Թեհրան
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շաբաթ 24 յունուարին ընդունեց Թեհրանի Հայ առաքելական առաջնորդը գերաշնորհ Տէր Սեպուհ Արքեպիսկոպոս Սարգիսեանը, Հոգեւոր Տիրոջ իջեւանած պանդոկին մէջ: Հանդիպումին ներկայ էր արհիապատիւ հայր Նշան արքեպիսկոպոս Գարաքէհէեան եւ գերապատիւ հայր Մանուէլ վարդապետ Պաղտասարեան:
Եղբայրական սիրալիր հանդիպումին ընթացքին խօսուեցաւ ընդհանրապէս իրանահայութիւնը յուզող հարցերու եւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներու լուծումներուն մասին: