Լիբանան
5 Ապրիլ, 2007ին ժամը 5:00ին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կթողիկէ Հայոց, նախագահեց Աւագ Հինգշաբթուան Պատարագը Զալքայի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ, որուն ընթացքին փոխանցեց հաետեւեալ պաըգամը:
Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Այսօր, Աւագ Հինգշաբթի օրը, կը սկսինք այս Սուրբ Պատարագով զատկական Եռօրեան, որուն ընթացքին պիտի վերյիշենք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքները, մահը եւ պանծալի յարութիւնը: Այս 3 օրերը պիտի ոգեւորեն մեզ Քրիստոսին սերտօրէն միանալու եւ Իրեն հետեւելու, անսակարկ կերպով, քանի որ Ան մեզ սիրեց, Իր կեանքը զոհելու չափ մեզի համար: Այս Եռօրեային նպատակը պիտի ըլլայ անգամ մը եւս խորհրդածել Աստուծոյ անհուն սիրոյ մասին մեղաւորներուս հանդէպ եւ ուրախանալ Քրիստոսի օրհնեալ յարութեան յաղթանակին համար:
Այսօր կը յիշատակենք Սուրբ Հաղորդութեան եւ Քահանայութեան Խորհուրդներուն հաստատումը: Այդ նուիրական օրուան ընթացքին է որ Յիսուս ինքզինք յանձնեց մեզի Սուրբ Հաղորդութեան միջոցաւ: Պիտի փակենք այս տօնը, համակուած մեծ խորհուրդներով՝ Ս. Խաչի երկրպագութեամբ, յիշատակելով Յիսուսի չարչարանքները Գեթսեմանի պարտէզին մէջ: Ս. Աւետարանը կը պատմէ թէ Յիսուս մեծ անձկութենէ կը տառապէր՝ արիւն քրտնեցաւ եւ խնդրեց իր աշակերտներէն որ հսկեն իրեն հետ ու աղօթքեն: «Ըսաւ անոնց՝ տրտում է հոգիս մեռնելու աստիճան. հոս կեցէք եւ հսկեցէք ինծի հետ» (Մտթ. 26,38): Բայց աշակերտները չհսկեցին, այլ քնացան: Այսօր ալ Յիսուս մեզի կ’ըսէ. «կեցէք եւ հսկեցէք Ինծի հետ»: Կը պատահի որ մենք ալ, այսօրուայ Քրիստոսի աշակերտները, յաճախ չենք աղօթեր եւ կը նախընտրենք մեր հան•իստը: Այս պահը եղաւ Յիսուսին համար լքումի եւ առանձնութեան պահ մը, որուն յաջորդեց ձերբակալութիւնը եւ սկիզբը չարչարանքներուն ուղեւորութեան դէպի Գողգոթա:
Առաջին դարերուն, Աւագ Հինգշաբթի օրը, Ապաշխարութեան Կարգը կը կատարուէր, Եպիսկոպոսին նախագահութեամբ, ապաշխարողներուն հաշտութեան համար: Պատմական պայմանները փոխուած են, բայց մնացած է Սուրբ Զատիկին պատրաստուելու պարտականութիւնը՝ ապաշխարելով եւ խոստովանանք ըլլալով: Աստուծոյ գթութեան այս կարեւոր խորհուրդը՝ այսինքն խոստովանանքը, մեզի կարելիութիւնը կու տայ խաղաղ կեանք մը ապրելու շնորհիւ մեր մեղքերու քաւութեան:
Պէտք է համոզուինք որ ամէնքս մեղաւոր ենք, բայց միեւնոյն ատեն մենք դրած ենք մեր անխախտ վստահութիւնը աստուածային գթութեան վրայ: Անով կը վայելենք Ապաշխարութեան Խորհուրդի շնորհքները, որ կը պարգեւեն մեզի թէ ներքին եւ թէ արտաքին անդորրութիւն, եւ մեզ կը հրաւիրեն դառնալու խաղաղութեան առաքեալներ, աշխարհի մը մէջ ուր կը տիրեն բաժանումներ, տառապանքներ, անարդարութիւններ, ատելութիւններ եւ հաշտուելու անկարելիութիւններ: Գիտցած ըլլաք որ չարը վերջնական յաղթանակը պիտի չտանի, որովհետեւ Քրիստոս, Իր յարութեամբը, յաղթեց մահուան ու չարին, եւ այսպէս փաստեց Իր զօրութիւնը, հակառակ աշխարհի վրայ տիրող կեղծ գաղափարականներու: Ասոր համար ըսի թէ՝ անկարելի է որ չարը վերջնականապէս յաղթական ըլլայ: Այս ապահովութեան վրայ վստահած պիտի աշխատինք քաջութեամբ եւ խանդավառութեամբ մէջտեղ բերելու համար աւելի արդար եւ խաղաղ աշխարհ մը:
Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. «Դուք մաքուր էք, բայց ոչ ամէնքդ» (Յովհ. 13,10): Ի՞նչ բան մարդը անմաքուր կը դարձնէ: Սիրոյ մերժումը: Երբ մարդը չ’ուզեր սիրուիլ մեղաւոր կը մնայ եւ անմաքուր կը դառնայ: Հպարտ մարդն է ասիկա, որ կը կարծէ թէ պէտք չունի մաքրուելու, որ չ’ուզեր խոստովանիլ իր մեղքերը, եւ հետեւաբար կը մերժէ Աստուծոյ ներումը: Այս հպարտ մարդուն յայտնի օրինակն է Յուդան: Յուդայ կը նայէր Յիսուսի իշխանութեան եւ յաջողութեան չափանիշով՝ սպասելով որ Յիսուս կարեւոր իշխանութիւն եւ մեծ յաջողութիւն ձեռք ձ•է: Իրեն համար իշխանութիւնը եւ յաջողութիւնը միայն արժէք ունէին, մինչ Յիսուսի սէրը արժէք չէր ներկայացներ իրեն համար եւ յուսախաբ մնաց: Յուդայ ընչաքաղձ էր եւ ագահ: Իրեն համար դրամը Յիսուսէն աւելի կարեւոր էր: Եւ եղաւ ստախօս ու գող: Դարձաւ նաեւ կարծրասիրտ եւ, իբր հետեւանք, իր խիղճին ձայնը փակեց ապաշխարութեան առջեւ, փակեց յուսալից դարձին՝ հակառակ անառակ որդիին, որ զղջաց եւ Հօրը քով վերադարձաւ: Յուդան յուսահատութեան մատնուեցաւ ու վերջ դրաւ իր կեանքին: Մինչ Յիսուսի փափաքն էր իրեն շնորհել մեղքերուն քաւութիւնը, որպէսզի կարենար ինքն ալ սեղանակից ըլլալ Իրեն եւ աշակերտներուն վերջին ընթրիքին ու Յիսուսի Մարմինն ու Արիւնը ճաշակէր: Կը տեսնէք որ Տիրոջ սէրը մեղաւորին հանդէպ սահման չունի, բայց մարդը կրնայ սահման դնել անոր, ինչ որ ըրաւ Յուդան:
Յիսուս աշակերտներուն ըսաւ. «Դուք մաքուր էք, բայց ոչ ամէնքդ»: Այս խօսքերով, Յիսուս մեզ կը զգուշացնէ ամբարտաւանութենէն եւ ինքնաբաւութենէն, որոնք կրնան սահման դնել Անոր սիրոյ, ինչպէս Յուդային տխուր պարագան: Ընդհակառակը, Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ որ իրեն պէս խոնարհ ըլլանք, որ դիմենք խոնարհութեան շնորհքին եւ Իրմէ օրինակ առնենք: «Սորվեցէ՛ք ինծմէ՝ որ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ» (Մտթ. 11,29) ըսաւ Յիսուս իր աշակերտներուն եւ հետեւաբար՝ իր բոլոր հետեւորդներուն, ուրեմն եւ մեզմէ ամէն մէկուն: Յիսուս մեզի կոչ կ’ընէ որ վերադառնանք Իրեն, վերադառնանք Հօրը տունը, անառակ որդիին նման, առանց նայելու թէ որքան Իրմէ հեռացած ենք մեր յանցանքներովը, որպէսզի Ինք Իր բարութեամբը մեզ մաքրէ ամէն մեղքէ եւ կրկին մասնակից դարձնէ իր սեղանին, Սուրբ Մարմնոյ եւ Արեան Սեղանին:
Ուրիշ շահեկան խօսք մըն ալ լսեցինք, քիչ առաջ, Յիսուսէն. «Դուք ալ պարտական էք իրարու ոտքերը լուալու: Օրինակ մը տուի ձեզի, որպէսզի ինչպէս որ ես ձեզի ըրի, դուք ալ ընէք» (Յովհ. 13, 14-15): Ին՞չ կը նշանակէ «իրարու ոտքերը լուալ»: Գործնական կերպով, կը նշանակէ բարի գործեր կատարել ուրիշներուն համար, մանաւանդ ամենէն աւելի տառապողներուն: Ամէն տեսակ ծառայութիւն որ կ’ընենք ուրիշներուն կը նկատուի որպէս ոտքի լուացում: Յիսուս մեզ կը կոչէ ձերբազատուելու մեր հպարտութենէն եւ ապրելու խոնարհութեամբ, ու քաջութիւնը ունենանք համեստ գործեր ալ կատարելու: Մեզմէ կը սպասէ նաեւ պատրաստ ըլլալ ընդունելու մերժումի կեցուածքներ ուրիշներուն կողմէ, առանց յուսահատելու անոր պատճառաւ եւ կամ բարի գործերը կեցնելու: «Իրարու ոտքերը լուալ» կը նշանակէ մանաւանդ իրարու յանցանքները ներել, շարունակ կերպով, եւ միշտ պատրաստ ըլլալ կրկին ու կրկին վերսկսելու, նոյնիսկ եթէ մեզի թուի թէ մեր ջանքերը ապարդիւն պիտի մնան: «Իրարու ոտքերը լուալ» կը նշանակէ նաեւ իրար զիրար հանդուրժել, քանի ամէնքս սխալական ենք: Նման բարի •ործերուն համար, Տէրը մեզ պիտի մաքրէ մեր մեղքերէն եւ մենք պատրաստ պիտի ըլլանք մօտենալու Ս. Սեղանին:
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, իրարու ոտքերը լուանք եւ իրարու համար աղօթե՛նք, որպէսզի արժանի ըլլանք օր մը մասնակից դառնալու արքայութեան մէջ յաւիտենական սեղանին՝ Քրոստոսի, բոլոր սուրբերուն եւ արդարներուն հետ միասին. Ամէն: