Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2013 - Ռոտնի Տաքէսեան արժանացաւ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մրցոյթի ա. մրցանակին

Պէյրութ

Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Գիտութեան Զարգացման Հիմնադրամին, Համաշխարհային Հայկական Գոնկրէսին եւ Ռուսաստանի Հայերու Միութեան կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ կազմակերպուած եւ մինչեւ 35 տարեկան երիտասարդ գիտնականներու վերապահուած  «Լաւագոյն Գիտական Աշխատանք»  2013-ի մրցոյթին արդիւնքները հրապարակուեցան 27 Սեպտեմբեր 2013-ին։ Մրցանքին «Սոցիոլոգիայի եւ Իրաւագիտութեան» առաջին մրցանակին արժանացած է Դոկտոր Ռոտնի Տաքէսեանին «1915-ին Հայերու դէմ  իրագործուած կոտորածի իրաւական հետեւանքները եւ անոնց լուծման հնարաւոր դատական եւ արտադատական մոդելը» ֆրանսերէն հատորը (Les effets juridiques des Massacres commises contre les Armeniens en 1915 et leurs modes de resolutions juridiques et extrajuridiques possibles)։

Նշենք որ 2013-ի մրցանակաբաշխութիւնը, որ նուիրուած է ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի 70 ամեակին, տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբերին՝ 70 ամեակի տօնակատարութեան օրերուն։

Armeniancatholic.org կայքի խմբագրութիւնը եւ աշխատակազմը կը շնորհաւորեն Դոկտոր Ռոտնի Տաքէսեանը եւ անոր կը մաղթեն նորանոր յաջողութիւններ եւ յարաճուն աշխատանք ի խնդիր Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտումին եւ Հայութեան արդար հատուցման։
 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ