Գահիրէ, Եգիպտոս
Հայաստանի հանրապետութեան սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեան Եգիպտոս իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին (11-13 Յունիս 2010), հանդիպում ունեցաւ Աղեքսանդրիոյ թեմի առաջնորդ՝ Արհի. Տէր Գրիգոր Օգոստինոս Եպս. Գուսանին հետ Գահիրէի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին մէջ։ Տիկ. Յակոբեան ներկայացուց Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան ընդհանուր գործունէութիւնը, յառաջիկայ ծրագիրները եւ Հայրենիք-Սփիւռք համագործակցութեան հեռանկարները։
Հ.Հ. սփիւռքի նախարարը տեսակցութիւններ ունեցաւ նաեւ եգիպտահայ գաղութի տարբեր հատուածներուն հետ: