Պէյրութ
Երէկ` հինգշաբթի, 27 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7-ին, Պէյրութի Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Ժանեթ Եափուճեանի ցուցահանդէսի բացումը` հովանաւորութեամբ նախկին նախարար մեթր Ժաք Չուխատարեանի: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին արուեստագէտներ, ուսանողներ եւ արուեստասէրներ:
Բացման խօսքը արտասանեց ցուցասրահի վարչութեան անդամ, արուեստագէտ Միսաք Թերզեան, որ անդրադարձաւ Ժանեթ Յակոբեան- Եափուճեանի արուեստի ներաշխարհին եւ անոր գործունէութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ մեթր Չուխատարեանին` այս ձեռնարկի հովանաւորութեան ստանձնման համար:
Ապա խօսք առաւ արուեստագէտը եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին այս ցուցահանդէսի կազմակերպման` նշելով, որ ինք իր գեղանկարներուն ճամբով փորձած է խօսիլ արուեստասէրին հետ: Յայտնենք, որ ցուցադրութեան դրուած են տարբեր չափի 25 իւղաներկեր: Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 13 հոկտեմբեր, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30: