Երեքշաբթի, 15 Յուլիս 2008 - Վկայականներու Տուչութեան Հանդիսութիւն Գ. Հարպոյեան Վարժարանէն Ներս

Լիբանան

 
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանը կրթական տարեշրջան մը եւս ամբողջացուց եւ Ուրբաթ 11 Յուլիս 2008ին,  Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ «Պետողլեան»
 
սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխման հանդէսը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, 11րդ դասարանէն երկու աշակերտներ ստանձնեցին սուրն ու վահանը, որպէս աւանդութիւն՝ վարժարանին մէջ տիրող ազգային դաստիարակչական երեւոյթին:

Հայերէնով հրաժեշտի խօսքը ներկայացուց աւարտական դասարանէն Շողեր Ագրապեանը: Ան իր խօսքով, թարգմանը հանդիսացաւ իր եւ իր ընկերուհիներուն զգացումներուն ըսելով, «Պիտի հեռանանք քաղցր յիշատակներով՝ միշտ հաւատալով, որ մեր դպրոցը պիտի շարունակէ մնալ մեզի համար այն լուսաւոր փարոսը, որ իր ազգանուէր ու հայրենանուէր աշխատանքով պիտի պատրաստէ սերունդներ՝ միշտ հաւատարիմ մնալով իր սրբազան առաքելութեան»: Իր խօսքի աւարտին, Շողերը հրաւիրեց վարժարանի նախկին տնօրէնուհի՝ Տիկ. Զուարթ Նաճարեանը առ ի գնահատական իր երկարամեայ վաստակին. անոր փոխանցելով գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը:

Տեղի ունեցաւ նաեւ սահիկներու ցուցադրութիւն, ուր հանդիսականները առիթ ունեցան գաղափար կազմելու տարուան ընթացքին, վարժարանին մէջ տեղի ունեցած արտադասարանային գործունէութեանց մասին, ըլլան անոնք ընկերային, դասախօսական, մշակութային եւ զանազան ձեռնարկներու ծիրէն ներս:

 
Արաբերէնով ուղերձը կարդաց աւարտական դասարանէն Սալբի Սվազլեանը: Ապա դպրոցին պարախումբը ելոյթ ունեցաւ «rock’n roll» պարով, որմէ ետք անգլերէնով հրաժեշտի խօսքը
 
ընթերցեց Սիլվի Մկրեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց, բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած էին բարի այն գործին, որուն արգասիքն էր՝ այս տարուան շրջանաւարտից հունձքը:

Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժնի տպաւորիչ մասը խմբային արտասանութիւնն էր, երբ 9րդ դասարանի աշակերտներ, ԳՈՀԱՐ համոյթի երաժշտութեանց ներքոյ ներկայացուցին Գ. Էմինի «Յաւերժի ճամբորդը», զոր ապրումով կատարեցին: Գեղարուեստական յայտագրի աւարտին, բացառիկ երգեցողութեամբ ելոյթ ունեցան Փաթիլ Գալենտէրեան, Նարինէ Գրիգորեան եւ Բէկի Պէրպերեան «Իմ Անոյշ Հայրենիք» երգը հրամցնելով ներկայ հանդիսատեսներուն:

Հանդիսութեան բնոյթը խորհրդանշող պահը վկայականներու տուչութեան պահն էր: Իւրաքանչիւր շրջանաւարտ հերթով կը մօտենայ իր վկայականը առնելու համար Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեանի եւ տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանի ձեռամբ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն, որու ընթացքին միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները ստացան նիւթական մրցանակներ՝ անանուն բարերարի մը կողմէ, ուսման առաջնութեան եւ երկրորդութեան, ինչպէս նաեւ կաթողիկոսարանի կողմէ տրամադրուած հայերէնի մրցանակներ:

 
Վկայականներու բաշխման արարողութենէն ետք, Արհի. Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան իր խօսքը ուղղեց ծնողներուն ըսելով, «Ձեզի հետ եւ ձեզի չափ ուրախ եմ այս պահուս: Իսկ դուք
 
վայելեցէք հայ դպրոցի աշակերտութեան բոլոր ձիրքերը պարերու, արտասանութիւններու եւ երգերու ընդմէջէն: Աշխատանք մը, որ ճիգ ու աշխատակորով կ’ենթադրէ եւ մեր պատասխանատու տնօրէնուհին ու ուսուցչական կազմը ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն այս առընչութեամբ: Սակայն ես, իմ երախտագիտական զգացումներս կը փոխանցեմ ձեզի, հայ ծնողք, որ նախընտրեցիք հայ դպրոց ուղարկել ձեր զաւակները, քան վայելել օտար վարժարանի բարիքները: Ապա իր ակնարկները սեւեռելով պատմութեան էջերուն, «եթէ պատմութիւնը պրպտենք, պիտի տեսնենք թէ տասնեակ ազգեր կորուստի ենթարկուեցան, սակայն մենք՝ հայերս գոյատեւեցինք շնորհիւ Գր. լուսաւորչի հաւատքին, որ անմար մնաց մեր հոգիներուն մէջ: Այս մէկը ապացոյց մըն է, որ մենք՝ յաւերժ ենք մեր Արարատ լերան նման»:

Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանը: Ան իր խօսքին մէջ նախ անդրադարձաւ պետական քննութիւններուն ներկայացող աշակերտներուն մասին, ապա տեղեկացուց ծնողներուն, որ յառաջիկայ տարուընէ սկսեալ, վարժարանը պիտի օժտուէր 11րդ դասարանէն սկսեալ գիտական բաժնով:

Տնօրէնուհին յայտնեց նաեւ, թէ յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ, վարժարանը պիտի օժտուի նաեւ յետմիջօրէի վարժարանով, ուր հայ աշակերտները պիտի կարենան 2 ժամ տեւողութեամբ սերտողութիւն կատարել առաջնորդող ուսուցիչներու հսկողութեամբ:

Ապա իր եզրափակիչ խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն, «Հպարտ եղէք որ շրջանաւարտ կ’ըլլաք հայկական վարժարանէ մը: Ձեր մանկապարտէզի ընկերներէն շատեր այսօր օտար վարժարաններէ շրջանաւարտ կ’ըլլան, օտար բեմերու հրաժեշտ կու տան, դուք պետական կրթական ծրագրի կողքին, իւրացուցիք նաեւ հայեցի դաստիարակութիւն եւ պատկանելիութեան ամրապնդում: Օտար նստարաններու վրայ, դուք ձեզ, ո՛չ լրիւ հայ պիտի զգայիք եւ ո՛չ լրիւ օտար: Գ. Հարպոյեան վարժարանը ձեզի փոխանցեց նաեւ ազնուութիւն եւ հայ լիբանանցի ըլլալու գիտակցութիւն»:

Օրուան հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ գաւառական պարով մը, ապա շրջանաւարտները ուղղուեցան բակ, ուր ընդունեցին շնորհաւորութիւններ եւ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից կարկանդակի հատման արարողութիւն


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ