«Կը խոստանանք համալրել բոլոր անոնց շարքերը,
ովքեր պարծանք ու հպարտութիւն կը բերեն
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանին»
Երեքշաբթի, 10 Յուլիս 2007ի երեկոյեան ժամը 8:00ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի շրջաբակին մէջ մեծաթիւ հիւրեր եւ ներկաներ եկած էին բարի երթ մաղթելու համար 2006-2007 տարեշրջանի աւարտականներուն:12րդ դասարանի աւարտականները, առաւել պրըվէ դասարանի աւարտականները անուն առ անուն հրաւիրուեցան բեմ, որմէ յետոյ հնչեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգները: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ, որպէսզի փոխանցէ տնօրէնութեան խօսքը: Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի ողջ ընտանիքին անունով ջերմօրէն ողջունելով բոլոր ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց, որ իրենց ներկայութեամբ պատուած էին ամավերջեան հանդէսը :
Ապա Պր. Գալուստ պահը յարմար նկատելով, բոլոր ներկաներուն եւ վարժարանի հազարաւոր բացակայ բարեկամներուն հաւաստիացուց, որ անցնող տարեշրջանը ոչինչով կը զիջած է իրեն նախորդած տարեշրջաններուն, եւ որ այս տարուան ցայս հրապարակուած պաքալօրէայի քննութեանց արդիւնքները պատուաբեր են Մեսրոպեան վարժարանին համար եւ վստահեցուց, որ տակաւին հրապարակուելիք արդիւնքներն ալ պիտի ըլլան նոյնչափ պատուաբեր:
Պարոն տնօրէնը անդրադարձաւ վարժարանէն ներս իրագործուած շինարարական բոլոր աշխատանքներուն, (գրադարան եւ տարրալուծարան, ինչպէս նաեւ աշակերտական արդի լսարան եւ տանիքի զբօսավայր), ինչպէս նաեւ խոստացաւ, որ «շուտով նոր գրադարանով մը կÿօժտուին նաեւ մանկապարտէզն ու նախակրթարանը»:
Այս առթիւ Պր. Կրէկուար Գալուստ երախտագիտութեան անկեղծ զգացումնե¬ր արտայայտեց «Միացեալ Հայկական Հիմնադրամ»ին, «Լինսի» Հիմնադրամին եւ «Ռոպերթ Պօղոսեան եւ
Որդիք» հիմնադրամին, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ իրականացնել այն բոլոր բարեկարգումները, որոնց մասին ան անդրադարձաւ իր խօսքին մէջ:
Պր. Տնօրէնը խօսքը ուղղելով աւարտականներուն ըսաւ. «Կը շնորհաւորեմ ձեզ` ձեր կեանքի այս գեղեցկագոյն օրուան առիթով: Վաղը դուք պիտի նետուիք համալսարանկան բարձրագոյն ուսման ասպարէզ, ուր ձեզի վիճակուողը միմիայն յաջողութիւնները թող ըլլան»:
Տնօրէնի խօսքէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, նախաձեռնութեամբ եւ գործադրութեամբ աւարտական դասարանի աշակերտութեան: Անոնք կատարեցին զոյգ խմբերգներ հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով:
Ապա յանուն աւարտական դասարանի հայերէն ուղերձը կարդաց աշակերտուհի Սարին Նեմշէհիրլեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մենք հպարտ ենք այս վարժարանի աշակերտները ըլլալով: Մենք յոյսով ենք, որ այսօրուան վերջը պիտի դառնայ նոր սկիզբ մը: Մեր ետին ձգելով դպրոցական գրասեղանները, վճռական կը խոստանանք համալրել բոլոր անոնց շարքերը, ովքեր պարծանք ու հպարտութիւն կը բերեն Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանին»:
Ապա աւարտականներու անունով արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով խօսք առին Լինտա Հատտատ եւ Թինա Փիւսքիւլեան:
Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակելով աւարտական դասարանի աշակերտները կատարեցին ֆրանսերէն լեզուով երգ մը եւ պարեցին եւրոպական պար մը:
Ապա, խօսք առաւ օրուան նախագահ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանը, որ իր խորիմաստ խօսքին մէջ ըսաւ.«Կրթել կը նշանակէ դարձնել ազնիւ: Ազնիւն է, որ վերջիվերջոյ շնորհք կը գտնէ: Մեր կոչումն է կրթել մեզի յանձնուած այս կեանքերը»: Եզրափակելով իր խօսքը, Վերապատուելին աւարտականներուն ըսաւ. «Ամէն անձ չի դառնար նշանաւոր, սակայն ամէն ոք կրնայ դառնալ ազնիւ: Սիրելիներ, գործածեցէք ձեր ստացած ընտիր կրթութիւնը, դառնալու համար ազնիւ մարդիկ»:
Վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի խօսքին յաջորդեց «Փրոմօ 2007» խորագիրով Տի.Վի.Տի.ի ցուցադրութիւնը, ապա Հայ Կաթողիկէ Տնօրէններու Խորհուրդի նախագահ՝ Արհիապատիւ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան հանդէս եկաւ հայրական խօսքով, ուր ըսաւ «Ձեզի հետ, ձեզի չափ կը խնդակցիմ այս մեր սերունդին, որ ձեր եւ հայութեան ապագան է: Որքան հայ դպրոցը գոյութիւն ունի, հայ ազգը յաւէրժ է իր ձիւնագագաթ Արարատի պէս»:
Ձեռամբ օրուան նախագահ, Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի, Արհիապատիւ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեանի եւ վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստի տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը, որուն յաջորդեցին շնորհաւորութիւնները վարժարանի շրջափակին մէջ: