Պէյրութ, 5 Մայիս 2008
Դիւան թիւ 150/08
Շ Ն Ո Ր Հ Ա Ւ Ո Ր Ա Գ Ի Ր
Պատուարժան Խմբա•րութիւն «ԶԱՐԹՕՆՔ»ի,
Ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ կ’ողջունենք «Զարթօնք»ի վերհրատարակումը՝ շուրջ 14 ամիսներու ընդհատումէ մը ետք: 70ամեայ թերթի պատասխանատուներու այս ողջունելի նախաձեռնութեան մէջ կը տեսնենք մեր ազգային կեանքին յառաջընթացը խոչընդոտող տարաբնոյթ դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ լիբանանահայ գաղութի կենսունակութիւնը վառ պահելու հայկական կազմակերպութիւններու վճռակամութեան մէկ վկայութիւնը: Առանց Հայ Մամուլին՝ հնարաւոր չէ այդ յառաջընթացը, որովհետեւ Հայ Մամուլը Հայ Եկեղեցի-Դպրոց-Միութիւն եռոտանի ազգային կառոյցը զօրացնող չորրորդ հիմնասիւնն է: Հայ Մամուլի իւրաքանչիւր օրկան ունի իր կարեւոր տեղն ու դերը մեր ազգային կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս:
«Զարթօնք»ի անխափան երթի մեր մաղթանքին կը միացնենք Մեր աղօթքը առ Աստուած, որպէսզի պահէ, պահպանէ եւ զօրացնէ Հայ Մամուլին նուիրեալները:
Հայրական Օրհնութեամբ՝
… Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց