Շաբաթ, 30 Մարտ 2013 - Երուսաղէմի քրիստոնեայ Եկեղեցապետերու Զատկական պատգամը` «Յիշել բռնութեան եւ հարստահարումի զոհերը»

Երուսաղէմ

Երուսաղէմի եկեղեցապետերը Զատկական իրենց պատգամին մէջ հրաւէր կ'ուղղեն աշխարհի հաւատացեալներուն ուխտագնացութիւն կատարելու Սուրբ Երկիր, այցելելու եկեղեցիները եւ ապրելու տեղացի հաւատացեալներուն հետ։

Սուրբ Երկրի քրիստոնեաները կը շարունակեն ըլլալ Յարուցեալ Քրիստոսի լուսաոր ջահը, որուն առաջին աշակերտները վկաները եղան թափուր գերեզմանին։
Եկեղեցապետրը իրենց պատգամին մէջ կոչ կ'ուղղեն իշխանութիւններուն եւ բարի կամք ունեցող մարդոց պայքարելու վասն արդարութեան ու խաղաղութեան։ Եպիսկոպոսապետերը մասնաւորապէս իրենց աղօթքը կը բարձրացնեն Ամենակալ Տիրոջ Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի, Իսրայէլի, Իրաքի, Եգիպտոսի համար ու ամէն այն վայրերուն համար ուր քաղաքական խռովութիւններ տակաւին կը շարունակուին։

Կ'աղօթենք բռնութեան եւ հարստահարումի զոհերուն ու բանտարկեալներուն համար - կը գրեն Երուսաղէմի եպիսկոպոսապետերը - իրենց զատկական պատգամը եզրափակելով «կը խնդրնք աշխարհի բոլոր հաւատացեալներէն օգնութեան հասնիլ Սուրբ Երկրի բնակիչներուն»։ Եպիսկոպոսապետերը կը մատնանշեն որ Սուրբ Երկրի քրիստոնեաներու թիւը տարուէ տարի կը նուազի։

http://hy.radiovaticana.va/news/2013/03/28/%D5%A5%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%BD%D5%A1%D5%B2%D5%A7%D5%B4%D5%AB_%D6%84%D6%80%D5%AB%D5%BD%D5%BF%D5%B8%D5%B6%D5%A5%D5%A1%D5%B5_%D5%A5%D5%AF%D5%A5%D5%B2%D5%A5%D6%81%D5%A1%D5%BA%D5%A5%D5%BF%D5%A5%D6%80%D5%B8%D6%82_%D5%A6%D5%A1%D5%BF%D5%AF%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6_%D5%BA%D5%A1%D5%BF%D5%A3%D5%A1%D5%B4%D5%A8%60_/arm-677693


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ