Երեքշաբթի, 14 Ապրիլ 2009 - Հայրապետական Պատգամ Ս. Յարութեան Տօնին Առթիւ

Լիբանան

Կիրակի, 12 Ապրիլ 2009-ին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի յարութեան տօնը՝ Ս. Զատիկը: Եկեղեցական արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ հաւատացեալներուն փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.

 
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Սուրբ Յարութեան յաղթական ձայնը հնչեց մեր եկեղեցիներէն եւ մեր տուներէն ներս, ինչպէս նաեւ մեր սրտերուն եւ մեր հոգիներուն մէջ, մեզ հրաւիրելով զատկական ուրախութեան եւ անկէ ճառագայթող լոյսին եւ յոյսին:
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի քաւութեան զոհը եւ Անոր փառաւոր Յարութիւնը, յաղթելով մեղքին եւ մահուան, ազատագրում պարգեւեցին համայն մարդկութեան: Սակայն այս ազատագրումը կրնան վայելել միայն անոնք որ կը հաւատան թէ Աստուած բարեգութ հայր է եւ թէ Քրիստոս միակ Փրկիչն է, եւ ան որ լրջօրէն կ’աշխատի ապրելու Ս. Աւետարանի խօսքին համաձայն:
Արդարեւ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք մնաք իմ խօսքիս մէջ, իսկապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք եւ պիտի ճանչնաք ճշմարտութիւնը նոյն ինքն եւ ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհ. 8, 31-32): Ուրեմն, ճշմարտութիւնը Յարուցեալ Քրիստոսն է  եւ ոչ իրմէ դուրս տարածուած որեւէ ուրիշ գաղափարներ: Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք» (Յովհ. 14,6): Ան մեզ կը հրաւիրէ իրեն հետեւելու ճշմարտութեան ճանապարհի վրայ՝ իր հիմնած Եկեղեցիին ցուցմունքներուն համեմատ, ուր ապահովութիւն կայ եւ խաբուելու վախ չկայ: Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան, յարութեան տօնին առիթով ըսաւ. «Թո՛ղ ոչ ոք վախնայ մահէն, որովհետեւ մեր Փրկչին մահը մեզ ազատագրեց մահէն», այսինքն մեզ ազատագրեց խաբէութենէ եւ ամէն տեսակ մեղքէ:
Ուստի, սիրելիներ, աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն հետ փառաբանե՛նք Յիսուսին յաղթանակը մահուան վրայ եւ ցնծա՛նք որովհետեւ մեր Տէրը ամենակարող է: Պարտինք նաեւ մեզի պարգեւուած ուրախութիւնը սփռել մեզի մօտեցողներուն եւ անոնց որոնք տակաւին որոշ մոլութեան ենթակայ են, որպէսզի անոնք ալ վայելեն Քրիստոսի ազատութիւնը: 
Սիրելիներ, պէտք է ճիգ թափենք չկորսնցնելու համար «ազատութեան կատարեալ Օրէնքը» (Յակ. 1,25), որ է Ս. Աւետարանի հոգին, որովհետեւ շատ դիւրին է խաբուիլ եւ կամաց կամաց աշխարհի հոգիին հետեւիլ, ինչպէս շատեր կ’ընեն դժբախտաբար: Պարտինք նաեւ ազատութեան շնորհքը փոխանցել մեր մօտիկ եւ հեռաւոր ծանօթներուն՝ մեր ամենօրեայ ապրումով, որովհետեւ մենք նախ քրիստոնեայ ենք, անկէ ետք պաշտօնեայ ենք, գործաւոր, բժիշկ,  փաստաբան կամ ուսուցիչ: Մեր ամենամեծ պատիւը՝ մեր քրիստոնեայ ըլլալն է:
Մեր շուրջը կան մարդիկ, որոնք կը կարծեն թէ ազատութիւնը կը կայանայ դրամ դիզելով, կամ իշխանութեան հասնելով եւ կամ օրէնքները զանց առնելով: Առանց անդրադառնալու, այսպիսիներ գերի կը դառնան աշխարհի կուռքերուն, այսինքն՝ կը վազեն հարստութեան, հանգամաւոր դիրքի եւ մեծ համբաւի ետեւէն, եւ հետզհետէ աւելի ենթակայ կ’ըլլան իրենց անձնասիրութեան, իրենց կիրքերուն եւ ուրիշ ամբարոյ վայելքներուն: Իբր հետեւանք՝ փոխանակ ազատութիւնը վայելելու՝ ասոնք ուղեկորոյս ու դժբախտ կը մնան, որովհետեւ աշխարհը չի՛ կրնար ուրախութիւն շնորհել, այլ՝ միայն անցողակի հաճոյքներ:
Երանի անոնց, որոնք խղճմտութեամբ կը հետեւին Ս. Աւետարանին եւ բարի օրինակ կ’առնեն Սուրբերու կեանքէն: Ասոնք կը յաղթեն իրենց ամենօրեայ դժուարութիւններուն: Ասոնք կը վայելեն իսկական ազատութիւնը, եւ կը յաջողին կամաց կամաց իրենց հոգին եւ միտքը ձերբազատել փորձութեան խաբուսիկ վայելքներէն:
Երանի անոնց, որոնք օգտուելով Ս. Յարութեամբ վերագտած ազատութենէն, կը գործեն առանց դադարի հաւատարիմ մնալու համար քրիստոնեայ սկզբունքներուն, հակառակ բոլոր խոչընդոտներու որոնց կ’ենթարկուին եւ աշխարհի հրապոյրներու: Այսպէս ըրին մեր բիւրաւոր նահատակները եւ այսպէս կ’ընեն այսօր բազմաթիւ համոզուած քրիստոնեաներ:
Երանի անոնց, որոնք կ’աշխատին իրենց յաւիտենականութեան համար, յարուցեալ Յիսուսին հետ միանալու նպատակով, յաղթելով իրենց հպարտութեան, նախանձի եւ ծուլութեան կիրքերուն:
Յիսուս, Փաթմոս կղծիին մէջ կ’երեւի Ս. Յովհաննէս աւետարանիչին եւ իրեն կ’ըսէ. «Մի՛ վախնար, ես եմ Առաջինը եւ Վերջինը» (Յայտ. 1,17): Այս ըսելով, Յիսուս կ’ուզէ մեզի ըսել՝ մի՛ վախնաք չարէն, քանի իմ Յարութեամբս բարին յաղթեց չարին եւ սուտին, որովհետեւ բարին չարէն աւելի զօրաւոր է եւ քանի Ս. Յարութեամբ՝ կեանքը յաղթեց մահուան: «Մի՛ վախնար» բառերը՝ զօրավիգ են մեզմէ ամէն մէկուն, այսօրուայ Յիսուսի աշակերտներուս համար, բայց մանաւանդ անոնց համար ո ֆիզիքապէս ու հոգեպէս կը տառապին եւ ծանր դժուարութեան մէջ կը գտնուին, որովհետեւ յաղթական Յիսուսը անոնց հետ է: 
Սուրբ Պօղոս կ’ըսէ. «Եթէ քու բերնովդ Յիսուս Տէր խոստովանիս եւ եթէ քու սրտովդ հաւատաս թէ Աստուած զինք յարոյց մեռելներէն, պիտի փրկուիս» (Հռոմ. 10,9): Այս խօսքէն մեկնելով, Ս. Օգոստինոս կ’ըսէ. «Քրիստոնեաներուն հաւատքը՝ Քրիստոսի յարութիւնն է»: Ուրեմն, քրիստոնեայ չի՛ սեպուիր ան որ չի հաւատար Յիսուսի յարութեան: Բոլոր մարդիկ կ’ընդունին թէ Յիսուս մեռաւ, հեթանոսներն անգամ կ’ընդունին, բայց միմիայն քրիստոնեաները կը հաւատան թէ Յիսուս յարութիւն առաւ: Այս է ճշմարտութիւնը որ ոյժ եւ քաջութիւն կու տայ քրիստոնեաներուն, որպէսզի  շարունակեն պայքարիլ իրենց սկզբունքները պահելու համար եւ չհետեւիլ աշխարհի խաբէական հրապոյրներուն կամ շրջապատող գէշ օրինակներուն: Քրիստոսի յարութիւնն է որ ոյժ եւ քաջութիւն կը ներշնչէ երիտասարդներուն եւ երիտասարդուհիներուն՝ իրենց կեանքը մաքուր պահելու համար: Քրիստոսի յարութիւնն է որ կը մղէ նուիրեալ անձերը, բայց նաեւ աշխարհականներ, ընդիմանալու չարին, օգնելու կարիքաւորներուն եւ սփոփելու տառապեալներու ցաւերը՝ իրենց ներշնչելով յոյս եւ ուրախութիւն: Քրիստոսի յարութիւնն է որ հերոսական ոյժ պարգեւեց բիւրաւոր նահատակներուն, որոնք մինչեւ իրենց կեանքին վերջին շունչը՝ հաւատարիմ մնացին իրենց հաւատքին:
Քրիստոնեաները պարտին իրենց շրջանակին մէջ վկայել խօսքով, բայց մանաւանդ իրենց ապրելակերպով, թէ Քրիստոս իսկապէս յարութիւն առած է, ոչ միայն որովհետեւ այս է եկեղեցւոյ հիմնական հաւատքը, այլ նաեւ որովհետեւ անոնք տեսան Յարութեան բարիքները իրենց կեանքին մէջ: Ուստի, ամէն տեղ՝ տան մէջ, գործին մէջ եւ կամ ընկերներուն մօտ, ուր որ Տէրը մեզ ղրկէ, պարտիք ըլլալ յարուցեալ Քրիստոսի վկաներ եւ լուսաւորել ձեր շրջանակը Ս. Յարութեան յուսադրիչ պատգամով: Այս ըմբռնումը պէտք է դառնայ ձեր առաջնահերթ մտահոգութիւնը ձեր համայնքէն ներս, ձեր ժողովրդապետութենէն ներս, ամէն տեղ, մանաւանդ՝ ուր գոյութիւն ունի տակաւին բազմաթիւ խաբուած մարդիկ, կամ ուր գոյութիւն ունի ատելութիւն, անարդարութիւն, ստախօսութիւն եւ մոլութիւն, որպէսզի ամէնքը գիտնան թէ Յիսուս իր յարութեամբը պատասխան եւ լոյս բերաւ իրենց հարցերուն եւ ցաւերուն: Այսպէս կատարած կ’ըլլաք Յիսուսին պատուէրը իր աշակերտներուն, երբ անոնց երեւցաւ Յարութենէն ետք եւ ըսաւ. «Գացէ՛ք ուրեմն, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը,  սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել ինչ որ ես պատուիրեցի ձեզի եւ ես ահաւասիկ ձեզի հետ եմ ամէն օր մինչեւ աշխարհի կատարածը» (Մտթ. 28, 19-20):
Սիրելիներ, պայքարի՛նք չարին դէմ յարուցեալ Քրիստոսէ ստացած շնորհքներովը: Եւ Յարուցեալ Յիսուսի շնորհքին վստահած՝ վերանորոգե՛նք ամէն օր մեր բարի տրամադրութիւնները՝ աղօթքով եւ սուրբ խորհուրդներով: Հետեւի՛նք Ս. Պօղոսի յորդորին, որ կ’ըսէ. «Քրիստոս մեզ ազատագրեց, որպէսզի ազատ մնանք: Հաստատ կեցէ՛ք ազատութեան մէջ... եւ ստրկութեան լուծին մի՛ ենթարկուիք» (Գաղ. 5,1):
Լիայոյս սրտով իմ հայրական բարեմաղթութիւններս կը յայտնեմ ձեզի՝ սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, Յիսուս Քրիստոսի փառապանծ եւ լուսաւոր Յարութեան տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ՝ համայնքի բոլոր զաւակներուն ի սփիւռս աշխարհի, մանաւանդ Մայր Հայրենիքին մէջ: Թող աշխարհին Փրկիչը, որ յաղթական դուրս ելաւ գերեզմանէն, պարգեւէ ամենուն շնորհքի ոյժ, անսահման ուրախութիւն եւ հաստատ խաղաղութիւն. Ամէն:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ – ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ 

Ներսէս Պետրոս ժԹ.
    Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ