Ուրբաթ, 24 Դեկտեմբեր 2010 - Լիբանանի մէջ Հ.Հ. դեսպանը այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան

 

Պէյրութ

Հինգշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2010 առաւօտեան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, Ժեհթաուիի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը: Հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը անդրադարձան Լիբանանի եւ Հայաստան - սփիւռք յարաբերութիւններուն առնչուող հարցերուն, ուր նաեւ դեսպանը շեշտը դրաւ Լիբանան - Հայաստան փոխյարաբերութիւններուն սերտացման անհրաժեշտութեան վրայ:
Հանդիպման ընթացքին, Հոգեւոր տէրը կարեւորութեամբ շեշտեց Հայոց ցեղասպանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցերը միջազգային ամպիոններէն արծարծելու անհրաժեշտութիւնը եւ այդ գծով տարուած աշխատանքներուն առաւել աշխուժացումը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ