Պէյրութ
Կը տեղեկացնենք, թէ գերապայծառ Միքայէլ եպս. Մուրատեանին հայրը՝ Սարգիս Մուրատեան, ծնեալ՝ 1927-ին, մահացաւ երեքշաբթի, 17 յունուարին։ Թաղման արարողութիւնն ու յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուին շաբաթ 21 յունուար 2012-ին, Լիոն քաղաքին մէջ, ֆրանսա։ Իսկ կիրակի, 22 յունուարին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարէ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան «Սրբոյ Կուսին Աւետման» եկեղեցւոյ մէջ Աշրաֆիէ (Պէյրութ), որմէ ետք հանգուցեալին պարագանները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին դահլիճին մէջ։