Հռոմ
Երեքշաբթի, 19 նոյեմբեր 2013-ին, Համամիութեան խորհուրդի նախագահ կարդինալ Քիւրդ Քէօխ ընդունեց Պատրիարքական համամիութեան յանձնախումբի հոգեւոր վարիչ՝ տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան:
Տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան ներկայացուց լիբանանեան մակարդակով կատարուելիք հանդիպումը համամիութեան աղօթքի շաբթուան բացման, որուն պիտի մասնակցին Լիբանանի կաթողիկէ բոլոր պատրիարքները, Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, 19 յունուար 2014-ին:
Կարդինալը ապահովցուց իր աղօթքներն ու օրհնութիւնը այս ուղղութեամբ: