Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2012 - Աշխարհական Սուրբ Սարգիսի նման իշխանաւորներուն կարիքն ունի մեր հայաշխարհը…

 

Սիրելի՛ ընթերցող, գիտես, որ շաբաթ, փետրուար 4-ին, տօնեցինք «Սուրբ Սարգիս Զօրավար»-ը, նահատակակից Մարտիրոս որդին ու տասնչորս թիկնապահ զինուորները:

«Սարգիս» հայացուած ձեւը կու գայ «Sargis» ասորական անունէն, որ փոխառեալ է յունարէն «Sergios»-էն. աս ալ հասած է արեւելք «Sergius» լատինականէն, որմէ ելած են ֆրանսերէն «Serge», անգլերէն ու գերմաներէն «Sergius» եւ իտալերէն «Sergio» յատուկ անունները:

Եկեղեցական եւ ընդհանուր պատմութեան մէջ ծանօթ են բուն հռոմէական այս անունով քահանայապետներ ու հռոմէացի անձնաւորութիւններ, իսկ Զ. դարէն մինչեւ ԺԹ.-ի վերջաւորութիւնը 510-է աւելի «Սարգիս» անունով դէմքեր ու գործիչներ ունեցած է հայաշխարհը, «բայց ամէնից նշանաւորն է Սուրբ Սարգիս Զօրավար, որ շատ յարգուած է հայոց մէջ եւ` առասպելական դարձած» (Հր. Աճառեան): Վեցերորդ դարուն կէսէն գործածութեան մէջ մտած «Սարգիս» անունը այսօր շատ սովորական ու սիրելի է հայերուս:

Ո՞վ է Ս. Սարգիս եւ ինչո՞ւ այնքան հինաւուրց մեծ ժողովրդականութիւն ունի հայ ազգին մէջ, որ կենսափորձառական իմաստութեամբ ու համոզումով հռչակած է զայն իբրեւ «արագահաս, օգնահաս եւ խնդրակատար սուրբը»…: Անցեալին անոր անունին շինուեցան հայ եկեղեցիներ ու  վանքեր: Այսօր ալ ունինք «Սուրբ Սարգիս»-ներ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:

Արտաքին ու ներքին բարեմասնութիւններով օժտուած յոյն զինուորական էր, որ Կապադովկիոյ ստրատելատ կամ Կեսարիոյ վերին հրամանատարը նշանակուած էր:

Վարքագրութիւնը, զոր հեղինակած կամ հայացուցած է Սուրբ Ներսէս Դ. Շնորհալի կաթողիկոսը (1102-1173), կը նկարագրէ Սարգիսը` իբրեւ «աստղ լուսապայծառ», «բարեպաշտութեան հաւատով այր ոմն զարմանալի եւ հռչակաւոր», որ իր քաջութեան համբաւին շնորհիւ հասած էր «պարգեւաց մեծագունից եւ պատիւ ստրատելատութեան», իսկ իր արդարութեամբ ու իմաստութեամբ հանդիսացած էր «համապատիւ իշխանացն եւ դատաւորաց» առաջինը, որուն հրամանին կ՛անսային բոլորը:

Սարգիսի իշխանութեան շրջանն եղաւ խաղաղութեան ու բարգաւաճումի ժամանակը, որուն ընթացքին նիւթական, դրամական ու շինարարական նպաստներ յատկացուց իր հպատակներուն, քանի աղքատասէր ստրատելատը շատ կը սիրէր կարիքաւորները:

Այսպէս տեւեց մինչեւ գահակալութիւնը Յուլիանոս Ուրացող կայսեր (360/361-363). քրիստոնեաներուն դէմ անոր վերսկսած հալածանքներէն խուսափելով` Սարգիս նախ ապաւինեցաւ հայոց Արշակ Բ. թագաւորին (350-368) մօտ եւ ապա անոր թելադրանքով անցաւ Պարսկաստան, որուն Շապուհ Բ. արքայէն (310-375) կարգուեցաւ սահմանապահ զօրահրամանատար:

Քանի մը տարի ետք, սակայն, ձերբակալուեցաւ պարսիկ բանակին մէջ քրիստոնէութիւնը տարածելու յանցանքով, իսկ երբ մերժեց կրակապաշտութիւնն ընդունելու առաջարկը, կտրիճութեամբ յանձն առաւ մարտիրոսութիւնը Քրիստոսի սիրոյն ու կրօնին հաւատարմութեան:

Ասորիք գաղտնաբար տարուած մարմինէն Ս. Մեսրոպ Մաշտոց (362-440) նահատակ Սարգիսի մասունքներէն բերաւ Հայաստան, ուր Կարբի աւանին մէջ եւ Գագա դաշտին վրայ շինեց երկու եկեղեցիներ` հոն զետեղելով նուիրական նշխարները: Մաշտոցի այս նախաձեռնութենէն սկսաւ Սուրբ Սարգիսի յարգընծայումը, ժողովրդականութիւնը հայերուս քով:

Սուրբ Սարգիսի կեանքն ու գործը կը պարտադրեն կատարել քանի մը բաղդատութիւններ յոյն, բայց հայերէն յոյժ սիրուած-յարգուած ստրատելատին եւ Հայաստանի անցեալի ու ներկայի այնքան ալ չսիրուած իշխանաւորներուն միջեւ:

Առաջինը «հմուտ գոլով ի մանկութենէ Հին եւ Նոր Կտակարանաց» կը կենցաղավարէր «Քրիստոսի հոգւոյն իմաստութեամբ»: Երկրորդներուն սուրբգրային գիտելիքներու մակարդակն ինչպէ՞ս է եւ անոնց հոգեւոր որակն ի՞նչ է…

Առաջինը կը շրջագայէր իր նահանգներուն մէջ` մաքրագործելով «զաշխարհն ի կռոցն մոլորութենէ», քանդելով «զբագինս կռոցն ի հիմանց» եւ հալածելով աղանդաւորները «ի հայրենի գաւառաց»: Երկրորդները ոչ միայն արգելք չեղան, այլ նաեւ սատարեցին աղիտաբեր աղանդներու ներմուծումին եւ տարածումին, քանի անոնց պաշտօնական գրանցումով լեցուցին իրենց գրպանները, որոնք երբեք չեն յագենար լեցուելէն…

Սարգիս ստրատելատ ստացած բարձրագոյն իշխանութիւնն ու հարստութիւնը չգործածեց «ո՛չ ի նիւթական շահավաճառութիւնս» եւ ո՛չ ալ «ի փառս» իր անձին: Հայաստանի ղեկավարները ժողովուրդէն ստացած իրենց իշխանութիւնը օգտագործեցին ու կ՛օգտագործեն ի՞նչ բանի եւ որո՞ւ համար, երբ մեր Հայրենիքը մարդաթափուր կը դառնայ…

Իշխանութեամբ ու դրամով` առաջինը «շինէր եկեղեցիս Աստուծոյ եւ մատրունս … վկայիցն, որով լինէր խնդութիւն աստուածապաշտից»: Երկրորդները պալատներ, «վիլլաներ» ու գործարաններ կը կառուցանեն, սակայն` ո՛չ հայրենակիցներուն բարիքին եւ մայր երկրին  բարգաւաճումին համար, այլ` ի խնդիր իրե՛նց օգուտին, իրե՛նց վայելումին ու իրե՛նց քսակին…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 6 փետրուար  2012  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ