Երկուշաբթի, 2 Սեպտեմբեր 2013 - Զմմառու Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդի այցելութիւնը Հայաստան

 

Զմմառ

Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան դիւանը կը յայտնէ թէ, ուրբաթ 30 օգոստոս 2013-ին, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու վանքին մեծաւոր՝ Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, պաշտօնական այցելութեամբ մը Հայաստան մեկնեցաւ:
Գերապայծառ Հայրը, իր այցելութեան ընթացքին, հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ՝ Տիգրան Սարգսեանի եւ այլ պետական անձնաւորութիւններու հետ: Մեծաւոր Հօր կ'ընկերանային Հայաստանի Հայ կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ՝ Գերպծ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան եւ հայր Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեան: Պաշտօնական այս հանդիպումին ընթացքին, քննարկուեցան Հայ ժողովուրդի զաւակները յուզող հարցեր. Միջին Արեւելքի տագնապը եւ անոր ազդեցութիւնը շրջանի Հայ ժողովուրդի զաւակներուն վրայ. ինչպէս նաեւ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան գրանցման յոյժ կարեւոր գործընթացը: Մտերմիկ զրոյցէ ետք Տիգրան Սարգսեան խոստացաւ իր կարելին ընել այս ուղղութեամբ
:
Այս առթիւ, Մեծաւոր Հայրը այցելեց նաեւ Սփիւռքի Նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ տիկին Հրանուշ Յակոբեանի հետ: Քննարկման նիւթ եղաւ Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանի եւ Զմմառու վանքի միջեւ գոյացած Համաձայնագրին ձեռքբերումները: Մեծաւոր Հայրը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց հայրենի իշխանութեան ցուցաբերած հոգատարութեան, ինչ կը վերաբերի ազգապահպանման եւ հոգեւոր եւ մշակութային այնքան կարեւոր հարցերու նկատմամբ
:
Զմմառու վանքիս Մեծաւոր հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան այցելեց նաեւ Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանը, ուր տեսակցեցաւ Մատենադարանի տնօրէն՝ Հռաչեայ Թամրազեանին եւ գլխաւոր աւանդապահ՝ Գէորգ Տէր Վարդանեանի հետ, որոնց հետ քննարկութեան նիւթ եղաւ Մաշտոցեան Մատենադարանի եւ Զմմառու վանքի փոխ յարաբերութիւնը եւ այս ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները
:
Մեծաւոր Հայրը անգամ մը եւս իր խորին գոհունակութիւնը յայտնեց Մաշտոցեան Մատենադարանի կողմէ ցարդ իրագործուած աշխատանքներուն համար ինչ կը վերաբերի Զմմառու Մատենադարանի Ձեռագիրներու ցուցակագրման:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ