Երկուշաբթի, 16 Մարտ 2009 - Մեսրոպեան Վարժարանի Տարեկան Բարեսիրական Ընթրիք

Լիբանան

 
Վարժարանի աշակերտութեան նիւթապէս օգտակար դառնալու նպատակով Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը ամէն տարի կը
 
կազմակերպէ բարեսիրական ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին հանգանակուած ամբողջ գումարը կը փոխանցուի կարիքաւոր սաներու ֆոնտին: Այս նպատակով վարժարանը հիմնած էր նաեւ «Սան մը որդեգրէ» ծրագիրը, որ նախորդ տարիներուն արձանագրած էր մեծ յաջողութիւն:

Այս տարուան բարեսիրական ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 14 Մարտ 2009-ի երեկոյեան, «Իլ Սիչիլիանօ» ճաշարանին մէջ: Ընթրիքին ներկայ էր եւ կը նախագահէր Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը:

Օրուան հանդիսավարն էր Արամ Գարատաղլեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, հրաւիրեց վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստը, փոխանցելու համար իր խօսքը:

Կ. Գալուստ մեծապէս ողջունեց բոլոր ներկաները՝ տարեկան այս ձեռնարկին իրենց ներկայութեան համար: Ան յատուկ կերպով ողջունեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, որ «իր ներկայութեամբ եկած է պատուելու մեզի եւ որ միշտ մօտէն կը հետեւի մեր կրթական հաստատութեան բոլոր գործունէութեանց՝ մեզի շնորհելով իր օրհնութիւնն ու աջակցութիւնը, տեւաբար մեզի խրախուսելով վարժարանի զարգացման ուղղուած բոլոր ծրագիրները անսայթաք յառաջ տանելու համար»: Կրեկուար Գալուստ ամենաջերմ ողջոյններ ուղղեց վարժարանի հաւատարիմ բարեկամներ եւ բարերարներ «Ռ. Պօղոսեան եւ որդիք» հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ անկեղծ բարեկամ եւ նուիրեալ բարերար Վարուժան Ներկիզեանին, «որ հակառակ անոր որ կը բացակայի երկրէն, սակայն սրտով միշտ մեր հետն է»:

 
Այնուհետեւ Կ. Գալուստ յատուկ ու ջերմ ողջոյններ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հեռաւոր Իտալիայէն ժամանած վարժարանի անկեղծ եւ
 
նուիրեալ բարեկամներ, ինչպէս նաեւ վարժարանի բարերարներ փրոֆ. Անճելօ եւ փրոֆ. Պարպարա Պոզիոներուն: Անցեալ տարի, ճիշդ այսպիսի ընթրիքի մը ընթացքին այս ազնիւ ամոլը հանդէս եկած էր անակնկալ յայտարարութեամբ մը. անոնք խոստացած էին աջակցիլ վարժարանի նոր մանկապարտէզի շինարարութեան: Ընդամէնը քանի մը ժամեր վերոյիշեալ ընթրիքէն առաջ, անոնք մասնակցած էին Մեսրոպեան նոր եւ արդիական մանկապարտէզի հիմնարկէքի արարողութեան:

Իր խօսքը շարունակելով՝ Կրեկուար Գալուստ նկատել տուաւ, որ «ասիկա սովորական ճաշկերոյթ մը չէ: Մեր տարեկան այս հանդիպումին նպատակը շատ յստակ է բոլորիս համար: Ամէն տարի ձեր մասնակցութեամբ մեր բարեսիրական ճաշկերոյթներուն, դուք կու գաք օգնելու մեր վարժարանի կարիքաւոր աշակերտութեան, հոգալու համար իրենց ուսումնական ծախսերը»: Այնուհետեւ ան իր խօսքին մէջ յիշեց, որ նախորդող տարիներուն, շնորհիւ առատաձեռն բարերարներու, վարժարանը կրցած էր ամբողջացնել իր պիւտճէական բացերը, իսկ այսօր՝ իբրեւ վարժարանի տնօրէն, Գալուստ խնդրեց բոլոր ներկաներէն զօրակցիլ հայ դպրոցին՝ չարտօնելով, որ անիկա իյնայ համաշխարհային տնտեսական տագնապի ազդեցութեան տակ:

Կ. Գալուստ փակելով իր խօսքը բարի վայելում մաղթեց բոլոր ներկաներուն:

Իտալական «Տի. Էմ. Էս. Օնլուս» բարեսիրական կազմակերպութեան նախագահ փրոֆեսէօր Անճելօ Պոզիօ խօսք առնելով շեշտը դրաւ յատկապէս մանուկներու դաստիարակութեան կարեւորագոյն առաքելութեան վրայ:

Բարեսիրական այս ճաշկերոյթին հանգանակուեցաւ 150 հազար ամերիկեան տոլար կազմող գումար մը, որ ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի վարժարանի կարիքաւոր սաներու կրթական ծախսերուն:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ