգեւոր Տիրոջ կ՛ընկերանայ Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան՝ Ընդհանուր Քարտուղար Զմմառու Միաբանութեան: Հոգեւոր Տիրոջ վարադարձին, կայքէջը պիտի տայ կատարեալ տեղեկութիւնները եւրոպայի քրիստոնեաներու համար կարեւոր այս համագումարին եւ հաւաքին մասին:
|