Հինգշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2014 - Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի մասունքը Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ (յապաղումով)

 

Պէյրութ

Լիբանանահայ հանրութեան՝ Աղօթքի միջավայրի մը եւ Սուրբ Ծննդեան Յիսնակաց ժամանակաշրջանի բացման առթիւ, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի հրաշագործ մասունքը, Պէյրութ բերուեցաւ, Շաբաթ 15 Նոյեմբեր 2014-ի յետմիջօրէի ժամը 4-ին: Պուրճ Համմուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն՝ մասունքը, հանդիսաւոր թափօրով բերուեցաւ Ս. Փրկիչ Եկեղեցի: Եկեղեցւոյ բակին մէջ ծովածաւալ բազմութիւն մը դիմաւորեց մասունքը, մինչ կոչնակի ղօղանջները կ'աւետէին սրբութեան լուրը: Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ «Արծիւեան» երգչախումբի անդամներու երգեցողութեամբ հնչեց «Ուրախ լեր»ը, ժողովուրդը խնկաբոյր այս մթնոլորտով ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր Մեսրոպեան վարժարանի հոգեւոր խմբակին կողմէ պատրաստուած տեսաերիզով ցուցադրուեցաւ Յովհաննէս Պետրոս Բ. Քահանայապետի կեանքի ուղին ընդգրկող տեսանիւթը,ապա ժամը 6-ին մատուցուեցաւ հայրապետական սուրբ պատարագ: Պատարագեց եւ քարոզեց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, առընթերակայ ունենալով եկեղեցւոյս ժողովրդապետ գերապատիւ Հայր Պերճ վարդապետ Սապէհը եւ գերապատիւ Հայր Բարսեղ վարդապետ Պաղտասարեանը: Պատարագին սպասաւորներն էին Զմմառեան միաբանութեան Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի ժառանգաւորաց եւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի սաները:

Ստորեւ՝ Հոգեւոր Տիրոջ տպաւորիչ քարոզը:

Արհի. Գերապայծառ Տէր

Գեր. Հոգեւոր Հայրեր

Առաքինազարդ Քոյրեր

Յոյժ Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Համայն Կաթողիկէ աշխարհը ուրախութեամբ ընդունեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբ. Պապին հռչակումը որպէս Սուրբ միատեղ Յովհաննէս ԻԳ. Սրբ. Պապին հետ, անցեալ Ապրիլ 27-ին:

Արդարեւ, բազմաթիւ եւ բազմազան եղած են Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ին գործունէութիւնները՝ 14 Շրջաբերական Թուղթ, մօտ 3000 Առաքելական Նամակներ եւ Յորդորներ, անհամար քարոզներ եւ ճառեր ամէն խաւի մարդոց ուղղուած, ի մէջ այլոց՝ արուեստագէտներուն, գիտնականներուն, երիտասարդներուն եւ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ կիներուն եւ մանուկներուն։

Ան կատարած է 104 ճամբորդութիւններ՝ այցելելով 130 երկիրներ որպէս խաղաղութեան առաքեալ եւ իբր ուխտաւոր։ Ամէն տեղ իր հայրական ու հեղինակաւոր խօսքը արտասանած է եւ իր այցելութեամբ յատուկ դրոշմ մը ձգած է։ Պատմութեան մէջ, ան առաջինը եղաւ Հայաստանը այցելելու եւ մեր բիւրաւոր նահատակներու Ծիծեռնակաբերդի կոթողին առջեւ աղօթելու։ Ան եղաւ նաեւ առաջին Քահանայապետը, որ ճանչցաւ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտեց անոր ահաւոր արարքը։ Իր քահանայապետութեան օրով, Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. 483 Սուրբեր հռչակած է եւ 1339 երանելիներ։

Արժանի է նշել սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ, 7 Հոկտեմբեր 2001-ին հոգեպարար արարողութիւնը, որուն ընթացքին Յովհաննէս Պօղոս Բ. երանելի հռչակեց 1915-ի ցեղասպանութեան զոհ գացած Մարտինի Արքեպիսկոպոսը՝ Իգնատիոս Մալոյեան:

Իսկ 18 փետրուար 2001-ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը նախագահեց հայկական ծէսով հայրապետական սուրբ Պատարագին, որուն աւարտին, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ շնորհեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին մասունքները, որոնք պահուած էին Նաբոլի քաղաք՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ անունով վանքին մէջ՝ ութերորդ դարէն ի վեր։

Նոյնպէս, հայ ժողովուրդին մկրտութեան 1700-ամեակին առիթով, հայասէր Սրբազան Պապը ուղղեց Հայ Ժողովուրդին Առաքելական Նամակ մը, որուն մէջ կը դրուատէր Հայաստանը, որ պետականօրէն առաջին քրիստոնեայ ազգը հանդիսացաւ, ինչպէս նաեւ Հայ Ժողովուրդը, անոր հաւատարմութեան համար Քրիստոսին եւ Սուրբ Աւետարանին՝ ի գին իր արեան անոր երկար պատմութեան ընթացքին։

Կ'արժէ այսօր մէջբերել Սրբազան Հօր այդ նամակէն սա տպաւորիչ հատուածը. «Հայերը, որպէս խաղաղութեան եւ աշխատասիրութեան պատգամաւորներ, աշխարհը շրջեցան ու անցան, եւ իրենց ձեռքերու ծանր աշխատանքով թանկագին նպաստ մը ընծայեցին...։ Քրիստոնեայ ժողովուրդը ուրախ է իրենց վեհանձն ու հաւատարիմ ներկայութեան համար եւ կը մաղթէ, որ անոնք միշտ համակրանք եւ հասկացողութիւն կարենան գտնել աշխարհի ամէն կողմ»։

Արժանի է նաեւ նշել, 19 Յունուար 2005-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մեծղի արձանին զետեղումը Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի հրամանով սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի արտաքին պատին որմախորշին մէջ:

Կարելի չէ համառօտել Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ.ին կեանքն ու գործունէութիւնը քանի մը տողերուն մէջ։ Բայց կարելի է վեր հանել կարգ մը ցայտուն կէտեր, որոնք բնորոշեցին անոր քառորդ դարէ աւելի քահանայապետութեան երկար գործունէութիւնը։

Ան՝ վերանորոգեց Կաթողիկէ Եկեղեցին՝ սուրբ Աւետարանի ուսուցումով, եւ բազմաթիւ կնճռոտ ու վիճաբանուած հարցերու մասին վարդապետական լուսաբանութիւններ տալով, ինչպէս նաեւ իր յաճախակի այցելութիւններով ու հանդիպումներով եւ մանաւանդ` իր օրինակելի ու սրբակեաց կենցաղով։

Ան՝ իր կեանքին իբր հոգեւոր զէնք ընտրեց Աղօթքը։ Ամէն օր, Ճանապարհ Խաչիի եւ սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդութիւնները անսայթաք կերպով կը կատարէր։ Շատեր կը վկայեն թէ կարգ մը կարեւոր որոշումներ առած է աղօթքի պահերուն։

Ան՝ Խաչը քարոզեց որպէս փրկութեան միջոց եւ անոր փարեցաւ։ Իրեն համար Խաչը լոկ բնաբան մը չէր, այլ անով կ'ապրէր ու զայն կը կրէր իր վիրաւոր եւ հիւծած մարմնին մէջ, մինչեւ կեանքին վերջին շունչը։

Ան՝ դարձաւ մեր արդի ժամանակներուն Յոյսի Վկան եւ Քարոզիչը։ Ամէնուն աւետեց սա ճշմարտութիւնը՝ թէ Քրիստոս ամէն մարդու կեանքին իմաստ կու տայ։ Իր այս գաղափարականով, ան յուսատու շունչ մը ներշնչեց տագնապահար մարդոց եւ յատկապէս երիտասարդներուն, որոնք երկու տարին անգամ մեծ բազմութեամբ եւ խանդավարութեամբ կը փութային Երիտասարդութեան Միջազգային Օրերու հանդիպումին՝ զինք տեսնելու եւ անոր հայրական խօսքը լսելու եւ անով առաջնորդուելու։

Ան՝ նոր սլացք մը տուաւ Համամիութենական շարժումին՝ շնորհիւ զանազան կրօնապետներու հետ իր ունեցած թղթակցութեան եւ բազմաթիւ հանդիպումներուն, ըլլա՛յ Վատիկան ըլլա՛յ իր ճամբորդութիւններուն առիթով։

Ան՝ խաղաղութեան Առաքեալը դարձաւ ու կրցաւ իր անընդհատ միջամտութիւններով արգելք հանդիսանալ շատ մը պատերազմներու եւ ընդհարումներու։

Ան՝ եղաւ մեր դարուն մարդկութեան «Խղճին ձայնը», որ կը հնչեցներ ամէն ատեն, ի ժամու եւ ի տարաժամու, մարդկային արժէքները պաշտպանելու եւ տկարին, աղքատին ու թշուառին իրաւունքը եւ արժանապատուութիւնը պահանջելու։

Քրիստոսէն իրեն յանձնուած դժուարին եւ երկար առաքելութիւնը աւարտելէ ետք, յօգուտ ոչ միայն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ՝ այլ նաեւ համայն մարդկութեան, Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը հիմա արդարներուն հետ կը վայելէ յաւիտենական հանգիստը եւ կը բարեխօսէ իրեն հաւատքով ու խոնարհութեամբ դիմողներուն։

Փա՜ռք կու տանք Աստուծոյ, որ այս դժուար ժամանակներուն՝ համայն աշխարհին պարգեւեց նման սուրբ եւ իմաստուն Սրբազան Քահանայապետ մը:

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս, աղօթէ՛ մեզմէ ամէն մէկուն համար:

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս, բարեխօսէ՛ համայն Հայ Ազգին համար. ամէն:

Եկեկոյեան, արաբախօս ժողովուրդը եւս հոգեպարար արարողութեան հաղորդակից դարձնելու համար մատուցուեցաւ արաբերէն լեզուով պատարագ, որ մատուցեց՝ Մարոնիթ Սուրբ Յովսէփ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը, արժանապատիւ՝ Տէր Սամին Քահանայ Շալհուպը: Մասունքը, որ առանձին խորհուրդ ու իմաստ ունի հաւատացեալ ժողովուրդին համար, մնաց երկու օր, եզրափակիչ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի 16 Նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10-ին: Պատարագեց եւ քարոզեց Զմմառու մայրավանքի մեծաւոր եւ Պէյրութի պարիարքական թեմի փոխանորդ գերապայծառ Գաբրիէլ Թ.Ծ. Վարդապետ Մուրատեան առընթերակայութեամբ գերապատիւ՝ հայր Ղազար Վրդ. Պետրոսեանի եւ Գերապատիւ՝ Հայր Մաշտոց վարդապետ Զահթէրեանի: Տօնախմբութեան վերածուած արարողութեան ներկայ գտնուելու եւ իրենց յարգանքը մատուցելու համար ժամանած էր անխտիր համայն Լիբանանահայութիւնը: Բարեպաշտ ժողովուրդը անձկագին, երկիւղած եւ միահամուռ ձեւով հաւաքուած էր ըմբոշխնելու մասունքին մատուցումը: Մեծաւոր հայրը իր քարոզին մէջ հակիրճ գիծերով ներկայացուց Քահանայապետին վարքը ու թուեց անոր հայութեան աւանդած հարուստ ժառանգութիւնը, ինչպէս «Զմմառեան նահատակ միաբաններէն Մարտինի Իգնատիոս Մալոյեան Արքեպիսկոսին Երանելի հռչակումը: Այսպիսով Քահանայապետը անթաքոյց ճանչցաւ հայոց ցեղասպանութիւնը»: Գերապայծառ Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վարդապետ Մուրատեան աւելցուց «2001-ին Քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման 1700 ամեակին առթիւ, Հայաստան կատարուած պատմական այցելութեան ընթացքին, Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ, որպէս եղբայրական զգացմունքի արտայայտութիւն, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի մասունքները յանձնեց Սուրբ Էջմիածինին, ապա Անթիլիասի մայրավանքին եւ Հայ Կաթողիկէ Աթոռին, ինչպէս նաեւ Վատիկանի Ս. Պետրոս Մայր Տաճառի գլխաւոր մուտքին կանգնեցուց հայոց Լուսաւորչին արձանը, որով հայերս երախտապարտ ենք այս Մեծ Սուրբին»: Մեծաւոր հայրը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Այսօր Լիբանանահայութեան համար ուխտի վերանորոգման օր է: Ուխտենք հաւատարիմ մնալ բոլոր անոնց՝ որոնք օժանդակած են մեր ազգին ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ պանծացման ու բարգաւաճման»: Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ գեղեցիկ թափօր մը Պուրճ համուտի թաղերէն ներս: Երկուշաբթի, 17/11/2014-ին, կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի հոգեւոր խմբակին ու անոր հոգեւոր վարիչ՝ Հ. Ղազար վարդապետ Պետրոսեանին, երիտասարդական գեղեցիկ աղօթքի, շարականի, պատգամի եւ տեսանիւթի յայտագիր մը ներկայացուեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի միջնակարգ եւ երկրորդական դասարանի աշակերտներուն:

Դիւան

Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ