Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2011 - Արհիապատիւ հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի մեծարանքի հանդիսութիւն


Պէյրութ

Երեքշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2011, տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն նուիրուած՝ հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ արհիապատիւ հայր Վարդան եպս. Աշգարեանին, Աշրաֆիէի ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին, երեկոյեան ժամը 8-ին։
Հանդիսութեան յայտագիրը նախ սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա բացման խօսքը կատարեց տիկին Զուարթ Նաճարեան, որ գերապայծառ Աշգարեան գլխագիր Մարդն է, զտարիւն հայ եւ առաքինի հոգեւորական մը, միեւնոյն ատեն այդ երեք կոչումներով առաջնորդուող մտաւորական մը, մշակոյթի գործիչ մը, գրող մը, բանաստեղծ մը եւ մանաւանդ սերունդներ կերտող դաստիարակ մը:

Հանդիսութեան խօսք առաւ Մխիթարեան վարժարանի տնօրէն՝ գերյարգելի հայր Յովսէփ ծ.վ. Թոփալեան, որ անդրադարձաւ գերապայծառ Աշգարեանին անձնական արժանիքներուն եւ ան վեր առաւ անոր 50 տարիներու մարդակերտումի, հայակերտումի, քրիստոսակերտումի եւ ուսումնակերտումը վաստակը։
Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի տնօրէն քոյր Արմինէ Մակարոսեան խօսելով գերապայծառին վաստակին մասին` Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան կողմէ եղբայրական սիրոյ եւ յարգանքի տուրք մատուցեց` նշելով, որ ան իր կոչումով, բանաստեղծական գրիչով Քրիստոսը հաղորդած է եւ Մարիամի մեծութիւնը գովերգած:
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ անդրադառնալով գերապայծառ Աշգարեանի արժանիքներուն յայտնեց, որ իրեն համար կը բաւէր հայ ըլլալ եւ դառնալ իր հարազատը, հայուն հարազատը:
Յայտագիրը ընդգրկեց նաեւ գեղարուեստական բաժին մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան՝ «Բլբուլ» մանկապատանեկան երգչախումբը խմբավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի, ասմունք, մեներգներ՝ Մարինէ Գրիգորեանի կատարողութեամբ, երաժշտական եռեակ, եւ պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը խմբավարութեամբ՝ դոկտ. Էտուար Թորիկեանի։  

Խօսքերէն եւ գեղարուեստական յայտագրէն ետք, արհիապատիւ հայր Վարդան եպս. Աշգարեան ստացաւ յուշանուէրներ Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդին, Պուրճ Համմուտի, Հազմիէի եւ Այնճարի քաղաքապետութիւններուն կողմէ։
Ապա մեծարեալը իր սրտին խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, յայտնելով որ ինք հայ ազգին եւ Եկեղեցւոյ ծառան է եւ կը կատարէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը։ Ան շեշտեց, որ իրեն համար հայ երեխան դարձած է կեանքի խորհրդանիշ եւ Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտներուն ձայները մշտապէս ուրախացուցած են իր հոգին:
Հանդիսութեան աւարտին, ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց այս առթիւ, յայտնելով որ գերապայծառ Աշգարեան Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Վիեննայի կազմաւորման օրրանը հանդիսացող Մխիթարեան միաբանութեան վերջին 5 տասնամեակներու պատմութեան վրայ ճառագայթող դրոշմ ձգած է: Ան նշեց, որ գերապայծառը հաւատարիմ խորհրդատու մը, խաղաղարար հոգի մը եւ արարատասէր կրօնաւոր մըն էր, սակայն ոչ մէկ պարտականութիւն ու պաշտօն կրցած են իր ուշադրութիւնը շեղել հայ նորահաս սերունդին վրայէն, որովհետեւ ազգի եւ համայնքին ապագան տեսած է իւրաքանչիւր հայ մանուկին մէջ:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անդրադառնալով գերապայծառ Աշգարեանի մտաւորականի տիպարին ըսաւ. «Իր պարտականութիւններու բեռին ծանրութիւնը զինք իր մտաւորական մարդու նախասիրութենէն չեն հեռացուցած: Ան իմաստուն կերպով հաշտեցուցած է իր հոգեւորականի կոչումն ու մշակութային առաքելութիւնը եւ թուղթին յանձնած է իր մարդկային ապրումները»:
Հոգեւոր տէրը եզրափակեց ըսելով, թէ Աշգարեան գերապայծառի ծառայութեան մեծագոյն վարձատրութիւնը եղած է իր կեանքը ամբողջութեամբ Աստուծոյ նուիրելու հոգեկան բաւարարութիւնը, եւ անոր պատուեց յուշանուէրով:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ