Կիրակի, 12 Ապրիլ 2009 - Աւագ Ուրբաթ - Ս. Փրկիչ Եկեղեցի

Լիբանան

12 Ապրիլ 2009-ին, Աւագ Ուրբաթի արարողութիւնները տեղի ունեցան Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ: Յետմիջօրէին կատարուեցաւ Քրիստոսի թաղման թափօր: Մեծ թիւով հաւատացեալներ հետեւեցան թաղման թափօրին: Այս սրբազան արարողութեան ընթացքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ  Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը փոխանցեց հետեւեալ պատգամը:

Սիրելի եղբայրներ եը քոյրեր,

Այսօր՝ Աւագ Ուրբաթ օրը, Եկեղեցին կը յիշատակէ Քրիստոսի չարչարանքները եւ փրկագործ մահը: Քիչ առաջ, մարգարէներուն թուղթերը լսեցինք եւ խորհրդածութիւն ըրինք Քրիստոսի չարչարանքներուն մասին: Արարողութեան աւարտին, Քրիստոսի փառաւորուած խաչին առջեւ երկրպագութիւն պիտի կատարենք, մտածելով որ Եկեղեցին ծագում արած է Յիսուսի խոցուած կողէն: Ս. Յովհաննէս կ’ըսէ. «Զինուորներէն մէկը, տէգի հարուածով խոցեց Յիսուսին կողը եւ իսկոյն արիւն եւ ջուր հոսեցաւ» (Յովհ. 19,34): Ջուրը մկրտութեան խորհրդանիշն է եւ արիւնը՝ Ս. Հաղորդութեան խորհրդանիշը: Այս 2 խորհուրդները՝ Մկրտութիւնը եւ Ս. Հաղորդութիւնը, Եկեղեցւոյ հիմերը կը կազմեն:
«Հա՛յր, քու ձեռքդ կը յանձնեմ իմ հոգիս» (Ղկ. 23,46): Յիսուսի այս վերջին խօսքը կը յայտնէ յատուկ յարաբերութիւնը Յիսուսի եւ իր Հօրը միջեւ: Արդէն Գեթսեմանի պարտէզին մէջ, Յիսուս ողբերգական ձայնով աղաչած էր Հայրը որ իրմէ հեռացնէ տառապանքի բաժակը. ըսաւ. «Հա՛յր, եթէ կարելի է՝ հեռացուր ինձմէ այս բաժակը, սակայն ո՛չ ինչպէս ես կ’ուզեմ, այլ՝ ինչպէս դուն կ’ուզես» (Մտթ. 26,39): Յիսուս չէր ուզեր իր անձնական կամքը կատարել, այլ՝ Հօրը կամքին համակերպիլ: Եւ Յիսուս վերջ դրաւ իր սրտի այս պայքարին՝ ընտրելով որդիական հնազանդութեամբ իր Հօրը կամքը: Ներքսապէս, իբր մարդ, Յիսուս կ’ուզէր խոյս տալ ահռելի մահէն: Այս է իր աղաչանքին իմաստը՝ «Հայ՛ր, ինձմէ հեռացուր այս բաժակը», բայց անմիջապէս ետք, Յիսուս զսպեց այս բնական զգացումը ընդունելով իր Հօրը կողմէ պատրաստուած ծրագիրը մարդկութիւնը փրկելու համար եւ ըսաւ՝ «Սակայն ոչ ինչպէս ես կ’ուզեմ, այլ՝ ինչպէս դուն կ’ուզես»: Մենք ալ, շատ անգամ կը փափաքինք կատարել մեր կամքը՝ փախչելու համար նեղութենէ մը, բայց երբեմն ալ սիրով՝ եւ ոչ համակերպութեամբ միայն, կ’ընտրենք Աստուծոյ կամքը, Յիսուսի նման: Դիւրին չէ, կը հասկնամ, բայց Աստուծոյ պատրաստուած ծրագիրը կատարել՝ աւելի նպաստաւոր է մեզի եւ շատ անգամ ալ ուրիշներուն համար:
Խաչին չարչարանքները կը ցուցնեն որ Յիսուսին սէրը եղած է թէ՛ բոլոր ժամանակներու մարդոց համար եւ թէ՛ իր կատարեալ հնազանդութիւնը Հօրը հանդէպ: Խաչին վրայ Յիսուս կծկալի ճիչ մը արձակեց, որ կ’արտայայտէ անոր խոր ցաւը. «Աստուած իմ. ինչո՞ւ լքեցիր զիս» (Մտթ. 27,46): Այս բառերը կը կազմեն առաջին համարը 22-րդ սաղմոսին, որ Յիսուսին ցաւին զգացումները արտայայտիչ կերպով կը նկարագրէ: Յիսուս կը տառապի, որովհետեւ Հօրը ներկայութիւնը որ անկէ առաջ իրեն տեւական ուրախութիւն պատճառած էր, հիմա անզգալի դարձած էր, եւ կարծէք պարապութիւն մը եւ խոր լռութիւն մը ստեղծուած էր: Այս պարապութիւնը եւ լռութիւնը տպաւորութիւնը կու տան որ Յիսուս իրապէս լքուած է իր Հօրմէն:
Անշուշտ ասիկա լոկ տպաւորութիւն մըն է, որովհետեւ Հօր եւ Որդիին միջեւ բնաւ չէ եղած հեռաւորութիւն կամ բաժանում: Յիսուս յայտարարած էր, որ ինք եւ Հայրը լիովին միացած են, երբ ըսաւ. «Ես առանձին չեմ, որովհետեւ Հայրը ինծի հետ է» (Յովհ. 16,32): Յիսուս, այս խօսքը ըսաւ որովհետեւ արդէն գիտէր որ չարչարանքներուն ատեն իր աշակերտները զինք առանձին պիտի լքէին, բայց ապահով էր որ իր Հայրը բնաւ պիտի չթողուր զինք, այդ աստիճան որ ըսած էր նաեւ. «Ես եւ Հայրը մէկ ենք» (Յովհ. 10,30):
Նկատի պէտք է առնել որ 22-րդ սաղմոսը, որ կը սկսի ցաւի եւ լքումի բառերով կը վերջանայ յաղթանակով: Ուստի, ուր ցաւ եւ տառապանք կայ, կայ նաեւ ուրախ եւ յաղթական ելք:
Դժբախտաբար, կան շատեր մեր շրջանակէն, թերեւս մենք ալ, որոնք լաւ չեն ճանչնար զԱստուած ինչպէս որ է եւ ինչպէս զայն ճանչցած են բոլոր սուրբերը եւ հարազատ քրիստոնեաները, եւ հետեւաբար չեն յաջողիր զինք տեսնել խաչուած Յիսուսի մէջ: Շատեր կը փնտռեն տեսակ մը սէր եւ ազատութիւն, որոնք հեռու են Աստուծոյ տուած պատուէրներէն: Ինչպէս նաեւ շատեր կը կարծեն թէ հանգիստ ապրելու համար՝ Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ պէտք չունին: Անոնք չեն գիտեր որ Քրիստոսն է որ կրնայ պարգեւել իրենց այն հանգիստը զոր կը փնտռենք, այն ուրախութիւնը որուն կը ձգտին եւ այն միակ սէրը որ կրնայ լիացնել իրենց սիրտը եւ որուն ծարաւի են: Սիրելիներ, Յիսուսին լայնօրէն բանա՛նք մեր սիրտը: Յիսուս ինքն է ճշմարտութիւնը որ մեզ ազատ պիտի կացուցանէ: Խաչին վրայ մեռնելով, Յիսուս մեղքին յաղթեց եւ անով ազատագրեց բոլոր մեղաւորները որ իրեն հաւատքով կը դիմեն:
Յիսուսի Խաչին շնորհիւ, մարդիկ դարձած են իրարու հետ եղբայրներ եւ քոյրեր, դարձած են երկնային Հօր զաւակներ եւ Յիսուսի բարեկամներ: Այո՛, Յիսուս կ’ուզէ իսկական բարեկամ դառնալ մեզմէ ամէն մէկուն հետ: Բայց վայելելու համար իր անսահման սէրը՝ մեզմէ կախում ունի անոր մօտենալը: Այս է նպատակը որուն համար Յիսուս իր կեանքը զոհեց՝ որպէսզի մեզի ճանչցնէ Աստուած որպէս բարեգութ հայր եւ մեզ ազատագրէ մեր մեղքերէն:
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Յիսուսի չարչարանքներուն եւ խաչելութեան ու մահուան դիմաց՝ ինչպէ՞ս կարելի է անտարբեր մնալ: Եթէ ծունկի գանք խաչին առջեւ եւ լռութեամբ պահ մը խորհրդածենք անոր իմաստին մասին մեր կեանքին համար, շատ բաներ պիտի սորվինք: Պիտի սորվինք որ խաչը կեանքի եւ ոչ թէ մահուան աղբիւր է:
Խաչը է նաեւ արդարութեան եւ խաղաղութեան դպրոց: Ան մեզի կը սորվեցնէ ներել ուրիշներու յանցանքները եւ գութ ունենալ տկարներուն հանդէպ: Մեզի կը սորվեցնէ նուիրուիլ ուրիշներուն ցաւերը մեղմացնելու համար: Դժբախտաբար՝ շատեր չեն հասկնար այս լեզուն, որովհետեւ տակաւին չճանչցան Աստուծոյ անսահման սէրը իրենց հանդէպ: Յիսուս, կ’ըսէ Ս. Պետրոս. «Իր մարմինով մեր յանցանքները քամեց խաչին վրայ, որպէսզի մենք ազատինք մեր յանցանքներէն եւ ապրինք արդարութեան համար» (Ա. Պետր. 2,24): Այս է Աւագ Ուրբաթ օրուան խորհուրդը: Խաչին շնորհիւ՝ Փրկիչը մեզ Աստուծոյ որդեգիր զաւակներ դարձուց, Ան որ մեզ ստեղծած էր իր պատկերին եւ նմանութեան համեմատ: Կ’արժէ, ուրեմն, երկրպագութեան երկար պահեր անցնել Ս. Խաչին առջեւ:
Խաչի վրայէն Յիսուս մեզի կը կրկնէ այս գիշերը հետեւեալ անոյշ խօսքերը, զոր Եսայի մարգարէ դարեր առաջ ըսած էր. «Ո՛վ ծարաւածնե՛ր, ջուրերուն եկէ՛ք: Եւ դրամ չունեցողնե՛ր, եկէ՛ք առանց դրամի եւ ձրի գինի եւ կաթ առէ՛ք» (Ես. 55,1) այսինքն ձրիօրէն ամէն տեսակ բարիք առէք: Յիսուս կ’ըսէ՝ Ձեզի համար կողիս մէջ վէրք բացուեցաւ, ուրկէ հոսեցան արիւն եւ ջուր.  «Ճաշակեցէք եւ տեսէք թէ որքան քաղցր է Տէրը» (Սղ. 34,8): Նոյնիսկ ան որ չունի դրամ տալիք, այսինքն՝ ան որ վաստակ չունի, ան որ ինքզինք անարժան եւ մեղաւոր կը սեպէ, ան որ աղօթելու իսկ կարողութիւն չունի՝ ասոնք բոլորը՝ թող •ան: Միայն մէկ բան ձեզմէ կը խնդրեմ՝ կ’ըսէ Յիսուս, ձեր ծարաւը եւ ձեր փափաքը: Չըլլայ թէ դուք զձեզ բոլորովին կուշտ զգաք, ինքնաբաւ զգաք: Ձեզմէ կը խնդրեմ՝ որ հաւատաք որ կրնամ ձեզի տալ այն ինչ որ օգտակար է ձեզի համար:
Խաչին մօտ կեցած էին Աստուածամայրը եւ աշակերտը զոր Յիսուս կը սիրէր՝ Յովհաննէսը, առաքեալներուն մէջ ամէնէն երիտասարդը: Ան է որ, վերջին ընթրիքի ժամանակ, իր գլուխը դրած էր Յիսուսին կուրծքին վրայ: Այսօր ալ, Յիսուս կը կոչէ իր մօտ քաջ երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ, որոնք պատրաստ են վկայելու անվախ կերպով իրենց հաւատքը, որոնք տրամադիր են նուիրուելու Եկեղեցւոյ գործին եւ դառնալու այս դարուն մէջ՝ Աւետարանի առաքեալներ Ս. Պօղոսի նման. երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ, որոնք պատրաստ են ամէն ինչ ձգելու՝ նուիրուելու համար քահանայութեան կամ կրօնաւորական կեանքին: Երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ, որոնք իրենց կորովը եւ համոզումը կը քաղեն խաչեցեալ Յիսուսէն եւ քաջաբար կը համապատասխանեն անոր կոչին, ինչպէս կը յորդորէ Եբրայեցիներուն ուղղուած թուղթը, երբ կ’ըսէ. «Այսօր եթէ լսէք անոր ձայնը, մի՛ կարծրացնէք ձեր սիրտը» (Եբր. 3,15): Եկեղեցին պէտք ունի նմանօրինակ համոզուած երիտասարդ երիտասարդուհիներուն, որոնք չեն յուսահատիր մեծ կամ պզտիկ առօրեայ դժուարութեան առջեւ, որովհետեւ իրենց յոյսը դրած են ամենակարող եւ յաղթական Յիսուսի վրայ եւ ոչ թէ իրենց տկար եւ սահմանեալ ուժերուն վրայ:
Յովհաննէս աւետարանիչը կը յիշէ Աստուածամօր ներկայութիւնը Գողգոթայի վրայ: Քրիստոնեայ բարեպաշտութիւնը միացուցած է Մարիամին չարչարանքները Յիսուսի փրկագործ չարչարանքներուն հետ: Ոմանք կը ցուցնեն Աստուածամայրը իր ծունկերու վրայ դրած իր զաւկի անշունչ մարմինը, եւ զայն կը կոչեն «ցաւագին մայրը»: Մարիամի ցաւին խոր եւ սաստիկ արտայայտութիւնը կը հայի ոչ միայն իր զաւկին մահը, այլ նաեւ եւ մանաւանդ՝ մարդոց կորուստը սխալ ճամբաներով եւ անոնց գործած մեղքերը, որոնցմէ չեն ուզեր բաժնուիլ եւ որոնց համար իր անմեղ որդին իր կեանքը զոհեց, մինչեւ արեան վերջին կաթիլը: Մարիամ կը ցաւի եւ կու լայ այն բոլոր անձերու համար, որոնք ապարդիւն կը դարձնեն Յիսուսի զոհաբերութիւնը: Մարիամի դէմքին վրայ կարելի է տեսնել նաեւ բոլոր այն մայրերը, որոնք լացած են իրենց մահացած զաւակները եւ անմխիթար մնացած են: Սակայն այս տեսարանը պէտք չէ արտայայտէ լոկ մարդկային զգացում մը վշտակիր մօր մը հանդէպ կամ յուսահատութիւն, այլ՝ մեր տեսութիւնը պէտք է ուղղուի հաւատքով յարութեան յաղթանակին: Այս ձեւով, կարելի է հասկնալ Քրիստոսի սիրոյ մեծութիւնը եւ Աստուածամօր մասնակցութիւնը անոր չարչարանքներուն եւ մահուան ցաւին:
եղբայրնե՛ր, խաչելութեան առջեւ ծնրադրած , բարձրացնե՛նք մեր սրտագին աղօթքը Յիսուսին եւ խոստանա՛նք անոր որ իր թափած արիւնը մեզի համար ապարդիւն պիտի չմնայ: Խոստանա՛նք անոր որ պիտի վկայենք իր խօսքին, եւ մեր ապրելակերպով հաւատարիմ պիտի մնանք Ս. Աւետարանին:
Ո՜վ Քրիստոս Յիսուս, տո՛ւր մեզի քաջութիւնը ճանչնալու մեր յանցանքները, որոնք պատճառ եղան քու չարչարանքներուդ եւ մահուանդ: Տո՛ւր մեզի քաջութիւնը չամչնալու քու խաչէդ եւ չգայթակղելու մեր եւ ուրիշներուն առօրեայ խաչերէն: Տո՛ւր մեզի ոյժը քու փառաւոր յարութեանդ ուրախ լուրը սփռելու մեր շրջանակէն ներս, որպէսզի մարդոց սրտին մէջ Դո՛ւն ցանես խաղաղութիւն, ուրախութիւն եւ սէր: Զայս քեզմէ կը խնդրենք, յատուկէն այս գիշերը, բոլոր ներկաներուն հետ, ո՜վ Յիսուս, Դո՛ւն որ մեռար խաչին վրայ մեր մեղքերուն համար, բայց յարութիւն առիր երրորդ օրը մեր փրկութեան համար. Ամէն: 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ