Հինգշաբթի, 17 Յուլիս 2008 - Ամեն. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Մասնակցեցաւ Գերիներու Ընդունելութեան Պաշտօնական Արարողութեան

Լիբանան

 
Չորեքշաբթի 17 Յուլիս 2008ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը մասնակցեցաւ Լիբանանցի գերիներ՝ Սամիր Քանթար եւ իր 4 ընկերներու ընդունելութեան պաշտօնական արարողութեան Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ:

Ընդունելութեան ներկայ էին Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերը, կառավարութեան, քաղաքական կուսակցութեան ղեկավարներ եւ հոգեւոր պետեր:

Լիբանան անգամ մը եւս պատմական օր մը ապրեցաւ, երբ Դիմադրութեան եւ Իսրայէլի միջեւ տեղի ունեցաւ գերիներու փոխանակում մը, որ Դիմադրութեան կողմէ կոչուեցաւ «Ռատուան» գործողութիւն եւ այսպիսով Լիբանան վերադառձան Դիմադրութեան բոլոր գերիները:

Իր կարգին, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը  բարի վերադարձ մաղթեց 5 գերիներուն, նկատելով անոնց ազատ արձակումը յաղթանակ՝ բոլոր Լիբանանցիներուն համար:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ