Երեքշաբթի, 22 Յուլիս 2014 - Հայր Մեսրոպ ծ.վ. Սիւլահեան՝ ընդհանուր փոխանորդ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւ. Եւրոպայի առաջնորդութեան

Քանաքեռ

Հինգշաբթի, 17 յուլիս 2014, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, արհիապատիւ հայր Ռաֆայէլ արք. Մինասեան սուրբ Պատարագ մատուցանեց Քանաքեռի (Երեւան) «Նարեկի Տիրամայր» եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ հոգեւոր հայրերու, հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու Բ.  համագումարի մասնակիցներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:

Յընթացս սուրբ Պատարագին, սրբազան հայրը թագադիր ծայրագոյն վարդապետի աստիճանը շնորհեց Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի նորանշանակ առաջնորդական փոխանորդ (ըստ ԱԵԿ կանոն 245-ի), Մխիթարեան ուխտէն՝ հայր Մեսրոպ ծ.վ. Սիւլահեանին, անոր տալով խոյր, գաւազան եւ մատանի,  ապա՝ սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ անոր:

Յաւարտ սուրբ Պատարագին, ներկաները եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ իրենց շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքները ներկայացուցին Հայաստանի առաջնորդութեան ընդհանուր փոխանորդ գերապայծառ հայր Մեսրոպ թ.ծ.վ. Սիւլահեանին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ