Աստուածայայտնութեան Տօնին առթիւ, Կիրակի՝ 6 Յունուար 2008ին, Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ, որուն ընթացքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Աստուած մեզի յայտնուեցաւ Յիսուսի ծնունդով, մոգերու այցելութեամբ եւ Յիսուսի մկրտութեամբ: Այսօրուայ տօնը երկու բաժին ունի: Մին՝ մոգերու այցելութիւնը Յիսուսին Բեթհեհէմի քարայրին մէջ, որուն անդրադառցաւ Ս. Աւետարանը, եւ երկրորդը՝ Յիսուսի մկրտութեան արարողութիւնը, որ Ս. Պատարագէն ետք պիտի կատարենք:
Հարցումը որ մեր միտքը կրնայ յուզել: Արդեօք Յիսուս պէ՞տք ուներ մկրտուելու, այսինքն սրբուելու որեւէ ախտէ մը: Պատասխանը յստակ է: Անշուշտ ո՛չ, պէտք չունէր: Բայց Յիսուս ընդունեցաւ մկրտութիւնը, որովհետեւ ուցեց մեզմէ մէկը ըլլալ: Յիսուս կÿուզէր նաեւ վերջ տալ ջուրի մկրտութեան եւ կարեւորութիւն ընծայել Սուրբ Հոգիին մկրտութեան:
Յիսուսի մկրտութեան արարողութիւնը, որ կը կատարենք ամէն տարի, առիթ մըն է խորհելու մեր մկրտութեան մասին, զոր ընդունեցանք փոքր տարիքին: Արդար է նաեւ հարցնել. Արդեօք աւելի լաւ պիտի չըլլա՞յ որ մեր զաւակները երբ մեծնան, անոնք ազատօրէն ընտրեն մկրտուիլ: Պատասխանը հետեւեալն է: Երբ ծնողքը պզտիկ կը բերեն, իրմէ հրաման չեն առներ եւ անարդարութիւն գործած չեն ըլլար իրեն հանդէպ, որովհետեւ ծնողքը կը նկատեն որ կեանքը մեծ տուրք մըն է: Գիտէք թէ զաւակ չÿունեցողները որքան բուռն փափաք ունին կեանքը տալու: Եթէ տուրք մը կամ նուէր մը պիտի տաս մէկու մը, հրաման չես առներ իրմէ, որովհետեւ ակնբախ է որ տուրքը բարիք մըն է ստացողին համար: Եւս առաւել, եթէ մէկու մը, մկրտութեան Ս. Խորհուրդով, մեծագոյն տուրքը պիտի պարգեւես, որ է՝ աստուածային կեանքը իր բոլոր յարակից շնորհքներովը եւ առաւելութիւններովը:
Այս քայլը կը նախատեսէ սակայն որ ծնողքը հաւատացեալ ըլլան եւ ուզեն լաւագոյնը բանը տալ իրենց զաւակներուն, ապահովցնելով անոնց միանգամայն կրօնական մնայուն դաստիարակութիւն, քրիստոնէավայել ապրում եւ բարի օրինակ:
Երբ Եկեղեցին անդրադառնայ, որ ծնողքը պէտք եղած հաւատքը չունին, պատրաստութեան շրջան մը կը պահանջէ զիրենք դաստիարակելու համար Մկրտութեան խորհուրդին մասին: Որովհետեւ մկրտութիւնը ընդունիլը կÿենթադրէ հաւատալ Յիսուսի բերած ճշմարտութիւններուն եւ փափաքը ունենալ մաս կազմել Անոր ընտանիքին, որ է Եկեղեցին, եւ Աստուած նկատել որպէս Հայր: Մկրտութիւնը սովորութիւն մը չէ, ժառանգական չէ եւ ոչ ալ կախարդական ոյժ ունի: Փաստ՝ կը նշմարենք քրիստոնեաներ, որոնք չեն հետեւիր Եկեղեցւոյ ամենատարրական սկզբունքներուն եւ պատիւ չեն բերեր մեր կրօնքին:
Մկրտուածը՝ Աստուծոյ զաւակ կը դառնայ, Եկեղեցւոյ անդամ, երկնքի ժառանգորդ եւ կը վայելէ սրբարար շնորհքը, որ մեծապէս օգտակար է իրեն համար, որպէսզի կարենայ իբր քրիստոնեայ ապրիլ, ուղիղ շարժիլ եւ Քրիստոսի վկայութիւն տալ: Մեղք է մէկը զրկել այսպիսի օգտաշատ եւ սրբարար առաւելութիւններէն: Մենք պէտք է երախտապարտ ըլլանք մեր ծնողաց, որ փոքր տարիքէն մեզ մտցուցին Յիսուսի ընտանիքին մէջ եւ մեր առջեւ դռները լայն բացին վայելելու Ս. Մկրտութեան պարգեւները, մանաւանդ ապաշխարութեան եւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդները: Պատմութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, որ փոքրիկ քրիստոնեաներ սրբութեան հասած են, որովհետեւ պզտիկ տարիքին վայելած են Յիսուսի մտերմութիւնը եւ առիթը ունեցած են Աստուծոյ շնորհքին մէջ ապրելու:
Ֆաթիմայի փոքրիկներու երանացումէն ետք, ահա վերջերս ուրիշ օրինակ մÿունեցանք. Վեցուկէս տարեկան հռոմէացի աղջնակ մը՝ Անդոնիա Մէօ անունով, կը տառապի ոտքի ոսկրային հիւանդութենէ մը, բայց սիրով կÿընդունի իր ցաւը եւ մարդկային ու քրիստոնէական առաքինութիւնները դիւցածնական կերպով կÿապրի մինչեւ մահ, ըստ Եկեղեցւոյ դատումին: Իր ցաւերու շրջանին, ան հարիւրաւոր սիրոյ եւ ուրախութեան նամակներ կը շարադրէ Յիսուսին եւ Ս. Կոյս Մարիամին, Հօր Աստուծոյն եւ սուրբ Հոգիին: Այս նամակները կը յայտնեն աղջկան քով բարձր միսթիկական կեանք: «Իր կարճ կեանքին ընթացքին, կÿըսէ Սրբազան Քահանայապետը, փոքր Անդոնիան ցոյց տուաւ բացառիկ հաւատք, յոյս եւ սէր, ինչպէս նաեւ ուրիշ քրիստոնէական առաքինութիւններ»: Եւ թէպէտ պզտիկ էր տարիքով, այսուհանդերձ ան կարողացաւ լուսաւոր վկայութիւն տալ Ս. Աւետարանին եւ թողուց խոր տպաւորութիւն Հռոմի հասարակութեան վրայ: Իր կարճ բայց հոգելից կեանքը կը փաստէ թէ սրբութիւնը բոլոր տարիքներուն կը պատկանի՝ մանուկներուն եւ երիտասարդներուն, չափահասներուն եւ ծերերուն: Կեանքի բոլոր հանգրուաններուն ընթացքին, մենք ատակ ենք Յիսուսը սիրելու եւ Անոր հետեւելու հաւատարիմ կերպով: Քանի մը տարուան մէջ, վեցուկէսամեայ Անդոնիան հասաւ կատարելութեան գագաթնակէտին, որուն ամէնքս կանչուած ենք մագլցելու: Ան արագօրէն կտրեց ճամբան որ կը տանի դէպի երկինք: Մենք հիասթափ կը մնանք այսպիսի օրինակի մը առջեւ: Ս. Մկրտութեան Խորհուրդը, ընտանեկան կրթութիւնը եւ շրջապատող բարի օրինակները Անդոնիային միտքը եւ սիրտը բացին համագործակցելու աստուածային շնորհքներուն՝ իմացականութեան տարիքէն ի վեր: Հիրաւի, ընտանիքը սրբութեան օրրանն է: Ամենաբարին Աստուած մեզի ալ ամէն օր կու տայ բազմաթիւ պարգեւներ, եւ ամէն հարցի դիմաց՝ պէտք եղած շնորհքը կÿընձեռէ մեզի: Բայց մեզի կÿիյնայ ամէն ատեն համապատասխանել այդ շնորհքին: Այն ժամանակ, Աստուած ուրիշ շնորհք մըն ալ կու տայ մեզի, եւ երրորդ մը եւ չորրորդ մը, եւ այլն եւ այլն, առանց դադարի Աստուած կու տայ մեզի:
Կան ոմանք որոնք ցրուած կեանք մը կÿապրին եւ չեն անդրադառնար, որ Աստուած իրենց ձեռք կÿերկարէ: Անոնք առանձին կը մնան դժուարութեան դիմաց եւ կը կարծեն թէ իրենք իրենցմէ կրնան մէջէն ելլել: Արդի՞ւնք. Կը պարտուին, կÿընկճուին եւ տխուր կը մնան: Ասոր համար, չի բաւեր Քրիստոսը հեռուէն կամ տեսական կերպով ճանչնալ, այլ Քրիստոսի ճանաչումը պէտք է թարգմանուի գործնական ապրումով:
Ծննդեան մաղթանքներուն ընթացքին, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբ. Քահանայապետը յիշեցուց թէ՝ քրիստոնեաները հրաւիրուած են ամէն օր քիչ մը աւելի Քրիստոսի աշակերտ դառնալու: Մկրտութեան Ս. Խորհուրդով մենք արդէն քրիստոնեայ ենք, բայց ասիկա պէտք չէ խափանէ մեզի, որ աշխատինք քրիստոնէաբար ապրելու ամէն ատեն, եթէ ոչ պիտի նմանինք փարիսեցիներուն, որոնք Յիսուսի խօսքը չÿընդունելու պատրուակ կը բերէին ըսելով՝ մենք Աբրահամի զաւակ ենք: Քրիստոսի աշակերտ ըլլալը կը նշանակէ նախ եւ առաջ Քրիստոսը լաւ ճանչնալ եւ Անոր ներշնչումներուն հետեւիլ: «Կարելի չէ Քրիստոսը ճանչնալ տեսական կերպով միայն» կը յարէ Սրբ. Քահանայապետը եւ կÿաւելցնէ. «Կարելի է լաւ ճանչնալ Սուրբ Գիրքը առանց Յիսուսը լաւ ճանչնալու: Մտային գիտութիւնը չի բաւեր: Ան պէտք է դառնայ կեանքի գործադրութիւն, այսինքն՝ ունենալ Քրիստոսի հետ մտերմութիւն, խոնարհ եւ արդար ըլլալ եւ մանաւանդ ունենալ անկեղծ սէր: Այս ձեւով միայն Ս. Աւետարանը լաւ պիտի հասկնանք եւ պիտի հանդիպինք Քրիստոսին, բան մը որ կը պահանջէ լռութեան պահեր՝ լսելու համար Յիսուսի ձայնին, Անոր պատասխանել աղօթքով եւ գործադրել ինչ որ մեզի կÿըսէ: Ուստի, Քրիստոսի աշակերտ դառնալու համար պէտք է մնայուն հոգեւոր դաստիարակութիւն մը հետապնդել»:
Յիսուսի մկրտութեան տօնը առընչուած է մեր մկրտութեան: Իսկ մեր մկրտութիւնը կը յայտնուի մեր վարուելակերպով, երբ մեր հաւատքը լրջօրէն ապրինք, ինչպէս փոքրիկ Անդոնիան եւ բոլոր հարազատ քրիստոնեաները, որ մեր շուրջ կը գտնուին: Անոնք իրենց կեանքին իմաստը հասկցան, հաւատացին Քրիստոսին եւ վստահեցան աստուածային շնորհքի ոյժին, որ Աստուած առատօրէն կը բաշխէ ամէն ատեն, ամէն անձին:
Սիրելիներ, թո՛ղ այսօրուայ խորհուրդը մեզ մղէ խոր կերպով հասկնալու մեր մկրտութեան թանկագին արժէքը եւ անոր արդիւնքները, ու փափքիլ Յիսուսի աշակերտ դառնալ եւ աշխարհի փրկութեան առաքելութեան մասնակցիլ, որպէս հարազատ Աստուծոյ որդիներ, որպէս հարազատ քրիստոնեաներ. Ամէն: