Անթիլիաս, Լիբանան
Անթիլիասի գիրքի մշակութային ցուցահանդէսին վերջին օրը՝ 17 մարտին տեղի ունեցաւ Լիբանանի գլխաւոր վիճակագրագէտներէն՝ դոկտոր Ռոպէր Գասպարեանի պարգեւատրումը, ներկայութեամբ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի, որ կը ներկայացնէր Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը, մեթր Ժագ Չուխատարեանի, մեթր Իպրահիմ Նաժժարի (Լիբանանի արդարութեան նախկին նախարար), պարգեւատրեալի կողակիցին՝ տիկին Շողիկ Գասպարեանի եւ պարագաներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներու։
Նախքան պարգեւատրումի արարողութիւնը, դոկտոր Պութրոս Լապաքի եւ դոկտորա Թերեզա Հադէմ ներկայացուցին դոկտոր Ռոպէր Գասպարեանը, անդրադառնալով յատկապէս անոր մասնագիտական գործունէութեան եւ վկայութիւններ կատարելով անոր անձի մասին։
Հուսկ խօսք առնելով, մեծարեալ դոկտոր Ռոպէր Գասպարեան շեշտեց վիճակագրութեան կարեւորութիւնը երկրի մը ծրագրումի եւ զարգացման գործընթացքին մէջ։ Ան յայտնեց, որ ոեւէ պետութիւն առանց վիճակագրութեան ինքնութիւն չունի, որովհետեւ այս գիտական մարզը հիմնական է երկրի մը հեղինակութեան համար, զինուորական եւ դատական իշխանութիւններուն կողքին։ Ապա դոկտոր Գասպարեան անդրադարձաւ Լիբանանի վիճակագրական մարզի զարգացման գործընթացքին, մատնանշելով հանգրուանները եւ քաղաքական ու համայնքային խոչընդոտները, որոնք արգելք կը հանդիսանան անոր իսկական իրագործման։ Եւ վերջապէս ան վերահաստատեց վիճակագրութեան ազգային խորհուրդի մը ստեղծման անհրաժեշտութիւնը։
Այնուհետեւ, Անթիլիասի մշակութային շարժումի քարտուղար՝ դոկտոր Ժորժ Ապի Սալէհ գնահատանքի յատուկ շքանշանով պարգեւատրեց դոկտոր Ռոպէր Գասպարեանը։