Չորեքշաբթի, 18 Փետրուար 2009 - Վարդանանց Նուիրուած Տօնակատարութիւն Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ

Լիբանան

 
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը, ուսուցչական կազմերը, տեսչական կազմի անդամներ, ծնողական յանձնախումբի անդամներ, եւ հիւրեր Երեքշաբթի, 17 Փետրուար 2009-ի առաւօտեան ժամը 10:30-էն հաւաքուեր էին ՀԿՄ-ի «Յովհ. Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ՝ տօնակատարելու համար Վարդանանց հանդիսութիւնը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի 6-րդ դասարանի աշակերտ Դանիէլ-Վարդան Թորոսեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «15,5 դար շարունակ հայոց սերունդներ դաստիարակուեցան անոր՝ Քաջն Վարդանի հերոսական շունչով եւ դիւցազնական ոգիով: 451 թուականին Աւարայրի ճակատամարտին, հայրենիքի, հայ եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէական հաւատքի պահպանումի համար նահատակուած Վարդանանց զօրավարներն ու 1036 մարտիրոսները հայոց մեծագոյն սուրբերէն են»:

Դանիէլ-Վարդան Թորոսեանի բացման խօսքին յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիրը: Յայտագիրի ընթացքին մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի աշակերտները հանդէս եկան «Զէյթունցիներ» երգի կատարումով, Ա. դասարանի խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին Հ. Վահան Յովհաննէսեանի «Հայրն ու որդին» բանաստեղծութիւնը, Բ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին «Քաջն Վարդան» բանաստեղծութիւնը, իսկ Դ. դասարանի աշակերտ Նարէ Աշգարեան ջութակի վրայ նուագեց «Ծիծեռնակ» ստեղծագործութիւնը: Դաշնակի վրայ իր գեղեցիկ կատարումով ներկաներուն հիացմունք պարգեւեց 6-րդ դասարանի աշակերտ Սերուժ Անտոնեան: Ան նուագեց Արամ Խաչատուրեանի «Սուրերով պար»ը, իսկ նոյն դասարանի աշակերտ Սթեֆանի Պալթայեան ասմունքեց Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանի «Երգ Վարդանանց յիշատակին» բանաստեղծութիւնը:

«Իմ՝ Վարդան Մամիկոնեանիս պատգամը նորօրեայ հայ սերունդներուն» իւրայատուկ պատգամով մը հանդէս եկաւ աւարտական դասարանի աշակերտ Նազարէթ Թովմասեան: Անոր ելոյթին յաջորդեցին վարժարանի նուագախումբի եւ երգչախումբի ելոյթները: Յակոբ Բամպակեանի «Վարդան Մամիկոնեան» ստեղծագործութիւնը ասմունքեց Անի Դարբինեան՝ ԺԱ. դասարանէն:

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը՝ Հայ Կաթողիկէ Ս. Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ, հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան՝ փոխանցելու համար իր խօսքը: Վարդապետին խօսքը եղաւ հետաքրքրական, քանի որ անիկա պատմութիւնն էր փոքրիկն Մեսրոպին, որ որդին էր Վարդան Մամիկոնեանի զօրավարներէն՝ Արտակ զօրավարին: Բանախօսը իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Սիրելի՛ աշակերտներ, ձեզմէ իւրաքանչիւրը, ըլլալով այս դպրոցին աշակերտները, որ կը կրէ Ս. Մեսրոպի անունը, կը կոչուի մեսրոպեանցի, կամ կրնայ կոչուիլ նաեւ մեսրոպեանի աշակերտ: Ասիկա ձեր ինքնութիւնն է: Դուք ազատամիտ, համարձակ եւ երբեմն ալ անզուսպ սերունդ էք: Սակայն դուք քաջ էք, Լիբանանի պատիւն էք եւ ապագան: Դուք այսօրուան եւ վաղուան մեսրոպներն ու վարդաններն էք»:

Բանախօսի խօսքին յաջորդեց մարտարուեստի պարային ելոյթ, զոր կատարեցին վարժարանի աշակերտներ Տաւիտ Տաուտ, Ֆրետի Տաուտ, Գրիսթէլ Գոշոյեան եւ Սէրուժ Ճապրայեան:

Գեղարուեստական յայտագիրը աւարտեցաւ վարժարանի «Շուշի» պարախումբի ելոյթով:

Բեմ հրաւիրուելով վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ ըսաւ. «Ես այսօր փակման խօսք չէ, որ պիտի արտասանեմ: Այսօր համընկաւ Ղեւոնդեանց տօնին հետ: Հետեւաբար ասիկա տօնն է մեր յարգելի կղերականներուն, իսկ մեր մէջ այսօր ներկայ են վարժարանիս հայրը՝ արհիապատիւ հայր Վարդան եպս. Աշգարեան եւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան: Երկուքն ալ կը կրեն Վարդան անունը, հետեւաբար անոնց կ’ըսեմ. Ձեր անունով ապրիք»: Շնորհաւորելով եկեղեցականները իրենց անուանակոչութեան առիթով՝ վարժարանէն երկու աշակերտներ անոնց յանձնեցին յիշատակի ծաղկեփունջեր: Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ հայր Վարդան եպս. Աշգարեան, որ իր կողմէն գեղեցիկ անակնկալ մատուցեց վարժարանի Վարդան եւ Վահան անունները կրող աշակերտներուն՝ անոնց յանձնելով անուանակոչութեան վկայագիրեր:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ