Պէյրութ
Երկուշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2012-ին, յոյն ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատրիարքական համաժողովը ընտրեց Յովհաննէս Ժ. որպէս նոր պատրիարք՝ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ Եկեղեցւոյ, յաջորդելով երջանկայիշատակ Հազիմ պատրիարքին։
Յովհաննէս Ժ. պատրիարքը ծնած է՝ 1955-ին Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքին մէջ, ուր իր ուսումը աւարտած է երկրաչափութեան համալսարանին մէջ։ Տիրանալէ ետք աստուածաբանութեան բարձր աստիճանին՝ 1978-ին, ան վկայական ստացած է եկեղեցական երաժշտութեան մէջ 1981-ին, Սալոնիքի Բիւզանդական երաժշտութեան կաճառէն։ 1988-էն 1991 եւ 2001-էն 2005, Պալամանտ համալսարանի աստուածաբանական բաժնին կարգերէց պաշտօնը կը վարէ, ինչպէս նաեւ 2001-էն 2005 Պալամանտ պատրիարքական վանքին մեծաւորը կ՛ըլլայ։ 2005-էն սկսեալ, արեւմտեան եւ միջին Եւրոպայի մեթրոպոլիթ կ՛ընտրուի։ Նորընտիր պատրիարքը մասնակցած է զանազան միջազգային համամիութենական եւ ուղղափառ համագումարներու, եւ ան հրատարակած է աստուածաբանական, կրթական, երաժշտական եւ ծիսական զանազան հատորներ։